ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿ ՓԱՐԻԶԻ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ (Յունուար 1919 – Յունուար 1920) ԵՒ ՓԱՐԻԶԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ (24Փետրուար – 22 Ապրիլ 1919)

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Ամերիկացի ժողովուրդին կամքն է, որ ես ապահովեմ հայոց անկախութիւնը եւ պաշտպանեմ անոնց իրաւունքները»։

ՆԱԽԱԳԱՀ ՈՒՈՒՏՐՕ ՈՒԻԼՍԸՆ 

Սակայն Միացեալ Նահանգաց Ամերիկայի նախագահին գծած Միացեալ Հայաստանի քարտէսը մնաց թուղթի վրայ եւ չիրագործուեցաւ։

Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովը

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.-  Ուղիղ հարիւր տարիներ առաջ հայ ժողովուրդի ճակատագիրը կարծէք պայծառանալու յուսատու ճամբու եզրին վրայ կը գտնուէր կատարուած ահաւոր գաղթէն ու Ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք։ Առիթը շատ ձեռնտու էր քանի Փարիզի Միջազգային Խաղաղութեան վեհաժողովը կը գումարուէր նոյն ատեն ու մասնակի կերպով անոր պիտի ենթարկուէին նաեւ հայկական հարցն ու անոնց լուծումը պետական մակարդակի վրայ։

            Համահայկական քաղաքական շահերը միջազգային գետնի վրայ զգալի դարձնելու համար, Հայ ազգային պատուիրակութեան հիմնադիր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գէորգ Ե. Սուրէնեանց Կաթողիկոսի գիտութեամբն ու օրհնութեամբը, Պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշա համագումար մը հրաւիրեց Փարիզի մէջ, որուն բացումը կատարուեցաւ 1919 Փետրուար 24-ին եւ տեւեց երկու ամիս, մինչեւ Ապրիլ 22։ Յատուկ մտադրութեամբ անշուշտ Հայկական համագումարը կը զուգադիպէր Խաղաղութեան վեհաժողովին՝ կարելի ակնկալութիւններով։

            Վեհաժողովը տեւած է լման տարի մը, 1919 Յունուար 18-էն մինչեւ 1920 Յունուար 21, գլխաւոր նպատակ ունենալով Համաշխարհային Ա. Պատերազմին պարտուած պետութիւններուն հետ հաշտութեան պայմանագիր մշակել։ Հաշտութեան հիմնական պայմանները վճռուեցան Միացեալ Նահանգաց Ամերիկայի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի, Ֆրանսայի վարչապետ Քլեմանսոյի, եւ Անգլիոյ վարչապետ Լոյտ Ճորճի ստորագրութեամբ։ Վեհաժողովը անպայման նկատի պէտք է ունենար ատկէ երկու տարի առաջ ցարական Ռուսական կայսրութեան անկումն ու երեք տարիներու անորոշ վիճակը, որմէ ետք Սովետական Միութիւնը հռչակուեցաւ։

            Ժողովին չէր հրաւիրուած 1918 թուի նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեան, որուն փոխարէն Հայկական համագումարը կոչ ուղղեց համահայկական ժողովի՝ աշխարհի չորս կողմերէն ժամանած ներկայացուցիչներով, խմբագրելու համար յուշագիր մը հայկական պահանջքներուն վերաբերեալ զայն Փարիզի Խաղաղութեան վեհաժողովին ներկայացնելու համար։

 

Հայկական համագումարը 

            Փարիզի Հայկական Համագումարը միացեալ ճակատով ներկայացաւ Վեհաժողովին, այսինքն Ազգային պատուիրակութեամբ եւ Հայաստանի 1918 թուի նորահաստատ Հանրապետութեան անունով՝ Նախագահ Աւետիս Ահարոնեանի ներկայութեամբ։ Պօղոս Նուպար եւ Նախագահ Ահարոնեան միասին ստորագրեցին 1919 Փետրուար 12 թուակիր յուշագիրը եւ զայն Փարիզի Վեհաժողովին ներկայացուցին որուն մէջ Ահարոնեան կը բացատրէր հայկական հարցը Կովկասի առնչութեամբ, իսկ Պօղոս Նուպար՝ Թուրքիոյ հայկական նահանգներու վերաբերմամբ։ Երկուքն ալ կ’առաջարկէին ամբողջական Հայաստանի վերականգնումը։

            Հայկական համագումարին մասնակցեցան 40 ներկայացուցիչներ տասը երկիրներէ՝ Ամերիկա, Անգլիա, Ֆրանսա, Եգիպտոս, Կ. Պոլիս, Իտալիա, Կովկաս, Պարսկաստան, Պուլկարիա եւ Ռումանիա։ Կ. Պորսոյ ներկայացուցիչներն էին Եղիշէ Արքեպիսկոպոս Դուրեան, Գաբրիէլ Նորատունկեան եւ Փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեան։

 

Փետրուար 12-ի յուշագիրը

            Հայկական պատուիրակութեան ներկայացուցած յուշագիրը կը պահանջէր հետեւեալ չորս խնդիրներու նկատառումը.

  1. Ճանաչում հայ անկախ պետութեան՝ վեց նահանգներով, որոնց վրայ պիտի աւելնային Տրապիզոնը, Կիլիկիան եւ Կովկասեան Հայաստանի հողերը։
  2. Նորահռչակ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի դրուի դաշնակից պետութեանց եւ Միացեալ Նահանգաց Ամերիկայի երաշխաւորութեան տակ։
  3. Փարիզի վեհաժողովը պաշտօն պիտի տայ պետութիւններէն մէկուն օժանդակելու Հայաստանի Հանրապետութեան նուազագոյնը 20 տարուան փոխանցման շրջանի մը համար։
  4. Վեհաժողովը պէտք է որոշէ հատուցում կատարել տայ դարմանելու համար հայ ազգին կրած անհաշուելի կորուստները։

 

            Յուշագիրը սակայն դրական ընթացք չստացաւ որովհետեւ դաշնակից պետութիւնները իբր թէ զբաղած էին պարտուած Գերմանիոյ նկատմամբ ըլլալիք խնդիրներով, այն ալ լման տարի մը։ Հայկական Համագումարը միաձայնութեամբ փափաք յայտնած է որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները նշանակուէր որպէս հոգատար Հայաստանի, որուն համար Ամերիկայի նախագահ Ուիլսըն յայտնած է իր տրամադրութիւնը Պօղոս Նուպարին եւ նախագահ Աւետիս Ահարոնեանին առանձին տեսակցութեան մը ընթացքին, իբրեւ թարգման ունենալով Փրոֆ. Աբրահամ Տէր Յակոբեանը։ Ամերիկայի նախագահը ըսած էր անոնց թէ «Ամերիկեան ժողովուրդին կամքն է որ ես ապահովեմ հայոց անկախութիւնը եւ պաշտպանեմ անոնց իրաւունքները»։

 

Հայկական համագումարի փակումը

            1919 Ապրիլ 22-ին Հայկական համագումարը իր վերջին նիստի փակման կոչ մը ուղղեց դաշնակից պետութեանց հայ ժողովուրդի անկախ հայրենիքի մը ապահովութեան ի նպաստ, խնդրելով անոնցմէ որ իրենց ձայնը բարձրացնեն Վեհաժողովին մէջ հայկական հարցին լուծումը փութացնելու համար։ Հակառակ Ամերիկայի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի անկեղծութեան եւ միջամտութեան, իր կառավարութիւնը համաձայն չեղաւ իր ծրագիրներու հետապնդումին եւ հայկական հոգատարութեան գործը մնաց անհետեւանք։ Իսկ Ուիլսընի գծած Միացեալ Հայաստանի տժգոյն քարտէսը մնաց թուղթի վրայ եւ չիրագործուեցաւ։

            1920 թուի Ամերիկայի նախագահական ընտրութեանց ատեն Ուիլսընի հակառակորդ Հանրապետական կուսակցութիւնը ընտրեց իր թեկնածուն, եւ Ծերակոյտը մերժեց «Եւրոպայի գործերուն միջամտել» իր 31 Մայիս 1920 թուակիր որոշումով։ Այս կերպ Ուիլսընի ծրագիրները չգործադրուեցան, որոնց մէկ մասն էր Հայաստանի հոգատարութիւնը եւ «ծովից ծով» Հայաստանի քարտէսը։ Աւելին՝ Ամերիկայի Ծերակոյտը յայտնեց նաեւ, թէ Ռուսական Հայաստանի իրաւական տէրն էր Ռուսիան, իսկ թրքական Հայաստան կը մնար անտերունջ եւ ամայի։

 

Անմիջական երկու հետեւանքներ

            Փարիզի Միջազգային վեհաժողովը լման տարի մը ենթադրաբար զբաղեցաւ օրուան քաղաքականութեամբ, եւ սակայն երկու անմիջական եւ անակնկալ վերիվայրումներ եկան Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը ցնցելու։ Նախ Հայաստանի Հանրապետութեան շատ կանխահաս անկումը, միայն երկու եւ կէս տարիներու տեւողութենէ ետք (1918-1921), եւ ապա Պոլշևիկներու Սովետական կարգերու անբնական եւ ուժեղ ներկայութիւնը մինչեւ Կովկասի հարաւային դարպասները, ներառեալ Հայաստանը։ Այստեղ հարց կը ծագի թէ Փարիզի Վեհաժողովը որքա՞ն լրջութեամբ եւ մտահոգութեամբ զբաղեցաւ 1917-ի ռուսական յեղափոխութեամբ ցարական Ռուսական կայսրութեան Ռոմանովներու անկեալ անակնկալ վիճակով, եւ կամ չնախատեսե՞ց Պոլշևիկներու հիւսիսէն գալիք հոսանքն ու յեղաշրջումը։ Վեհաժողովն անգամ խաղալիք դարձաւ օրուան խառնաշփոթ քաղաքականութեան, ներառեալ Քեմալական Թուրք Հանրապետութեան հռչակումն ու յառաջխաղացքը դէպի անտերունջ Հայաստան։

            Այստեղ յիշելու ենք որպէս պատասխան վերեւի հարցումներուն որ վերջին երկու Ռոմանով ռուս կայսրերուն՝ Նիկոլա Բ.-ի եւ եղբօր Միքայէլ Ռոմանովի զիրար յաջորդող հրաժարականներէն ետք, 1917 Մարտ 15-ին Ժամանակաւոր կառավարութիւն մը ստեղծուեցաւ Գ. Ե. Լվովի վարչութեամբ, որ տակաւին կը ձգտէր վերադարձնել Ցարական կայսրութիւնը՝ օժանդակութեամբ դաշնակից նոյն պետութեանց՝ Ամերիկայի, Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի, որոնք «ի դէմս Ժամանակաւոր կառավարութեան տեսան իրենց եռանդուն դաշնակիցը եւ շտապեցին ճանչնալ զայն»։

            Այս սակայն երբեք չկասեցուց յեղափոխութեան ուժը, մանաւանդ Պետերբուրգի եւ Մոսկուայի մէջ, ուր վճռական նշանակութիւն ունեցաւ բանուորներու յաղթանակը, երբ Փետրուար 28-ին անոնք Մոսկուայի մէջ գրաւած էին Քրեմլինը, զինանոցը, կայաններն ու դրամատուները։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *