«Զարթօնք» Հայրենիքի Մէջ – 34 –
Զրոյցը վարեց՝ ՔՐԻՍԹԻՆԱ ԱՂԱԼԱՐԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երեւանի Աշխատակից
Տարիներ առաջ դժուար էր պատկերացնել, որ Հայաստանի վերջին մայրաքաղաք Երեւանի օդանաւով 30 վայրկեանէն կը հասնիս առաջին մայրաքաղաք՝ Վան։ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորութեամբ մեկնեցաւ Արեւմտեան Հայաստան, նպատակ ունենալով՝ յաջորդ համահայկական խաղերը սկսելու Վանէն եւ տեղափելու Երեւան։ Համահայկական խաղերը իւրատեսակ գործիք մըն է համախմբելու աշխահի տարբեր վայրերու մէջ գտնուող հայերը, նաեւ Թուրքիոյ մէջ, ուր հայերէն շատերը կորսնցուցած են իրենց ինքնութիւնը, չեն խոստովանիր իրենց հայկական արմատներու մասին եւ այլն։ Վանի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը դիմաւորած էին Վանի քաղաքային իշխանութեան դէմքերը, ապա պաշտօնական ընդունելութիւն կազմակերպած քաղաքապետարանէն ներս։ Պատուիրակութեան կազմէն ներս ի թիւս շատերու, ներգրաուուած էր նաեւ ֆրանսահայ գրող, հրապարակախօս Յակոբ Պալեանը, որուն հետ զրոյցը այս ճամբորդութեան ու պատմական հայրենիքի մասին անմոռանալի տպաւորութիւններու մասին է։ Նշենք, որ Իշխան Զաքարեանը պաշտօնապէս հրաւիրեց հայկական քաղաքներու նորօրեայ քաղաքապետերը՝ մասնակցելու Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու հանդիսաւոր բացման։
Համահայկական խաղերու խորհրդանշական երեք ջահ վառած են այս անգամ: Մէկը՝ Արեւմտեան Հայաստանի՝ Մուսայ լերան ստորոտին, երրորդը՝ Խոր Վիրապի մէջ, իսկ երրորդը Արցախի՝ Տիգրանակերտի մէջ:
Օգոստոս 6-ին՝ Համահայկական 7-րդ խաղերուն հանդիսաւոր բացման օրը, անոնք պիտի միանան Ստեփանակերտի մէջ՝ խորհրդանշելով Հայաստանի Հանրապետութիւն- Արցախ- Սփիւռք ամբողջութիւնը։
Համահայկական 7-րդ խաղերը տեղի պիտի ունենան Օգոստոս 5-17-ը: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի է պիտի ունենայ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ:
Ստորեւ կը ներկայացնենք «Զարթօնք»-ի հարցազրոյցը պարոն Յակոբ Պալեանի հետ։
-Պարոն Պալեան, շնորհակալ եմ հարցազրոյցի հրաւէրը չմերժելու համար։ Այս անգամ մեր զրոյցի թեման պատմական հայրենիք՝ Արեւմտեան Հայաստան կատարած Ձեր տպաւորիչ ճամբորդութեան մասին է։ Նախ կը խնդրեմ եւս մէկ անգամ ներկայացնէք ճամբորդութեան առիթը, ո՞վ կազմակերպած էր, ապա աւելի մանրամասն կը խօսինք տպաւորութիւններու մասին։
-Թէեւ, ընթերցողները տեղեակ են ճամբորդութեան մասին, սակայն կ’ուզեմ մի քանի հարցերու մասին խօսիլ։ Շատ տպաւորիչ ճամբորդութիւն մըն էր, որ կազմակերպուած էր Համահայկական խաղերուն առիթով, որպէսզի այնտեղէն քաղաքապետութիւններ հրաւիրեն։ Գացինք, տեսակցեցանք։ Մենք մասնակցեցանք այդ ճամբորդութեան, որ շատ տպաւորիչ էր եւ որուն համար պարտական ենք ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանին, որ ըսած էր, թէ օր մը միասին պիտի երթանք եւ առիթը ընծայեց։ Նախ ըսեմ, որ առաջին անգամն էր, որ այստեղէն՝ Երեւանէն, օդանաւ գնաց Արեւմտեան Հայաստան եւ այդ տարօրինակ զգացումը մը ունեցայ, երբ իմացայ, որ այստեղէն Վան օդանաւով կէս ժամ է, դրկից ենք, հեռու տեղ չէ։ Ձայնը ականջիս մէջ է, երբ օդանաւի մէջ թռիչքէն առաջ ըսաւ կ’երթանք Հայաստանի վերջին մայրաքաղաքէն առաջին մայրաքաղաք՝ Վան։ Կը նշանակէ, որ անով գծուեցաւ պատմութեան ամբողջ շղթան։ Երբ կը հասնիս Վան, Վանայ ծովակը կը պարզուի աչքիդ առջեւ, այսօրուայ Հայաստանի տարածքի 1/10-րդն է Վանայ ծովակը։ Յուզիչ էր տեսնել Ախթամարը։ Այնտեղ ալ առաջին հոգեբանական ցնցումը, որ ունեցանք այն էր, որ նաւավարը ծագումով հայ էր, բայց չէր ընդուներ իր հայ ըլլալը։ Ես կը խորհէի, որ Ախթամարը փոքրիկ կղզեակ է, երբ նաւով շրջեցանք, տեսայ, որ հսկայական տարածք է, մայրաքաղաք եղած է, իսկ տաճարը փոքրիկ գոհար է։ Գացինք եկեղեցի, Պոլիսէն երգչուհի Սիպիլը եկած էր, իրեն խնդրեցի, որ երգէ, անիկա խորհուրդ էր։ Ես կը զգայի, որ այնտեղ զբօսաշրջիկի պէս պէտք չէ երթամ, որովհետեւ կարծես ինքզինքդ կը ցաւցնես այնտեղ երթալով, կորսնցուցածի հոգեբանութեամբ։ Ամբողջութեամբ շրջեցանք, գացինք Սիս, բերդերը, գացինք Ատանա, անցանք ճամբաներով, որոնց հայկական անուանումները փոխուած էին։ Այս ամէնը մէջդ կ’արթնցնէ այն հզօր զգացումը, որ այդ ամէնը քուկդ է, քեզմէ յափշտակած են։ Երբ հասանք Մուշ, այդ զգացումները կրկնապատկուեցան, քանի որ այնտեղ տեսանք հայեր, որոնք հայկական անուններ ունին, բայց իսլամացած են։ Աւելի հետաքրքրական էր, երբ մէկուն հարցուցի՝ տան մէջ որեւէ տեղ պահուած հայկական գիր-գրականութիւն կա՞յ, ըսին՝ չէինք կրնար պահել, քանի որ կը խուզարկէին։ Երբ կինս հարցուց՝ դուն կ’ուզե՞ս վերադառնալ ազգութեանդ, կրօնքիդ, աչքերնին լեցուած ըսին՝ ինչո՞ւ ոչ, այո։ Մենք այս հայութեան խնդիրներով զբաղելու խնդիրի առջեւ կանգնած ենք։ Եթէ մենք տէր չըլլանք, իրենք իրենց տէր չըլլան, այդ յիշատակն ալ կը կորսնցնենք։
– Ինչպէ՞ս պէտք է տէր ըլլանք։ Կը պատմէ՞ք Ձեր տպաւորութիւններու մասին։
– Շատ պարզ։ Պայմաններ պէտք է ստեղծել այդ մարդոց, որ կարենան Հայաստան գալ-երթալ, որպէս զբօսաշրջիկ, երբեմն ազգականներու մօտ եւ այլն։ Ինչո՞ւ մարդիկ տարին մի քանի անգամ չերթան Մուշ, այնտեղ հայկական ակումբ կայ, այցելեն, հայերէն խօսին։ Պէտք է այս ամէնը իրականացնել, չնայած որ այսօր Հայաստանը այդ լայն միջոցները չունի։ Այդ միջոցները պէտք է ստեղծել։ Սա ոչ միայն Մուշի համար, այլ բոլոր քաղաքներու։ Պէտք է նշեմ, որ այնտեղի հայերու մօտ երկուութիւն կայ։ Իրենք կ’ըսեն՝ մենք ոչ եկեղեցիին կը պատկանինք, ոչ մզկիթին, ոչ անոնք մեզ կ’ընդունին, ոչ դուք։ Անոր համար ես կ’ըսեմ, որ ասիկա տէր ըլլալու հարց է։ Եթէ մենք ազգովի՝ Հայաստան ու Սփիւռքներ, կրցանք այս մարդոց նուազագոյն գիտակցութիւն ներշնչել, ոմանք կու գան Հայաստան։ Երբ կը խօսին արտագաղթող թուրքերու մասին, անոնց մէջ հայեր ալ կան։ Հրաշք չկայ, պէտք է հնարաւորութիւններու չափով այս հարցով զբաղիլ։ Այս ամէնը բեմերէն ճառեր ըսելով չ’ըլլար, Ազգային ժողովին ճառեր ըսելով չ’ըլլար, ասիկա կը պահանջէ գործ, կազմակերպուածութիւն, ներդրում։ Երբ գացինք նախկին Մուսալեռ, այնտեղ մարդիկ հաւաքուեցան մէկ մասը հայախօս, մէկ մասը թրքախօս, միասին ճաշեցինք, երեկոյեան հաւաքուեցան մատաղ ըրին։ Երբ մուսալեռցի կնոջ մը հարցուցի՝ ո՞ւր է ձեր աւանդական հիւրասիրութիւնը, պանիրով հացը, կինը, որը սգաւոր էր, գնաց 50-60 հոգիի համար պանիրով հաց պատրասեց։ Յետոյ հաւաքուեցան, երգեցին, մարդիկ եկան, Պոլիսէն եկած հարս կար, հայը հայու հետ ամուսնացածներ կային եւ այլն։ Անոնցմէ մէկը խոստովանեցաւ, որ շատ դժուար է այս դրօշակի տակ ապրիլը։ Ի դէպ՝ Հալէպէն գացած այնտեղ հաստատուած մարդ կար։ Մարդիկ կ’ըսեն՝ մենք այս հողը չենք լքեր, եկեղեցի ունին, քահանայ ունին, իրենց բակը ունին։ Ասիկա կը նշանակէ, եթէ վարչակարգը թոյլ տայ, այդ մարդիկ կրնան տարածուիլ։ Այս ճամբորդութեան նպատակը այն էր, որ համայակական խաղերուն ջահը պէտք է բերեն ոչ թէ Աթէնքէն, այլ՝ Մուսալեռէն։ Խումբ մը այնտեղ քարքարոտ տեղ բարձրացաւ, ուր Մուսալերան պաշտպանութեան օրերու ընթացքին գերեզմաններ եղած են, մարդիկ զոհուած են։ Այդ գերեզմանները կոտրուած, փշրուած էին, բայց հայկական ներկայութիւնը կար։ Գացինք Արածանիի եզերքը, ուր կար Սուլուխի կամուրջը, այնտեղ զոհուած է Գէորգ Չաուշը։ Արամ Ա. կաթողիկոսը Նարեկ տուած էր, որպէսզի անոր գերեզմանին դնէինք։ Գերեզմանները քանդուած էին, մէկ-երկու հայերէն գիրեր մնացած էին։ Երբ կը տեսնես Արածանի գետը, որ քուկդ չէ, անհանգիստ կ’ըլլաս։ Երբեմն կ’ըսեմ՝ պէտք չէ երթալ այնտեղ, ի վերջոյ անիկա սեփական անձը չարչարելու կը նմանի։ Գացինք Իգդիր, անիկա մեր յիշողութեան մէջ հռչակաւոր քաղաք է, որովհետեւ այնտեղ ծնած է Աւետիս Ահարոնեանը, Դրոն։ Այդ քարերը կը խօսէին, մարդոց մէջ հայեր կային, բայց ինչպէ՞ս գտնել, ինչպէ՞ս հայացնել զիրենք։ Ես յաճախ կ’ըսեմ՝ իրարու դէմ պայքարելու փոխարէն, մենք պէտք է զբաղինք այնտեղ գտնուող իւրաքանչիւր հայով։ Մենք նաեւ համրանքի կարիք ունինք, քանի որ եթէ կ’ըսեն Մուշի մէջ 100 հազար հայ կար, կը նշանակէ՝ մենք այդքան կորուստ ունինք։ Երբ կ’ըսեն շրջանի մէջ 500 եկեղեցի եղած է, մէկ հատ չկայ հիմա։ Ասոնք բոլորը հարցեր են։ Առաւօտ շուտ հասանք Կարս։ Ակադեմիկոս Աշոտ Մելքոնեանի եւ Պատմութեան բաժանմունքի ղեկավար Էդիկ Մինասեանի հետ առաւօտ շուտ գացինք տեսնելու եկեղեցին, որ վերածուած էր մզկիթի։ Ասիկա անհանգստութիւն կը պատճառէ, մտածողը ջղային կը դառնայ։ Եթէ քեզ տունէդ դուրս դնեն եւ դուն մայթէն նայիս տանդ, ջղագար կը դառնաս։ Այստեղ ազգը տունէն դուրս դրած են։ Երբ կ’երթաս Անի, եկեղեցիները կան, հայու հետքը կրող քարերը կան ու ահաւորը այն է, երբ կը մօտենաս եզերքին, Ախուրեանը կը տեսնես, եթէ քար նետես միւս կողմ ներկայ Հայաստանն է։ Միջազգային համայնքը պէտք է միջամտէ, որ Անին վերադարձուի Հայաստանին, որպէսզի այդ մնացած քարերը խնամուին, ազգային հաւաքական յիշողութիւնը պահուի։ Թուրքի համար այդ քարերը բան չեն նշանակեր, չեն գիտեր անգամ ո՞վ կառուցած է։ Կը կարծեմ՝ այսքան անարդարութիւնը շատ է մեր ժողովուրդի համար։ Այս անարդարութիւնը վերականգնելու համար մենք իրապէս հզօրութեան կարիք ունինք։