Արցախը Նախորդ Շաբաթ (լուսանկարներ)

ՆՈՐԱՅՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

«ՕՍՄ» Հիմնադրամը Արդէն Իսկ Կը Գտնուի Արցախ

«Awesome»՝ «ՕՍՄ»  միջազգային հիմնադրամը ոչ ձեւական  կազմակերպութիւն է, որ մօտ 10 տարի առաջ հիմնադրուած է Պոսթոնի մէջ: Այդ տարիներուն  հիմնադրամը տարածուած է աշխարհի աւելի քան 30 երկիրներու եւ հարիւրաւոր քաղաքներու մէջ: 2018 թուականէն այս հիմնադրամը մասնաճիւղ ունի նաեւ Արցախի մէջ: Նպատակն է աւելի հետաքրքրական դարձնել շրջապատող իրականութիւնը: Օրերս հիմնադրամի դրամաշնորհով առաջին ծրագիրը կեանքի կոչուեցաւ Արցախի Մարտունի շրջանի Նորշէն գիւղի դպրոցին մէջ:

            «ՕՍՄ» հիմնադրամին գումար կրնայ յատկացնել իւրաքանչիւր ոք՝ իր հնարաւորութիւններուն չափով: Հիմնադրամի պատասխանատուները որոշակի գումար հաւաքելէ ետք դրամաշնորհ կը յայտարարեն եւ ընտրելով առաջարկներէն ամէնէն հետաքրքրականը, ամէնէն խոստումնալիցն ու հեռանկարայինը՝ 1000 տոլար կը յատկացնէ զայն իրականացնելու համար:  «ՕՍՄ Արցախ» հիմնադրամին ներկայացուած եւ յաղթած առաջին ծրագիրը Մարտունի շրջանէն էր, Նորշէն գիւղէն:  2018 թուականի Նոյեմբերին յայտարարուած դրամաշնորհին Նորշէնի դպրոցի ներկայացուցած ծրագիրը յաղթող ճանչցուած է:   Ծրագիրով կը նախատեսուէր ակումբի գրադարանի անկիւնը դարձնել  աւելի հետաքրքրական ու գրաւիչ: Ըստ հիմնադրամին՝ ծրագիրը հեռանկարային էր, շահառուներու թիւը՝ մեծ: Այդ պատճառով հաւանութիւն տուին անոր:  

Ուստի նախկին անհրապոյր սենեակը գրաւիչ միջավայր դարձած է ոչ միայն փոքրիկներուն համար: Սրահը պայմաններ ստեղծուած են ընթերցանութեան, քննարկումներու, նկարչութեան, մտապաշարային խաղերու համար: Նախագիծին հեղինակը Միլենա Ասրեանն է եւ ուսուցիչ Արա Յարութիւնեանը: Սենեակը նկարազարդելուն, գեղեցկացնելուն գիւղի դպրոցականներն ալ մասնակցած են:

Միլենան կը խոստովանի, որ հազիւ թէ մասնակցէր «ՕՍՄ»-ի յայտարարած մրցոյթին, եթէ չըլլար ուսուցիչին՝ Արա Յարութիւնեանի աջակցութիւնը: Վերջինս Նորշէնի դպրոցը եկած է «Դասաւանդի՛ր Հայաստան» ծրագիրի ծիրէն ներս եւ այդտեղ կը դասաւանդէ արդէն երկու տարիէ: Երկու տարուան ընթացքին Արա Յարութիւնեանը աչքի զարկած է դասաւանդութեան շուրջ բազմաթիւ նորարարական  եւ ուսուցանող  նախաձեռնութիւններով՝ աշխոյժ ու հետաքրքրական դարձնելով  երեխաներուն առօրեան: Իրենց սորվեցուցած է ըլլալ  աւելի նախաձեռնող, կը պատմեն գիւղի բնակիչները:

            Այս պահուն «ՕՍՄ Արցախ» հիմնադրամը 40 հոգաբարձու ունի Արցախէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն եւ Սփիւռքէն: Հիմնադրամի հոգաբարձուներէն Արտակ Բեկլարեանը նոր ծրագիրներ ունեցող երիտասարդները կը հրաւիրէ «ՕՍՄ Արցախ»-ին ներկայացնելու զանոնք:

Շահումեանի Մէջ Օրակարգի Վրայ Են Դպրոցաշինական Ծրագիրները

Շահումեանի մէջ գարնան հետ աշխուժացած են շինարարական աշխատանքները: Շինարարական ամէնէն աշխոյժ հարթակներէն մէկը Արցախ այցելող հիւրերուն աչքին առջեւ է: Մարտակերտ-Վարդենիս մայրուղիի հարեւանութեամբ Շահումեանի շրջանի Չարեքտար գիւղին մէջ շինարարական եռուզեռը չի դադրիր: Արդէն կ’ուրուագծուի նորակառոյց շէնքի ընդհանուր տեսքը: Նոյն շէնքին մէջ պիտի տեղաւորուի թէ՛ դպրոցը, թէ՛ մանկապարտէզը: «Երկու յարկանի: Մօտ 100 աշակերտի համար պիտի ըլլայ: Մանկապարտէզը առաջին յարկն է»,- կը պատմէ կապալառու ընկերութեան ներկայացուցիչ Մեխակ Ցականեանը:

Վերաբնակեցուող գիւղին մէջ նախադպրոցական տարիքի երեխաներուն թիւն ալ քիչ չէ: Մանկապարտէզի շէնքը գիւղին համար սպասուած նուէր է: «Մօտ 50 երեխայ պիտի ըլլայ:  Սա դեռ միայն բազմազաւակները կը հաշուեմ»,- թիւը մօտաւոր ի մի կը բերէ Մեխակ Ցականեանը:

Արդէն 21 տարիէ Չարեքտարի դպրոցը պատշաճ շէնքի մէջ կը գործէ: Հարեւանութեամբ գտնուող բնակելի տունն ալ ընդգրկած են կրթական գործընթացին մէջ: Տնօրէնը դպրոցի դուռը կը բանայ յոյսով, որ շուտով անյարմար շէնքին հրաժեշտ պիտի տան: «Պայմաններուն մասին խօսիլ այսօր չ’արժեր: Կը փորձենք այս վիճակին մէջ առաւելագոյնը ընել եւ ուսումնական գործընթացը կազմակերպել: Յոյս ունինք, որ 2020-ին նոր դպրոցի մէջ կը սկսինք դասերը»,- լաւատեսութիւնը չի թաքցներ Չարեքտարի դպրոցի տնօրէն Ալիկ Քոչարեանը:

Շահումեանի շրջանի շարք մը համայնքներ դեռ կրթօճախներու բարեկարգութեան խնդիր ունին: Թէ ո՛ր համայնքին մէջ պիտի սկսի յաջորդ շինարարութիւնը, ոլորտի պատասխանատուները  կ’որոշեն: Ընտրութեան գծով որոշիչը աշակերտներուն թիւն է եւ շէնքի ներկայ վիճակը: «Առաջին հերթին թուաքանակը հաշուի կ’առնենք եւ շէնքային պայմանները: Հիմա մեր յաջորդ առաջնահերթութիւնը Նոր Խարխափուտի դպրոցական շէնքն է, որ տեղաւորուած է երկու բնակելի տուներու մէջ»,- գաղտնիքը կը բանայ Շահումեանի շրջանային վարչակազմի կրթութեան եւ մարմնակրթութեան բաժնի վարիչ Խորէն Վարդանեանը: Ընդհանուր առմամբ, վերանորոգութեան, վերակառուցումի կարիք ունի Շահումեանի շրջանի դպրոցներուն մեծ մասը: Մէկ կողմէ՝ շէնքերը հին են, միւս կողմէ՝ վերաբնակեցուող շրջանին մէջ աշակերտներուն թիւը անհամեմատ արագ կ’աճի եւ լրացուցիչ խթան կը դառնայ, որ չյետաձգուին դպրոցաշինական ծրագիրները:

Կայ նաեւ մարզադահլիճներու պակասը: Գիւղական բնակավայրերու մեծ մասը մարզադահլիճ չունի: Այս թեմային կրթութեան ոլորտի պատասխանատուները կը խոստանան վերադառնալ բուն դպրոցական շէնքերը կարգի բերելէ ետք: 

Աշխարհը Կը Ճանչնայ Կատարուած Փաստը, Իսկ Անկախ Արցախը Արդէն Մօտ 30 Տարուան Փաստ Է

Անցնող շաբաթը Արցախի առաջնագիծին վրայ էական փոփոխութիւններ չբերաւ: Փոխարէնը՝ քաղաքական հարթակի վրայ կրակոցներ եղան տարբեր մակարդակներու վրայ, տարբեր տրամաչափի գործիչներու կողմէ: Այս ամէնը աստիճանաբար իրատեսական-չափաւոր շրջանակներու մէջ կ’առնէ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումի գործընթացին մէջ լուրջ աշխուժութիւն սպասողներու ակնկալիքները: Միւս կողմէ՝ անցնող շաբթուան ընթացքին հնչեցին նաեւ յայտարարութիւններ, որոնք հայկական կողմերուն համար կրնան դառնալ հնարաւորութեան նոր դուռ եւ նոր կռուան՝ յառաջիկայ բանակցութիւններուն: Յայտարարութիւնը հնչեց Ուաշինկթընէն՝ նախագահի մակարդակով:

Մարտ 19-ին կայացած ասուլիսին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ուղղուած հարցերուն զգալի մէկ մասն ալ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումի ներկայ փուլին կը վերաբերէր: Հակամարտութեան կարգաւորումի հարցի գծով Երեւանը իր դիրքորոշումը չի փոխեր եւ չի վարեր իրավիճակային քաղաքականութիւն, վստահեցուցած է Նիկոլ Փաշինեան եւ յիշեցուցած այդ թեմայով իր՝ որպէս վարչապետի առաջին ելոյթները: Ազրպէյճանի նախագահին հետ յառաջիկայ հանդիպումին օրակարգային հարցերէն մէկը բանակցային գործընթացի ձեւաչափին մասին պիտի ըլլայ, աւելի ստոյգ՝ բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի լիարժէք մասնակցութիւնը վերականգնելու հարցին: Երեւանը այդ կէտը կը կարեւորէ՝ բանակցային գործընթացի արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելու տեսանկիւնէն: Ինչ որ կ’առաջարկէ ու կը պնդէ Երեւանը, 1990-ականներու կէսերուն ամրագրուած են համապատասխան փաստաթուղթերու մէջ, որոնցմէ մէկէն բառացի մէջբերումներ կատարած է Նիկոլ Փաշինեան: Արդեօք նման մօտեցումները փակուղի չե՞ն տանիր աշխուժութեամբ աչքի չզարնող բանակցութիւնները: Հայաստանի վարչապետը հակառակ կարծիքին է. թեմաները բացուած կը յայտարարէ, երկխօսութեան պատուհանը՝ նոյնպէս: Ազրպէյճանի ղեկավարին հետ նախորդ՝ ոչ պաշտօնական հանդիպումներուն մասնակցած է այդ տրամաբանութեամբ:

Փաշինեան-Ալիեւ պաշտօնական հանդիպումի նախաշեմին, Ազրպէյճանի ղեկավարութեան նեարդերը տեղի տուին: Ստեփանակերտէն եւ Երեւանէն հայկական կողմերուն յայտարարութիւնները անպատասխան ձգելը չէր կրնար Ալիեւի համար անհետեւանք մնալ: Աւելի կանուխ, արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներուն բերանով հակադարձելէ ետք, Ազրպէյճանի նախագահը ինքն ալ թեմային անդրադարձաւ՝ ներկայացնելով սպասուող հանդիպումին օրակարգի իր տարբերակը՝ նախորդ տարիներու տրամաբանութեամբ՝ դարձեալ խօսելով Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան, հարցը զէնքի ուժով լուծելու Ազրպէյճանի պատրաստակամութեան մասին:

Այս ամէնուն հաշուարկով՝ եթէ լաւատեսները բանակցային գործընթացին մէջ տեղաշարժ կ’ակնկալեն, յոռետեսները առաջնագիծին վրայ լարումի հերթական ալիքը կը կանխատեսեն: Թէ՛ առաջին, թէ՛ երկրորդ պարագային Արցախի ներքաղաքական վիճակը պէտք է կայուն ըլլայ՝ մարտահրաւէրները դիմակայելու համար: Նոյն այս մտահոգութիւնը հիմք հանդիսացած է, որ խորհրդարանական կուսակցութիւններէն երեքը՝ Ազատ հայրենիքը, Արցախի Ժողովրդավարական կուսակցութիւնն ու ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ն Մարտ 21-ին հանդէս գան համատեղ յայտարարութեամբ՝ կոչ ընելով յարգելու ժողովուրդին ազատ կամաարտայայտութեամբ ամրապնդուած պետականաշինութեան գործընթացը, որ չի հակասեր ապագային միացեալ Հայաստան ունենալու հեռանկարին:

Արցախի ներքաղաքական զարգացումներու թեմային աւելի կանուխ, ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած էր նաեւ Նիկոլ Փաշինեան: Հայաստանի իշխանութիւնը «բեմագիրեր» չի մշակեր: Որոշողները պիտի ըլլան արցախցի ընտրողները:

Որ արտաքին մարտահրաւէրները կրնան անսպասելի ըլլալ, հերթական անգամ ապացուցեց ԱՄՆ նախագահը: Մարտ 21-ին Տոնալտ Թրամփ Twitter-ի վրայ գրառում կատարած է, որ 52 տարի անց պէտք է ճանչնալ Իսրայէլի վերահսկողութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը Կոլանի բարձունքներուն վրայ: Աւելի քան 1100 քառակուսի քմ կազմող այդ տարածքը իսրայէլա-սուրիական ռազմական բախումներուն հետեւանքով 1967 թուականէն կը գտնուի Իսրայէլի վերահսկողութեան տակ: 1981 թուականին Իսրայէլի քնեսեթը բարձունքներուն վրայ իսրայէլական ինքնիշխանութիւն յայտարարելու միակողմանի որոշում ընդունած է: Եւ հակառակ անոր որ միջազգային հանրութիւնը չէ ընդունած այդ փաստը, չէ նահանջած: Իր անսպասելի ու կտրուկ յայտարարութիւններով առանձնացող Տոնալտ Թրամփը յառաջիկայ օրերուն ալ անդրադարձած է այդ թեմային՝ ընդգծելով, որ Կոլանի բարձունքները՝ որպէս Իսրայէլի տարածք ճանչնալը անհրաժեշտութիւն է ոչ միայն Իսրայէլի, այլեւ տարածաշրջանի անվտանգութեան համար: «Հայկական զինուժը, իր կարգին, այսօր միեւնոյնը կ’ընէ՝ պաշտպանելով թէ՛ հայկական պետութիւններու անվտանգութիւնը, թէ՛ տարածաշրջանի կայունութիւնը: Ահա սա է, որ պէտք է հասցնենք միջազգային հանրութեան եւ անոր համապատասխան վերաբերում ակնկալենք»,- կ’ընդգծէ արցախցի վերլուծաբան Հրաչեայ Արզումանեանը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահի յայտարարութեան արձագանգած են Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան եւ Սուրիան: Բնականաբար՝ բացասական: Բայց, ինչպէս կ’ըսեն, յաղթողներուն չեն դատեր:

Սակայն Ամերիկայէն հնչած միակ ուղերձը չէր ասիկա: Փաշինեան-Ալիեւ յառաջիկայ հանդիպումին ընդառաջ, հակառակ միջնորդներու լաւատեսական տրամադրութիւններուն, բաւական յոռետես տրամադրութեամբ յօդուած հրապարակած է «Washington Post»-ը՝ թերահաւատութիւն յայտնելով, թէ գալիք հանդիպումը կրնայ հակամարտութեան գօտիին մէջ երկարատեւ հանգստութեան բերել: Տարածաշրջանին մէջ ժողովրդավարական փոփոխութիւնները կրնան նպաստել հակամարտութեան եւ յարձակումի նուազումին, քանի որ ժողովրդավար հասարակութիւնները կը ձգտին խաղաղութիւն հաստատել եւ զարգացնել գործակցութիւնը հարեւաններու հետ, կը նշէ յօդուածագիրը՝ անթաքոյց ակնարկելով Ազրպէյճանին: Շարունակութիւնն ալ վստահաբար Պաքուի սրտով չէր: Ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ աւելի հաւանական է խաղաղութեան համաձայնագիրերու կիրառումը, եթէ հակամարտութեան բոլոր կողմերը ներգրաւուած ըլլան խաղաղութեան գործընթացին մէջ, կ’ըսուի յօդուածին մէջ: Յառաջիկայ հանդիպումին այդ թեման առաւելագոյնս կրնայ քննարկուիլ: Այլ խօսքով՝ Ուաշինկթընի մէջ շուտափոյթ կարգաւորում չեն սպասեր:

Ստեփանակերտ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *