Երիտասարդ Գրիչներ
ՆԱՐԷ ՇԱՐՄԱԶԱՆՈՎԱ
Լուսանկարը` Նարէ Շարմազանովայի
Տալայ Լաման կ’ըսէ՝ տարուան մէջ գոնէ մէկ անգամ գնայ այն տեղը, ուր երբեւէ չես եղած: Թերեւս քու իսկ անձդ նորովի բացայայտելու համար: Մէկ ուրիշ մըն ալ ըսած է՝ գացէք այն վայրը, ուր եղած էք շատոնց, ուր ամէն ինչ նոյնն է, եւ կը զգաք, թէ որքանով փոխուած էք: Այստեղ մարտահրաւէր կը նետէ յոյն փիլիսոփան, թէ նոյն գետը երկու անգամ չես մտներ:
Այդպէս է. մենք անընդհատ եւ շարունակաբար կը փոխուինք, քիչ թէ շատ՝ 0.01 տոկոսով, թէ հիմնովին, էական չէ: Ընդունինք այս դրոյթը ու անցնինք հետեւանքին: Իսկ հետեւանքը փնտռտուքն է, երբ կը փորձենք տարիներ անց գտնել անցեալը, հարազատ վայրի մէջ ձգուած մանկութիւնը, յուշերն ու ապրումները, դէմքերն ու «ես»ը, որ վաղուց արդէն նախկինը չէ: Տեսակ մը գունափոխուած, եթէ կ’ուզէք՝ հասունցած կամ ճախրանքի բարձրութենէն ցած ինկած: Հիմա անոր կ’ըսեն՝ մեծցած ես: Իսկ ես կը խճճուիմ այն խաղաղութեան մէջ, ուր եկած եմ փնտռելու, թէ ուր հասած եմ ի վերջոյ:
Գիւղական անդորր, իշխանական, հինաւուրց գերեզմանատուն, անբացատրելի խաղաղութիւն, միջնադարի ու նորագոյնի խաչմերուկին կանգնած Սանահին
Լուսանկարը` Նարէ Շարմազանովայի
Տարիներ առաջ ամէն ամառ կ’երթայի մեծ մօրս տունը, կը հաւաքէի բակի փոքրիկներն ու արշաւ կը կազմակերպէի դէպի Սանահին: Հաց ու պանիրի բրդուճներով, մեծ մօրս տունէն բեռնաւորուած «կահ կարասիով», աղմուկ աղաղակով կը քալէինք գիւղի նեղ ճամբայէն: Մինչեւ հիմա ալ չեմ հասկնար, թէ ինչպէս գիւղի մեծ մայրիկները կը հասկնային, որ իրենցմէ չեմ:
-Այ, ձագուկս, քաղաքէ՞ն ես: Որոնցմէ՞ ես:
Ես ալ գերագոյն հաճոյքով, որ հնարաւորութիւն կայ ներկայանալու, տեղը տեղին կը պատմէի: Այս անգամ այլ էր. փոքրիկ Նարէն չկար, ոչ ալ իր ընկերներն ու աղմուկ աղաղակը, որով կը լեցուէին գիւղի խաղաղ ճամբան: Փոխարէնը կար սուր կարօտ. Ա՜խ, այստեղ կը նստէր մեծ մայրիկը, որ ամէն անգամ կը կանչէր, իր գործած գուլպաներէն կը նուիրէր, որպէսզի Երեւանի մէջ ձմրան հագնիմ ու չմսիմ: Ան ալ չկայ, եօթը տարի անցած է, տեսակ մը կը վախնամ թակելու դարպասը եւ ներս մտնել, թերեւս չգտնեմ զինքը: Հակառակ ասոր՝ սպասում մը կար, որ համոզում էր. պէտք է հնարաւորինս արագ հասնիլ վանք, այդտեղ է ան, որ հաւատարիմ է, երբեք չի լքեր եւ կ’արձագանգէ իրեն կանչողին:
Լուսանկարը` Նարէ Շարմազանովայի
Այս անգամ արշաւ չէր, արդէն գիտեմ՝ ինչ է ուխտը, շիրիմներու հետ զրուցելը, վանքին մէջ առանձին շարական երգելը՝ «Տէր ողորմեա…»:
Շըշշշ…
Սանահինը ինծի պէս դատարկ էր, մարդկային որեւէ շունչ չկար: Հաւանաբար այդ էր պատճառը, որ օգնեց մեզի իրարմով լեցուելու, կը վայելէի մենութիւնը: Կ’ուզէի միայն ես հաղորդակցիլ աստուածային հրաշքին, ժամերով մտածել՝ սիւնին յենուած, լսել լռութեան ձայնը: Լռութիւնը ապրեցնող էր, լռութիւնը ըմբոստ չէր: Այնքան հեշտ է անոր հետ ընկերանալը, երբեք չի հակաճառեր, ինչ ալ ըսես` կը համաձայնի: Եւ ամառնային քամիի հետ ականջիս կը հասնին սաղմոսները: Այստեղ` աշխարհէն ու աշխարհիկէն հեռու, քաղաքի թոհուբոհէն ու վազքէն պոկուած՝ դուն քեզի զօրաւոր ու պաշտպանուած կը զգաս անսահման ազատութեան մէջ: Ազատութիւն, որ քաղաքին մէջ պարիսպներ կը կառուցէ, շատ պարագաներու կը վնասէ դիմացինը: Ընտելացած ենք, չէ՞, անընդհատ լսելու՝ իմ իրաւունքը, իմ տարածքը, ես, չփորձես խոչընդոտել, ազատ արտայայտուելու, տեղաշարժուելու, կրթութեան, աշխատանքի, հանգիստի իրաւունքներուն: Այսպէս հարիւրաւոր իրաւունքներու պատեր, որ կարծես ազատութիւն պիտի բերեն, բայց ճաղեր կը շարեն, մինչեւ իսկ երկու մարդու միջեւ: Որո՞ւ պէտք են անոնք, եթէ չկայ իրականը՝ ազատութիւնը: Ուրեմն ի՞նչ, ազատութիւնը այնտեղ է, ուր մարդիկ չկա՞ն: Ազատութիւնը այստե՞ղ է՝ վանքի՞ն մէջ, ուր շիրիմներու ամբողջ քաղաք մըն է: Անոնք լուռ են, չեն պահանջեր իրենց իրաւունքները, չեն սահմաներ իրենց տարածքը, անհաղորդ են: Բայց շատ ազդեցիկ ուղերձով՝ «Սա ալ կ’անցնի», ինչպէս ժամանակ մը իրենք անցած են՝ նշանաւոր մարդիկ, պատերազմներ յաղթած իշխաններ, վանքեր ու քաղաքներ կառուցած թագաւորներ, բարեգործ եւ ողորմած թագուհիներ: Այո՛, անոնք անցեալ են, հետաքրքրականը այն է, որ ինչքան ալ բանականօրէն հասկնաս, որ օր մը դուն ալ իրենց պէս անցեալ պիտի դառնաս, միեւնոյնն է, ժամանակէն դուրս չես կրնար պատկերացնել դուն քու անձդ: Որքան հրաշալի է այն ազատութիւնը, որ ժամանակէն դուրս է: Այստեղ ոեւէ մէկուն ապացուցելու բան չկայ, այստեղ կայ երկու «ես»՝ դուն եւ ան, որ յաւիտենութեան մէջ էք: Ան չի դատեր, չի ցաւցներ, համբերատար է: Եւ որքան ալ աշխարհի աղմուկը փորձէ բաժնել մեզ, լռութիւնը կ’աղաղակէ՝ դուք լաւ էք, մարդիկ, ես կը սիրեմ ձեզ:
Բնագիրը՝ արեւելահայերէն
Աղբիւրը՝ 17.am
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
«Զարթօնք»ի աշխատակից
Կը հրատարակենք հեղինակին արտօնութեամբ