ԶԱՐԵՀ ՍԱՓՍԶԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարցում: Կարդացի թէ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը «Զուարթնոց» օդակայանը Շարլ Ազնաւուրի անունով վերակոչելու համար, հանրային քննարկման դիմած է: Իրականութիւն մը կա՞յ այս խեղկատակ լուրին առնչութեամբ:
Արփիար, Կլենտէյլէն
Պատասխան: Այո անհաւատալի, սակայն իրականութիւն է: Զուարթնոցը ազգային մշակութային արժէք մըն է, որ մեր ժառանգութեան մաս կը կազմէ դարերէ ի վեր եւ պիտի կազմէ՝ գալիք դարերուն: Ազնաւուրը միջազգային տաղանդաւոր երգիչ մըն է, որ Հայաստանին բարերարութիւններ ալ ըրած է: Այդքան: Լաւ կ՚ըլլայ որ Փաշինեանը իր այս «պատանի» նախարարներուն, քիչ մը ազգային արժէքներ գնահատելու եւ Արեւմտեան մտածելակերպերէն հեռու մնալու դասեր տայ, ապա թէ ոչ Սեւանայ լիճն ալ Ուիլիըմ Սարոյեան՝ իսկ Արագած լեռն ալ Գիրք Գրիգորեան վերակոչելու հանրային քննարկումներ կ՚ունենանք:
***
Հարցում: Թրքական «Միլլիէթ» թերթը կը նշէ, թէ թուրքերը «պաստուրմա» եւ «սուճուխ» պատրաստելը հայերէն սորված են: Իրա՞ւ է:
Սեւան, Լոս Անճելըսէն
Պատասխան: Միայն «պաստուրմա»ն եւ «սուճուխ»ը չէ, արուեստները, թատրոնը, դասական եւ ժողովրդային երաժշտութիւնը, արհեստները, նոյնիսկ իրենց գիրերը հայ մը հնարած է: Բացի ցեղասպանութենէ եւ ուրիշներուն կալուածին տիրանալէ՝ գրեթէ ամէն ինչ հայերէն սորված են:
***
Հարցում: Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Պինալի Եըլտըրըմ, Կարսի մէջ Հոկտեմբերին ունեցած ելոյթին մէջ ըսաւ. «Հայերուն կողմէ ցեղասպանութեան պնդումը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ստորին զրպարտութիւն մը»: Ի՞նչ է կարծիքդ:
Վարանդ, Պրպենքէն
Պատասխան: Եթէ ցեղաասպանութեան պնդումը ստորին արարք է, ապա ցեղասպանութիւն գործադրելը, թուրք ազգային նկարագրին յատուկ վեհ եւ հերոսական վսեմ արա՞րք է Եըլտըրըմ էֆէնտի:
***
Հարցում: Պաքու կատարած այցին ընթացքին, Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի ատենապետ Վոլքան Պոզքըր յայտարարած է, որ քանի դեռ Ղարաբաղի խնդիրը լուծուած չէ, հայ–թրքական արձանագրութիւնները խորհրդարանի օրակարգի վրայ պիտի չըլլան: Այդ արձանագրութիւնները տակաւին ի զօրո՞ւ են:
Ժաք, Տուարթէյէն
Պատասխան: Այս կը նմանի նշանուած զոյգի մը, ուր տղան չորս բոլորը կը յոխորտայ, թէ եթէ աղջիկը իր խօսքը մտիկ չընէ եւ իր ուզածին պէս չշարժի, ինք նշանտուքը ետ պիտի ընէ։ Մինչդեռ աղջիկը շատոնց նշանը ետ ըրած ու մատանին ղրկած է: Ժողովրդային ձեւով այս տղուն համար կ՚ըսեն. «ինքն իրեն քրաւաթ (փողկապ) կ՚ուզէ կապել»: Այս պարագային ալ երբ Հայաստանը շատոնց այդ արձանագրութիւնները չեղեալ նկատած է, տակաւին թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ նոյն յանկերգը կը կրկնեն, իրենք իրենց «քրաւաթ» կապելով:
***
Հարցում: Սուրիոյ հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Ահմատ Պատրըտտին Հասսուն, վերջերս ռուսական լրատուամիջոցներուն տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է նաեւ Արցախի մասին, ըսելով որ ինք կ՚աջակցի Ղարաբաղի ժողովուրդին անկախութեան ձգտումներուն եւ թէ հակամարտութեան պատճառը կրօնական չէ: Կը կարծեմ այս բաւական մեծ յայտարարութիւն է իսլամ առաջնորդի մը կողմէ:
Սալբի, Ֆրէզնոյէն
Պատասխան: Իսկապէս որ խիզախ յատարարութիւն է իսլամ կրօնապետի մը կողմէ, մանաւանդ երբ կը յիշէ, թէ այդ հակամարտութիւնը կրօնական չէ: Սակայն կասկած մը կը ծագի մտքիս մէջ, որ այս ալ յարմարելու ճկուն քաղաքականութեան արդիւնք չէ՞: Արդեօք շէյխ Հասսուն պիտի համարձակէ՞ր, կամ ուզէ՞ր այսպիսի յայտարարութիւն մը ընել ասկից ութ տարի առաջ, երբ տակաւին իր նախագահ Պաշշար Ասատը սիրաբանական մեղրալուսնի մէջ էր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին հետ: