Յակոբ Ալթունեան. Ամբողջական Մարդը. Վաստակաշատ Հայորդին

 ՅԱՍՄԻԿ ՔԻՒՐՏԵԱՆ 

Յակոբ Ալթունեան, անդրանիկ զաւակը Ամասիացի Կարապետ եւ Արուսեակ Ալթունեաններու, ծնած է Պէյրութ, 1923 թուականին:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Ճեմարանը. ապա միջնակարգ, երկրորդական եւ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Ֆրէրներու վարժարանը եւ ֆրանսական համալսարանը, հետեւելով իրաւաբանական ճիւղին: Շրջան մը աշխատած է Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան մէջ, յետոյ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն ներս մասնագիտացած է տնտեսագիտութեան ճիւղին մէջ:

1951 թուականին Ապրօ Ապրոյեան ճարտարարուեստական հաստատութեան մէջ կը սկսի աշխատիլ. իսկ 1960-1998 տարիներուն կը վարէ այդ հաստատութեան տնօրէնի պաշտօնը: Պէյրութի Ֆրանսական Համալսարանի տնօրէնութեան հրաւէրով, 1988-1993 եղած է ճարտարարուեստի տնօրինումի նիւթի դասախօս (gestion industrielle):

1955-ին կ’ամուսնանայ Արփինէ Քիւրտեանին հետ եւ կը բախտաւորուին երեք զաւակներով. Արաքսի, Վազգէն եւ Շահէ: Ունին երկու թոռներ՝ Հայկ եւ Տարօն:

Յակոբ Ալթունեան լայնածաւալ աշխատանք տարած է լիբանանահայ կեանքին մէջ: Երկար տարիներ պաշտօնավարած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարաններէն ներս: 1960-1968 տարիներուն եղած է Պէյրութի Թէքէեան Վարժարանի Հոգաբարձութեան ատենապետ եւ մղիչ ոյժը Թէքէեան Վարժարանի ներկայ շէնքի կառուցման ծրագրումին եւ իրականացման՝ Մեթր Սեդրակեանի եւ ուրիշներու հետ: 1950-ական թուականներուն, երբ Սովետական Հայաստան տակաւին չէր բացուած Սփիւռքին, Երջանկայիշատակ Վազգէն Ա.  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նուրբ բանակցութեամբ կը յաջողի Էջմիածնայ Մայր Աթոռին վերադարձնել գրաւեալ շէնքերն ու հողերը: Նոյն շրջանին ան Սփիւռքի մէջ կը կազմէ յանձնախումբ մը, բաղկացած հանրածանօթ ազգայիններէ, որոնց կարգին՝ Պրն. Ապրոյեանը:  Այս յանձնախումբին պաշտօնը կ’ըլլայ միջոցներ հայթայթել, որպէսզի մաքրուին, նորոգուին, կահաւորուին ու բարեզարդուին Մայր Աթոռի հին ու նոր վեհարանները, դպրեվանքի շէնքն ու սարքաւորումը: Այս յանձնախումբի ստացած պարտականութիւնները իրագործելու աշխատանքը կը կատարուի հիմնականօրէն հայր եւ որդի՝ Կարապետ եւ Յակոբ Ալթունեաններուն կողմէ:          

1968-1993 տարիներուն ան մեծ ներդրում ունեցած է Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին մէջ: Այդ ժամանակաշրջանի վերջին հինգ տարիներուն եղած է Յանձնաժողովի ատենապետը: Իսկ վերջնականապէս Թորոնթօ հաստատուելէ ետք 1998 թուականին, վարած է տեղւոյս Վարչութեան ատենապետութիւնը  2002-2003 թուականներուն:

Գաղութային-համայնքային իր ծառայութեան ընթացքին Յակոբ Ալթունեան, մաքուր եւ ուղղամիտ հայ անհատը, իբրեւ սկզբունք ունեցած է ծառայել առանց յարանուանական եւ գաղափարական խտրութեան, մանաւանդ երբ  հայ համայնքը կարիքի մէջ եղած է: Այս սկզբունքին ամենափայլուն փաստը լիբանանեան պատերազմի ընթացքին իր տարած աշխատանքն էր նոյնիսկ խիստ վտանգաւոր օրերուն : Շատ մօտէն կը հետաքրքրուէր ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու ապահովութեամբ ու անոնց հեզասահ ընթացքով այդ դժուար տարիներուն: Միջ-Համայնքային միացեալ աշխատանքներու նախաձեռնողներէն էր, հասնելու բոլոր կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն անխտիր: 

Գանատա հաստատուելէ ետք առիթ ներկայացաւ  իրեն հետապնդելու հետաքրքրութիւններ, որոնք վերոնշեալ զբաղումներուն պատճառով թաքուն մնացած էին իր մէջ:  Իր սրտին խօսող նիւթերու շուրջ պրպտումներ ընելով ան պատրաստեց յօդուածներ, որոնք լոյս տեսան ՀԲԸՄ-ի Պէյրութի «Խօսնակ» պարբերաթերթին մէջ: Թորոնթոյի Մեսրոպ Մաշտոց Գրական Շրջանակի ստեղծումը լաւագոյն առիթը եղաւ ի գործ դնելու այս հետաքրքրութիւնները եւ գործօն դեր ունենալու Շրջանակի կազմակերպած ամսական հաւաքներուն, իր պատրաստած յօդուածները բաժնելով անդամներուն հետ:

2012-ին լոյս տեսաւ  այդ դասախօսութիւններուն մէկ մասը, որոնք հայերէն լեզուի զանազան շրջաններուն կ’առնչուէին, Հայ Մշակոյթի Լուսաւոր Ուղիներէն խորագրին տակ:

Շատ չանցած, հրատարակուեցաւ Նուպար Փաշա, Պօղոս Նուպար Փաշա գիրքը, նուիրուած հայ երկու տիտաններուն եւ անոնց ներդրումին՝ Եգիպտոսի քաղաքական կեանքին ու հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, աշխարհը ցնցող տարիներու ընթացքին:

2013-ին հրատարակուեցաւ Յակոբ Ալթունեանի Հօրս՝  Կարապետ Ալթունեանի Յուշերը գիրքը, յուշեր, որոնք ձայնագրուած էին լիբանանեան պատերազմի օրերուն: 

Յակոբ Ալթունեան իր մահկանացուն կնքեց Թորոնթօ, Մարտ 27, 2019 թուականին։ Բիւր յարգանք ձգած վաստակին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *