ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ .- Տանըլտ Թրամփի անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցելութիւնը Հայաստան, Հոկտեմբեր 2018-ին, շատ մեծ աղմուկ բարձրացուց թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, անոր կատարած յայտարարութիւններուն պատճառով:
Պոլթընի առաքելութիւնը շրջանին մէջ (Ռուսիա, Վրաստան, Հայաստան եւ Ատրպէյճան) երկու գլխաւոր նպատակ ունէր. նախ՝ Ռուսիան աւելիով շրջապատել ամերիկամէտ երկիրներով, երկրորդ՝ Իրանի դրացի երկիրները համոզել, որ գործադրեն ամերիկեան պատժամիջոցները այդ երկրին հանդէպ: Պոլթըն իր երկրին շահերը փնտռեց ու պաշտպանեց՝ առանց մոռնալու Ատրպէյճանը ուրախ պահել, Արցախի տագնապի լուծման մասին իր տուած առաջարկով, որ Ատրպէյճանի «սիրտէն կը խօսէր», սակայն, նոյն ժամանակ՝ ամբողջ հայութեան զայրոյթ պատճառեց: Անոր ունեցած մնացեալ ծրագիրները եւ գաղափարները եւս Հայաստանի օգտին չեն եւ չեն կրնար նպաստել երկրին:
Ճոն Պոլթըն ամերիկացի վեթերան քաղաքագէտ մըն է, որ ծնած է 1948-ին, Մերիլենտ նահանգը: Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Yale համալսարանէն, 1970-ին, Պսակաւոր արուեստից վկայականով, ապա՝ Yale Law School-էն, 1974-ին, «Juris Doctor» աստիճանին տիրանալով (Իրաւագիտութեան թեկնածութիւն): Երկար տարիներ բարձր պաշտօններ վարած է եւ ակնառու դիրքերու հասած. ան իր ազդեցութիւնը ունեցած է նաեւ շատ մը որոշումներու մէջ, որոնցմէ է ներկայ տագնապը Իրանի հետ: Ճոն Պոլթըն նկատուած է Ամերիկայի քաղաքագէտներէն ամենայարձակողական բազէն՝ իր կոշտ, բծախնդիր եւ ռազմատենչ անհատականութեամբ: Ան յայտնի չէ իբրեւ ազնիւ դիւանագէտ: Հետեւաբար, Հայաստան կատարած իր այցելութենէն կարելի չէ անպայման լաւ բան ակնկալել:
Պոլթըն Հայաստանի մէջ խօսեցաւ քանի մը կարեւոր հարցերու մասին, որոնցմէ ամենազգայունն էր Արցախի հարցը: Ըստ իրեն՝ Հայաստան պէտք է հողային որոշ զիջումներ կատարէ Արցախի մէջ: Ան շատ լաւ տեղեակ էր, թէ այդպիսի արտայայտութիւն մը Արցախի մասին իր այցին մթնոլորտը պիտի պղտորէր, եւ այդ պատճառով ալ ան իր ճամբան հարթեց, երբ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլս, երեքուկէս տարի յարգով ու փառքով իբրեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ նահանգներու դեսպան ծառայելէ ետք, այդ նոյն առաջարկը ըրաւ Արցախի մասին: Մենք միամիտ պիտի ըլլանք, եթէ դեսպան Միլսը կամ Պոլթընը անձամբ պատասխանատու նկատենք այս հարցին համար. հրահանգը կու գայ վերերէ՛ն. բոլորիս յիշողութեան մէջ է տակաւին Հայաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան Ճոն Էվընզի պաշտօնազրկումը, հայոց ջարդերը Ցեղասպանութիւն անուանելուն համար: Ամերիկեան քաղաքականութիւնը շարունակ նո՛յնը կը մնայ հայութեան հանդէպ. Հայոց Ցեղասպանութիւնը մարդկային ողբերգութիւն որակել, հայկական իրաւունքները անտեսել եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ կապերը ամրապնդել՝ Ամերիկայի շահերուն համար:
Ամերիկան, ինչպէս ամէն երկիր, իր շահերը կ՚որոնէ. նոյնպէս պիտի ընենք եւ մե՛նք. Պոլթըն, լաւատեղեակ ըլլալով հանդերձ, որ Հայաստան կարողութիւնը չունի Միացեալ Նահանգներէն զէնք գնելու՝ քանի մը պատճառներով, ան ճիգ չխնայեց անոնց գովազդը ընելու՝ ըսելով. «Մեր զէնքն ու զինամթերքը աւելի լաւ են, քան ռուսականը»: Հայաստան, անդամ ըլլալով Անվտանգութեան հաւաքական պայմանագիրի կազմակերպութեան՝ ռուսական զէնքեր կը գնէ զեղչուած արժէքներով եւ յետաձգուած վճարումներով կամ վարկերով, եւ Գիւմրի գտնուող ռուսական խարիսխը սպասարկման կեդրոնն է այդ զէնքերուն: Աւելի՛ն, երկրի մը զէնքի աղբիւրը փոխել կը նշանակէ քաղաքականութեան եւ դաշինքի փոփոխութիւն, այս պարագային՝ Ռուսիայէն դէպի Ամերիկա, ինչ որ լուրջ հետեւանքներ պիտի ունենայ: Մենք, փոքր երկիր մը ըլլալով՝ հզօր դաշնակիցի մը կարիքը ունինք: 1828-ի Թուրքմենչայի դաշնագիրով, մենք Ռուսիոյ ենթարկուեցանք, եւ այնուհետեւ, կամայ-ակամայ, Ռուսիոյ հովանիին տակ մնացինք, կամ ամենալաւ պարագային՝ անոր փոքր զինակիցը համարուեցանք, բացի կարճ ժամանակ մը՝ Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան շրջանին: Որեւէ լուրջ սպառնալիքի ժամանակ, Ռուսիա կրնայ շուտով մեզի օգնութեան հասնիլ՝ երկու կողմերուն օգուտին համար: Ռուսիա ի՛նքն է, որ Հայաստանի սահմանապահներուն հետ միասին Թուրքիոյ հետ մեր սահմանը կը հսկէ՝ անկախութենէն ի վեր: Իսկ Ամերիկան, թէեւ ունի մեզի մօտիկ (Ինճիրլիքի) իր ռազմական խարիսխը, սակայն խնդիրը շատ աւելի բարդ կը դառնայ այդպիսի պարագաներու:
Պոլթըն փորձեց որոշ տնտեսական խոստումներ ընել Հայաստանին, որպէսզի վերջինս իր սահմանը փակէ եւ իր տնտեսական կապերը խզէ Իրանի հետ: Այդպիսով, ի՞նչ ելք կը մնայ հայերուն համար դէպի դուրսի աշխարհ… Վրաստա՞նը, թէ Պոլթըն ծրագիր ունի հայերը համոզել, որ նահանջեն թուրքերուն եւ ատրպէյճանցիներուն դիմաց՝ սահմանի շրջափակման վերջ տալու համար: Միւս կողմէ, ինչպէ՞ս կարելի է, որ Ռուսիան ընդունի Իրանին հակառակ նման քայլ մը, երբ Հայաստան Ռուսիոյ միակ ռազմավարական դաշնակից երկիրն է՝ Իրանին սահմանակից: Հայերուն համար Իրանը լա՛ւ դրացի է. չէ՞ որ անիկա էր կեանքի ճանապարհը մեր նեղ օրերուն: Անտարակոյս, Հայաստան պիտի չկարենայ շարունակել իր լաւ յարաբերութիւնները Իրանի հետ՝ առանց Ամերիկան զայրացնելու, սակայն պէտք է պարզ ըլլայ, թէ Հայաստանի տնտեսական յարաբերութիւնները Իրանի հետ, յատկապէս՝ կազի, ելեկտրականութեան, ելեւմտական եւ այլ տնտեսական ոլորտներու մէջ, անհրաժեշտ են Հայաստանի կենսական շահերուն համար եւ պէտք է շարունակուին:
Արցախի հարցի լուծման մասին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան,– թէեւ երեք օր ուշացումով,– յայտարարեց, թէ Պոլթըն չի կրնար իր անունով խօսիլ՝ ակնարկելով վերջինիս ունեցած արտայայտութիւններուն լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին: Իսկ 1 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ ան վերահաստատեց Հայաստանի ունեցած յատուկ յարաբերութիւնները Իրանի հետ, որովհետեւ Իրան, Վրաստանի հետ միասին, Հայաստանին կը ծառայէ իբրեւ դարպաս դէպի արտաքին աշխարհ: Փաշինեան աւելցուց՝ ըսելով. «Այս դիրքորոշումը շատ յստակ ձեւակերպուած էր նաեւ իմ հանդիպման ժամանակ Պրն. Պոլթընի հետ: Կը կարծեմ, որ Հայաստանի դիրքորոշումը յստակ էր, հասկնալի, եւ նոյնի՛սկ ընդունելի էր Միացեալ Նահանգներու պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն համար»: Ինչ կը վերաբերի Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան արդէն իսկ միշտ դրական արտայայտութիւններ ունեցած է եւ դեռ կ՚ունենայ, բոլորին վստահեցնելու համար երկու երկիրներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններու շարունակութեան մասին, բոլո՛ր ոլորտներուն մէջ:
Լոս Անճելըս