Տեսանկիւն. Սխալ Դաստիարակութեան Զոհ Մը Եւս Կամ Պրէօվէի Մահացու Քննութիւնը

15-ամեայ պատանի  մը, Հինգշաբթի գիշեր, անձնասպանական փորձ կատարած է՝ իմանալէ ետք  լիբանանեան պրէօվէի քննութիւններուն արդիւնքները, որուն մէջ, ըստ երեւոյթին, ինք յաջողութիւն չէր արձանագրած։ Պատանին ծանր վիճակով տեղափոխուած է հիւանդանոց։

Հիւանդանոցէն հաղորդուած նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ պատանին գլուխէն ծանր վնասուածք ստացած էր եւ տեղադրուած էր անմիջական հսկողութեան տակ։

Որո՞ւն մեղադրել: Կեանքի փորձառութեան պակասը ունեցող պատանեկան յանկարծակի մղումի զոհ անչափահաս պատանի՞ն: Ծնո՞ղքը: Դպրո՞ցը: Ուսուցիչնե՞րը, թէ լիբանանի կրթական համակարգն ու անոր նիշակեդրոն (grade oriented/exam oriented) իրավիճակը:

Ստացուած նիշը եւ քննութեան արդիւնքները միայն փառաբանող մշակոյթի մը եւ սխալ դաստիարակութեան մղող համակարգի մը, որպէս արդիւնք՝ աշակերտները ակադեմական կրթութիւնը կ՛արժեւորեն միայն ու միայն քննութիւններ լաւ նիշերով անցնելու տեսանկիւնէն դիտած: Այս սխալ ըմբռնուած մօտեցումը  մանկավարժական յոռի տեսութիւն մըն է, որ կրնայ սահմանափակել աշակերտին երեւակայութիւնը, ստեղծագործական ոգին, եւ վնաս տալ իր անհատականութեան զգացումին, արժանիքներ՝ որոնք կենսական են աշակերտի մը, որպէս առողջ պատանի կեանքի մէջ իսկական յաջողութիւններու դասարանէն ներս թէ դուրս: Իսկական եւ առողջ ժամանակակից մանկավարժութիւնը նիշերու եւ քննութիւններու արդիւնքներուն կարեւորութիւն տալուն զուգահեռ աշակերտին մէջ ոչ-նիւթական այլ յաջողութիւններ, ձիրքեր եւ կարողութիւններ գնահատելուն ալ մէջ կը կայանայ, որ բնականաբար պիտի երաշխաւորէ աշակերտին ընդհանուր առմամբ յաջողութիւնը ու բարելաւէ անոր հոգեբանական առողջութիւնը, ըլլայ ան իր ակադեմական կեանքին մէջ, թէ ապագային որպէս արտադրող մեծահասակ:

Նոյն կարեւոր պարտականութիւնը կ՛իյնայ նաեւ ծնողքին վրայ, որ իր զաւակին մէջ պէտք է քաջալերէ նաեւ այլ արժանիքներէն, փոխանակ անոր դատելու իր հաւաքած նիշերով միայն:

Ինչ կը վերաբերի կրթութեան նախարարութեան, աւելի լաւ կ՛ըլլայ եթէ ան աւելի զբաղի դպրոցական համակարգի այլ կարեւոր երեսակներով, ինչպէս կրթական բարեյաջող ծրագրերով, լաւ քաղաքացիներ պատրաստելու կրթական ռազմավարութեամբ եւ դպրոցական կառոյցներու առողջ միջավայրով, քննութիւններն ու նիշերը ձգելով դպրոցներու եւ համալսարաններու հայեցողութեան, որոնցմէ իւրաքանչիւրը նաեւ շահագրգռուած է իր ակադեմական մակարդակով:

Մինչ այդ առողջութիւն հոգեպէս եւ ֆիզիքապէս վիրաւոր աշակերտին: Համբերութիւն իր ծնողքին եւ ուշադրութեան կոչ աշակերտութեան, որ պրէօվէի, թէ այլ քննութիւն մը իրենց կարեւորութեամբ հանդերձ կեանքի գերագոյն նպատակակէտեր չեն, ոչ ալ իր յաջող պատանի մը ըլլալու միակ չափանիշը: Հետեւաբար գիտակցիլ, որ պատանեկան յանկարծակի եւ չմտածուած անակնկալ մղում մը որքան անտեղի եւ անիմաստ վնաս կրնայ հասցնել իր անձին եւ մեծ ցաւ զինք սիրողներուն, որոնց սիրոյն հանդէպ ինք նոյնքան պատասխանատու է:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *