Ապրելակերպ

ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Այս անուրախ աշխարհի մէջ եթէ մարդ կարենայ պահ մը ուրախանալ, օգուտ է անչափելի:

Անչափելի քանի որ մէկ ուրախութիւն կրնայ բազմաթիւ տխրութիւն վանել կարծես վիճակահանութեան շահած տոմս մը ըլլար ան: Ուստի, գրադարանէս վերցուցի Պարոնեանի մէկ գիրքը ու սկսայ…խնդալով յարմար տեղ երթալ ընթերցումս շարունակելի.  Մինչ այդ տղաս, տակաւին տղայ, «ինչ կայ պապա ինչու՞ կը խնդաս » հարց տուաւ.  Ըսի, տղաս, երբ մեծնաս կը հասկնաս:

     «Մինչ արշալոյսին արեւը  բայթ ի բայթ,

     Ո՜հ ու՜հ վիշտ մարդկային գայթ ի գայթ

     Աւա՜ղ, բաբէ, եղուկ վայ ինձ

     Մէտ ի մէտ շիթ ա շիթ վէտ ի վէտ»:

Յակոբ Պարոնեանէն քառեակ մը:

Կա՞յ աշակերտ մը որ չէ փորձած «բանաստեղծել» երբ իբր աշակերտ «իրաւունք»ի մէջ է. Եւ բառերու, չափի, յանգի դասաւորումով եւ ի հարկէ միտք մը արտայայտելով կը ծնի ան: Ապա, կամաց կամաց տղայական մտածողութիւնը տեղի կու տայ. Նոյնիսկ համբաւի հասած գրողներ չափածոն լքելով անցած են արձակին, լայն շունչ մը ներառելու ու առանց չափի բանտարկութեան կամ սեղմումներու, արտայայտուելու, ապրումները բաշխելու, մինչ կեանքի պարապը լեցնելու պարտաճանաչութեամբ կը հարթէ ուղղին Վերջապէս կեանքի նպատակը ուրախ եւ արդիւնաւէտ դարձընելու մէջ արդարանալի կը նկատուի. Սակայն կեանքը ըլլալով պայքարի առանցք, ամբողջութեան մէջ, աշխարհ  դարձած է անուրախ կրկէս մը. Ուրախ ապրելու պարմաններէն մին քաղաքականութենէն հեռու մնալն է ըստ Էբիքիւրի, սակայն, կարելի՞ է, երբ ինքդ մէկ մասն ես ընկերութեան ու կախեալ՝ քաղաքական մարդոց որոշումներէն. լսենք Նարեկացին «որոնք միշտ մարդ սպաննելու արուեստը կը մշակեն քան թէ ապրեցնելու»: Իսկ Սէնէքա, թէ՝ երկրի ղեկավարները պէտք է փիլիսոփայ պէտք է ըլլան. Սակայն ըսողին լսող է պէտք: Եթէ փիլիսոփաներու հետեւորդները կարենան գործադրել ուսուցուածը, աշխարհի պատկերը ա՛յլ պիտի ըլլար: Քրիստոնէութիւն քարոզողներու բառապաշարը կամ նիւթի առանցքը սէրը կ՛ըլլայ. Եկէք յիշենք հաւատաքննութեան ժամանակաշրջանը…պիտի մոռնանք Ճենկիզ Խանը: Ոեւէ պարագայի արդարացնողներ չեն պակսիր այլեւայլ պատճառներով, ինչպէս միշտ, այսօր եւս պատկերը ուրիշ չէ:Վերջապէս մարդ արարածը նոյն եղանակով կը շարունակէ իր ճամբան նոյնիսկ այսօրերուն երբ նախագահութիւնը լաւագոյնս եւ յոռեգոյնը օգտագործած անձ մը կ՛ունենայ իր պաշտպանները եւ իր ազգակործան ընթացքը գաղտնիք մը չէ համայն աշխարհին  իսկ, կ՛արդարանայ ըսել տալով Սիամանթոյի խօսքը .- «Ով մարդկային արդարութիւն…»:

Անհատապէս կարելի է փախուստ տալ գէթ անտարբերութեամբ,եթէ խառնուածքդ կ՛արտօնէ, ինքնամոռացութեան միջոցներու: Ատենօք Հիփփիական շարժում մը սկսաւ բայց երկար չտեւեց. Թէեւ ամէն ոք իր ճամբան ունի կամ պէտք է գտնէ իր արուեստի միջոցաւ. Խման մը երանելի է «ոհ ինչ աղուոր բան ըլլալ կոնծաբան»: Վերջապէս ամէն ոք իր խառնուածքին, շրջանակին, պարագաներուն ենթակայ կեանքով մը կ՛ընթանայ յուսալով կամ անյոյս, մինչեւ արեւը ա՛լ չծագի:

Մինչ այդ՝ ամէն ոք իր ճամբով: Բարի  երթ կեանքի ուղիներով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *