ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Չինաստանի կայսրը պահանջեց ամենէն իմաստուն անձը՝ ըլլալու արդարադատութեան գերագոյն խորհուրդի պետը: Մարդիկ առաջարկեցին Լաօ Ցէն: Բացարձակապէս ճիշդ ընտրութիւն էր. Ուստի անհամաձայնութիւն տեղի չունեցաւ եւ Լաօ Ցէ կանչուեցաւ:
Լաօ Ցէ եկաւ իր սեփական միջոցով: Ան սովոր էր պուֆալոյով շրջագայիլ, ինչ որ շատ հազուադէպ պարագայ մըն էր: Մարդիկ ձիերով, փիղերով կը փոխադրուէին բայց պուֆալոյով…Լաօ Ցէ կը սիրէր իր պուֆալոն որ զինք տեղէ տեղ կը փոխադրէր ու գոհացում կու տար: Ոչ մէկ ձի կրնար զայն փոխարինել. Պուֆալոները շատ լռակեաց են. Լաօ Ցէ անհունօրէն կը սիրէր լռութիւնը. Կռկռոց չկար. Անոնք չափազանց գոհունակ էին. չէին քրթմնջէր գոյութեան դէմ. համակերպող էին:
Լաօ Ցէ դատարան եկաւ պուֆալոյի վրայ. Կայսրը ցնցուած էր: Հակառակ անոր, զինք հրաւիրեցին ներս, ամենայն արժանապատուութեամբ , քաղաքավար մարդիկ, որոնք անտեսեցին պուֆալոն: Կայսրը դիմեց Լաօ Ցէին ըսելով.-«Ես կ՛ուզեմ որ դուն ըլլաս Չինաստանի արդարադատութեան գերագոյն պետը: Լաօ Ցէ ըսաւ.- «Սխալ անձ ընտրած ես» իսկ Կայսրին «Ինչու՞» հարցումին,« Որովհետեւ ես իրապէս արդար պիտի ըլլամ» ըսաւ Լաօ Ցէ: Իսկ Կայսրը, թէ՝ «Այդ է ճշմարիտ գործառնութիւնը. Մի մերժեր քու սեփական Կայսրդ»: Լաօ Ցէ թէեւ համաձայնեցաւ, Ըսաւ .-« Բայց այդ երկար չի տեւեր: Մէկ օր»:
Առաջին պարագան գողի մը հետ էր, որ դրամ գողցած էր Չինաստանի ամէնէն հարուստ մարդէն, այնքան հարուստ, նոյնիսկ Կայսրը իրմէ փոխառութիւն կ՛ընէր ի պահանջեալ հարկին: Լաօ Ցէ լսեց ամբողջ խնդիրը եւ վճռեց վեց ամսուան բանտարկութիւն երկուքին. Թէ՛ հարուստին, եւ թէ՛ գողին: Հարուստը բացագանչեց «Ի՞նչ. Իմ դրամս գողցուած է եւ դուն զիս բա՞նտի կ՛արժանացնես: Լաօ Ցէ ըսաւ «Ես խնդիրը կարելիութեան չափով ամբողջութեամբ եւ խորապէս զննեցի: Այս գողը երկրորդ աստիճանի է իսկ դուն՝ առաջնակարգ: Դուն միլլիոններ զրկեցիր իրենց լումայէն. Եթէ նոյնիսկ քեզմէ չգողնար դուն դարձեալ արժանի ես պատիժի.այս աղքատը գող պիտի չ՛անուանեմ ան կը բաշխէր հարստութիւնը որ կը պատկանէր իրենց. Դուն արիւնարբու ես ու ձրիակեր»: Հարուստին ուրիշ բան չմնաց եթէ ոչ՝ Կայսրին դիմել:Ան ըսաւ «մտիկ ըրէ, այս մարդը բացարձակապէս անհեթեթ է եւ վտանգաւոր»:Կայսրը զարմացած ըսաւ « Դատուեցա՞ր արդէն. Դուն սխալ բան մը չես ըրած»:Իսկ հարուստը պարզեց եղածը թէ ինք դատապարտուած է աղքատին դրամը չարաշահելուն համար, եւ թէ՝«ուրկէ՞դրամ պիտի ունենամ ի բաց առեալ աղքատը չարաշահելէ, քանզի ուրիշ ելք չկայ»: Ան զիս կ՛անուանէ առաջնակարգ ոճրագործ իսկ գողը՝ պարզապէս արդիւնք. Կը զգուշացնեմ Քեզ, եթէ ես բանտարկուիմ, Քու գալդ ալ պիտի չ՛ուշանայ քանի որ ոճիրներ կը գործես, կիներ կը բռնաբարես, Դուն հաւաքած ես բոլոր գեղեցկուհիները երկրի քու պալատիդ մէջ. Այս անձը անմիջապէս պէտք է հեռացուի իր պաշտօնէն»:
Կայսրը հասկցաւ. Ու ըսաւ. «Ան ինքնիր համար կ՛ըսէր թէ մէկ օրէն աւելի պիտի չտեւէ. նոյնիսկ լրիւ օր մը չ՛ամբողջացաւ տակաւին ու այս առաջին պարագան է»: Ուստի Լաօ Ցէին տրուեցաւ իր ազատութիւնը ըսելով «Ճիշդ ես դուն քու պուֆալոյիդ հետ ուզած տեղդ գնայ»:
Չինաստանն ու իր արդարադատութիւնն ալ իր ճամբով: