Լոռի- Չինաստան Յարաբերութիւնները Կը Զարգանան

«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ -20-

 ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Օրերս Չինաստան կատարած պաշտօնական այցելութենէն ետք Վանաձոր վերադարձաւ  Լոռիի Մարզպետ Անդրէաս Ղուկասեանի գլխաւորած պատուիրակուրիւնը: Ծրագիր կայ  Չինաստանի  Շան-Սին նահանգի հետ զարգացնել բազմակողմանի յարաբերութիւններ, որոնք կ’ընդգրկեն առեւտրական, տնտեսական, գիտարուեստական, գիւղատնտեսական, արդիւնաբերական, ինչպէս նաեւ մշակութային, կրթական, առողջապահական եւ մարզական ասպարէզները:

Շան-Սին նահանգը ունի 38 միլիոն բնակչութիւն եւ բաւական լայն շուկայ է Լոռիի արդիւնաբերական ապրանքներու սպառման համար: Երկու կողմերուն պատուիրակութիւնները քննարկած են բազմաթիւ հարցեր, որոնց ընտրութիւնն ու գործադրութիւնը դեռ որոշ ժամանակ կը պահանջէ: Միակ  փաստացի պայմանագիրը կը վերաբերի Մարզի Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ հանքային ջուրերու գործարանի կառուցման. ջուրը շիշերով պիտի տեղափոխուի Չինաստան: Որոշ խոչընդոտ կը հանդիսանայ երկու երկիրներուն միջեւ ուղղակի կապի բացակայութիւնը. Տուեալ գիւղին մէջ այդ գործարանի կառուցումի շնորհիւ գիւղը կ’ապահովուի բնական կազով, որմէ առ այսօր զրկուած են տեղի բնակիչները.

Ծրագրուած է նաեւ Մարզի մէջ հիւրանոցային ցանցի ստեղծումը. որոշուած է առաջին հիւրանոցի կառուցման հասցէն` Վանաձորի Տիգրան Մեծի պողոտայի եւ Շիրակացի փողոցի հանդիպակաց կէտին վրայ, ուր մինչեւ երկրաշարժը գոյութիւն ունէր կիսաշրջանաձեւ շէնք մը, կը նախատեսուի հիւրանոցը կառուցել այդ քանդուած շէնքի նախագիծով:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *