ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Ընդհանրապէս խաղաղ մթնոլորտի մէջ կը շարունակուի 9 Դեկտեմբեր 2018ի՝ Հայաստանի մէջ կայանալիք արտահերթ ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւը. երկրին համար նորութիւն մըն է այդ առիթը, որը թաւշեայ յեղափոխութեան արդիւնքն է, թէեւ «յեղափոխութեան» գոյն տալը (թաւշեայ թէ այլ) նախընտրելի չէ, որովհետեւ գունաւոր փոփոխութիւնները վերջապէս կրնան սեւ ըլլալ եւ երկիրը քայքայել, ինչպէս եղան Ուքրանիոյ եւ Վրաստանի պարագաները։ Ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու թիւը մեծ է, եւ բոլոր թեկնածուներն ալ իրենց լաւագոյն աշխատանքը կը տանին, որպէսզի խորհրդարանի մէջ տեղ ապահովեն: Տեսնենք, թէ ի՞նչ են կանխատեսութիւնները:
Ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին քաղաքական տարբեր ուժեր, որոնք են՝ «Իմ քայլը» դաշինքը, որը «Քաղաքացիական պայմանագիր» եւ «Առաքելութիւն» կուսակցութիւններերու դաշինքն է, «Մենք» դաշինքը, որուն մաս կը կազմեն «Ազատ դեմոկրատներ» եւ «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնները. Հայաստանի Հանրապետական եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, «Լուսաւոր Հայաստան», «Քրիստոնեայ-ժողովրդական վերածնունդ», «Սասնայ ծռեր», «Օրինաց երկիր», սոցիալ-դեմոկրատական «Քաղաքացիի որոշում» եւ «Ազգային յառաջընթաց» կուսակցութիւնները:
Վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան եւ իր գործակից ընկերները վստահաբար բացառիկ յաջողութիւններ պիտի արձանագրեն, մեծ յաղթանակ մը: Ժողովուրդի մեծամասնութիւնը անոնց կ’աջակցի. անոնցմէ քանիներ նախկին կարգերու ժամանակ սեւ օրեր ապրած են եւ սակաւապետներու դառն ու դաժան ճնշումներուն ընդդիմացած ու բանտերը ճաշակած են:
Նախկին Հանրապետական կարգերը (ՀՀԿ) մեղադրուած են երկրին հարստութիւնը կողոպտելու, քաղաքացիական իրաւունքները խախտելու, կառավարական, դատական թէ քաղաքացիական ծառայութիւնները խուճապի մատնելու, ինչպէս նաեւ փտածութեան, կաշառակերութեան, գործազրկութեան, արտագաղթի եւ այլ յանցանքներով. այս բոլորով հանդերձ, անոնք ալ իրենց համակիրները ունին, թէեւ քիչ, սակայն անոնք իրենց փոխադարձ շահերը ունին, եւ շատ հաւանաբար ՀՀԿ ալ իր բաժինը պիտի ունենայ յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ: «Բարգաւաճ Հայաստան»ը իր մեծ գործատէր ղեկավարով իր բաժինը պիտի ունենայ, եւ միւս կուսակցութիւններն ալ անպայման իրենց օգտին որոշ չափով քուէարկողներ պիտի ունենան: Պատգամաւոր կը դառնան այն ուժերը, որոնք յաղթահարած են նուազագոյն ձայներու շեմը: Կուսակցութիւններու համար 5 տոկոսն է, իսկ դաշինքները պէտք է հաւաքեն ամենաքիչը 7 տոկոս:
Միջազգային հանրապետական հաստատութիւնը (The International Republican Institute- IRI), որը ԱՄՆ-ի կառավարութեան կողմէ դրամական օգնութիւն կը ստանայ եւ ոչ շահաբեր հաստատութիւն մըն է ու լաւ յարաբերութիւններ ունի ԱՄՆ-ի Հանրապետական կուսակցութեան հետ, 23 Նոյեմբեր 2018-ին Հայաստանի մասի ուսումնասիրութիւն մը հրապարակած է. այդ ուսումնասիրութիւնը Հայաստանի բնակիչներու հասարակական նոր կարծիքին մասին է. ան տեղի ունեցած է 9 – 29 Հոկտեմբեր 2018ին Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ. այդ հետազօտութեան համաձայն՝ խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններուն Նիկոլ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը պիտի ստանայ ձայներու 67 տոկոսը, Էտմոն Մարուքեանի «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 10 տոկոսը, իսկ Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 9 տոկոսը. հիմնուելով IRIի սոյն հետազօտութեան վրայ՝ այս երեք կուսակցութիւնները միակն են, որ յառաջիկայ խորհրդարանին մէջ պիտի ներկայացուին: Միւս կուսակցութիւնները շատ ետին պիտի մնան. Սասնայ ծռեր՝ 3 տոկոս, ՀՀԿ՝ 2 տոկոս, ՀՅԴ՝ 2 տոկոս եւ այլն:
Կը թուի թէ հետազօտութեան տուեալները գոնէ ՀՀԿի պարագային շատ տրամաբանական չեն: Ըստ ուրիշ վերլուծումներու՝ «Իմ քայլը» դաշինքը՝ 70 տոկոսով, ՀՀԿէն՝ 20-25 տոկոսով , «Բարգաւաճ Հայաստան»ը եւ միւս կուսակցութիւնները 5-10 տոկոսով յաջողութիւն պիտի ունենան:
Որքանո՞վ կարելի է վստահիլ IRIի եւ իր նման հետազօտութիւններուն: Ի՞նչ է անոնց թաքուն նպատակները: Ի՞նչ կ’որոնէ Ամերիկան Հայաստանի մէջ: Միթէ՞ Ռուսաստանին համար աւելի կարեւոր չէ Հայսատանի յառաջիկայ խորհրդարանի արդիւնքները: Ամերիկայի եւ շատ մը ուրիշ երկիրներու մէջ այսպիսի հետազօտութիւններու տուեալները ընդհանրապէս համապատասխան կ’ըլլան կամ փոքր այլ տարբերութեամբ վերջնական արդիւնքներէն: Արդեօք այս մէկը ի՞նչպէս պիտի իրականացուի Հայաստանի պարագային:
Ի հարկէ, IRIի այս հետազօտութիւնները անարժէք չեն, անոնք շատ մը ուրիշ կարեւոր տուեալներ ունին. ըստ անոնց՝ մասնակցողներու 41 տոկոսը շատ դրական կը կարծեն Հայաստանի կառավարութեան վերջին փոփոխութիւնները, իսկ ուրիշ 41 տոկոս մըն ալ դրական կը կարծէ, 10 տոկոսը՝ բացասական, ուրիշ 3 տոկոս մը՝ խիստ բացասական, մնացած 5 տոկոսը պատասխան չունի: Իսկ կառավարութեան ամենամեծ յաջողութիւնը փտածութեան եւ կաշառակերութեան նուազումը կը կարծուի, իսկ ամենափոքր յաջողութիւնը՝ աշխատատեղերու ստեղծումը: Ներկայ կառավարութեան աշխատակազմի նշանակուիլը անյարմար եւ ամենամեծ ձախողութիւնը նկատուած է: Յառաջիկայ վեց ամիսներու ընթացքին Փաշինեանէն ակնկալուած երեք կարեւոր ձեռքբերումներն են՝ գործազուրկներուն աշխատանք ապահովել, տնտեսական եւ ընկերային հարցերը լուծել եւ կենսաթոշակները բարձրացնել: Ժողովուրդի 72 տոկոսը կը խորհի, թէ Հայաստանը իր ուղիղ ճամբուն վրայ է, իսկ 1 տոկոսը՝ ոչ, մնացած 17 տոկոսը կարծիք չունի: Տնտեսական իրավիճակի մասին միայն 8 տոկոսը կը կարծէ, թէ շատ բարելաւուած է, 32 տոկոսը՝ որոշ չափով բարելաւուած, 45 տոկոսը կը կարծէ՝ նոյնն է, 11 տոկոսը՝ աւելի վատ, 2 տոկոսը՝ շատ վատ, մնացած 2 տոկոսը չի գիտեր: Շատ կարեւոր կէտ մըն ալ ան է, որ ժողովուրդին 61 տոկոսը որոշած է երբեք չքուէարկել ՀՀԿին: Հայաստանի բարենպաստ քաղաքագէտներու եւ յայտնի անձնաւորութիւններու 26 հոգինոց ցանկը գլխաւորած են Փաշինեանը եւ Արմէն Սարգսեանը (համապատասխանաբար՝ 82 եւ 81 տոկոսներով): Ծառուկեանը միայն 51 տոկոսով գնահատուած է, իսկ ցանկին պոչը բռնած են Տէր Պետրոսեան, Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, Շարմազանով եւ Արմէն Աշոտեան՝ համապատասխանաբար 18, 13, 12, 10 եւ 8 տոկոսներով: Արդարեւ ուսումնասիրութիւնը շատ երկար է եւ մէկ յօդուածով կարելի չէ ամէն ինչ ընդգրկել:
Վերջապէս, մենք յոյսով ենք, որ քարոզարշաւը եւ ընտրութիւնները պիտի կայանան հանդարտ, խաղաղ եւ հայուն վայելուչ մթնոլորտի մէջ: Նաեւ յոյսով ենք, որ արդարութիւնը վերջապէս պիտի տիրէ մեր երկրին մէջ, եւ բոլորս միասին պիտի կերտենք մեր փայլուն ապագան: Յաղթանակին հասնիլը շատ դժուար է ու կարեւոր, սակայն յաղթանակը պահելը՝ աւելի բարդ ու հիմնական: Ներկայ առիթը պէտք չէ՛ կորսնցնել, թերեւս անիկա վերջինը ըլլայ:
Լոս Անճելըս