Տխուր մեկնումին առիթով

ՊԻՏԻ ԿԱՐՕՏՆԱՆՔ, ՍԻՐԵԼԻ ՄԽՕ…

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Որքան ալ անակնկալ չէր Մխոյին* մեկնումը, այնուամենայնիւ, խոր ցաւ պատճառեց իր ընտանիքին, հարազատներուն, բարեկամներուն եւ ընկերներուն, որոնք «բանակ» մը կը կազմէին։

Յաղթանդամ, տոկուն ու ջղուտ էր Մխոն, պատանեկութենէն մինչեւ իր չափահասութիւնը։ Լողորդ էր ու մարզիկ։ Զարեհ-Նուպարը, ապա, Ալեք Մանուկեան կեդրոնը, իր հարազատ օճախներն էին, որոնցմէ շատ բան սորվեցաւ ու սորվեցուց, հասնելով մինչեւ ղեկավարական դիրքերու, ՀԲԸ Միութենէն եւ ՀԵ Ընկերակցութենէն ներս։

Համակ «կրակ» էր, իր աշխուժութեամբ եւ ժրաջանութեամբ, միշտ հաւատալով որ երիտասարդութեան պէտք է տեղ տալ, քաջալերել ու զօրակցիլ, որովհետեւ անիկա է եւ պիտի մնայ ամրակուռ գրաւականը հայ ժողովուրդին։

Այդպէս դաստիարակած էին իրեն Մուսալեռցի (Հաճի Հապեպլցի) ծնողները՝ Հայկը եւ Մանուշակը, որոնց մօտ հայրենասիրութիւնը եւ ազգասիրութիւնը գերիվեր էին որեւէ նկատառումէ, իսկ անոնց նուիրուիլն ու ծառայութիւնը՝ բիւրեղեայ սրբութիւններ։

Հայրը՝ Հայկ Մարտիրեան, ազնուութեան ու պարկեշտութեան բացառիկ օրինակ մըն էր, ոչ միայն իր զաւակներուն նկատմամբ տածելով հոգատար ու խնամատար ազգային ու տոհմիկ կրթութիւն, այլեւ՝ իր հայրենակիցներուն՝ մուսալեռցիներուն, իր ծառայասիրութեամբ, օժանդակութեամբ ու նուիրուածութեամբ։

Պատահական չէր, որ երկարամեայ վաստակաւոր ատենապետը եղաւ Մուսալեռցիներու Հայրենակցական Միութեան, իր շուրջ համախմբելով թէ՛ ազատ ասպարէզի, թէ՛ մտաւորականներու (բոլորը Մելգոնեանցիներ) ամբողջ փաղանգ մը, յաչս հայրենիքին ու Մուսալեռցիներուն մնալով յառաջատար դիրքի վրայ։

Մխոն՝ իր հօրմէ ժառանգած ազգային գիծը, երիտասարդական ոգիով շնչաւորեց ու զայն ներարկեց իր հասակակիցներուն եւ յաջորդական սերունդներուն, որովհետեւ հաւատացած էր այդ տեսիլքին, նոյնիսկ իր քոյրերը՝ Վարդուհին, Սօսին, Ալիսը, Սիլվան եւ եղբայրը՝ Արտաշը ներառնելով հայանպաստ գործունէութիւններէն ներս, համոզուած ըլլալով որ ատոնք են ճիշդ ուղին։

***

Ես Մխոյին հետ առընչուած եմ ազգականական եւ հայրենակցական արմատներով, մանաւանդ Այն Մըրէյսիի մէջ, ուր ես եւ իմ տարեկիցներս, կը հիանայինք Մխոյին եւ իր տարեկիցներուն ընկերային-գաղափարական եռանդուն ու նուիրեալ գործին, որ շուտով «թաղային» դրուածքէն անցաւ Զարեհ-Նուպարական ոլորտ, շատերս ընդգրկելով անոր սկաուտական, մարզական, մշակութային եւ ընկերային մարզերէն ներս, Մխոն ըլլալով գլխաւոր մղիչ ուժերէն մէկը։

***

1970-ին, աւարտելով Երեւանի Պետական Համալսարանը, վերադարձայ Պէյրութ եւ որոշեցի առիթով մը հանդիպիլ Մխոյին, Պուրճի իր վաճառատան մէջ եւ մտերմաբար զրուցել, մուսալեռցիական լեզուով եւ այնմըրէյսիական յուշերով։

Առաջին հարցումը եղաւ. «Ի՞նչ պիտի ընես հիմա»։ Ըսի. «Ուր որ դիմած եմ, աշխատանք չեմ գտած»։ Պատասխանեց. «Միակ տեղը, ուր պէտք է գործես, ատիկա Բարեգործականն է, ես կը փորձեմ դուռ մը բանալ քեզի»։

Եւ իրօք, նոյն թուականի Օգոստոսին, բազմավաստակ տնօրէն՝ Պրն. Արա Թոփճեանը, զիս հրաւիրեց իր մօտ եւ… առաջնորդեց ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական գրասենեակ եւ անկէ սկսաւ իմ ազգային-միութենական-խմբագրական-կրթական գործունէութեանս երթը, իսկ Մխոն, ամէն զիս տեսնելուն, կ’ըսէր. «Տեսա՞ր ուր հասար…»։ Անշուշտ, ես երախտապարտ եմ Մխոյին, բայց, (չեմ գիտեր) յուշե՞ց, միջամտե՞ց, թէ՞ բարոյախօսեց իմ մասիս եւ ես ընդգրկուեցայ այդ սրտամօտիկ աշխարհէն ներս։

«Զարթօնք» օրաթերթի մնայուն երկրպագու մըն էր, որովհետեւ իրեն համար, խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեանը «տարբեր» մարդ էր, ուրի՜շ էր, հետեւաբար, անոր մէկ խօսքը, երկու չէր կրնար ըլլալ, յատկապէս, երբ կարեւոր իրադարձութեան մը նշում կար, որուն անսակարկ կը նուիրուէր ու կը նուիրաբերէր։

Գերսամին համար Մխոն, Կարպիս Մարգարեանը, Տոքթ. Միհրան Սիմոնեանը եւ Արշօ Թիւթիւնճեանը անգին սիրելիներ էին, նոյնիսկ նախանձը գրգռելով… կուսակցականներուն, որովհետեւ Գերսամ անոնց մէջ տեսած էր վեհանձնութիւն եւ առաքինութիւն, իսկ իրենք՝ իր մէջ, մեծութիւն եւ առաքելութիւն։

Ազգային բարերար, ՀԲԸՄ-ի եւ ՀԵԸ-ի երկարամեայ ղեկավար՝ Պրն. Կարպիս Լ. Նազարեան, մեծապէս կը գնահատէր Մխոյին ազգային-միութենական ծառայութիւնները, մանաւանդ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի օրերուն տեսնելով խումբ մը նուիրեալներու գործակցութեամբ, անոր ամբողջական հսկողութիւնը Ալեք Մանուկեան կեդրոնին, անոր անվտանգութիւնը ապահովելու ու շրջանի հայութեան օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութեամբ։

Թերեւս այդ էր պատճառը, որ յետագային ան դարձաւ Միութեան Շրջանակային Յանձնաժողովի գանձապահ, լաւագոյնս կատարելով իր պաշտօնը, գովելի արդիւնաւէտութեամբ ու ջանադրութեամբ։

***

Կ’արժէ յիշել նաեւ, թէ Մխոն որքան հոգածու ու բծախնդիր էր իր հօր հանգիստին եւ առողջութեան նկատմամբ, որ «կը յամառէր» մինակը ապրիլ Այն Մըրէյսիի իր բազմասենեակ բնակարանին մէջ։

Հայկ Մարտիրեանին այդ վճռակամութիւնը կը բացատրուէր անով, որ ան իր տան պարտէզը վերածած էր մուսալեռցիներու հաւաքավայրի, ուր պատերազմի օրերուն անոնք կը համախմբուէին, ազգային-քաղաքական «քննարկումներ» կը կատարէին, «պլոթ» կամ «նարտի» կը խաղային, սակայն, իրականութիւնը այն էր, որ Հայկը կ’ուզէր ցոյց տալ շրջանի հայութեան, որ իրենք հոն են, չեն տեղափոխուած այլուր եւ տէրն են իրենց հայրենակիցներուն։

Իսկ Մխոն, ամէն առաւօտ կը հանդիպէր հօրը, «խաթրը» կ’առնէր, կարիքները կ’ապահովէր եւ իր գործին կ’երթար… արեւելեան շրջան, երեկոյեան, հակառակ անապահովութեան, արեւմտեան շրջան կը վերադառնար՝ իր ընտանիքին, հօրը եւ… Ակումբին (ամէնէն առաջ) հետ ըլլալու։

Ընտանեկան-ազգային ինչպիսի՜ գիտակցութիւն ու պատասխանատուութիւն։

Այսպէս էր Մխոն, որ կորսնցուցինք բոլորս։

Միութենական կեանքը եւ իր մեծ շրջանակը, մեծ «բացակայ» մը արձանագրեցին Մխոյին մեկնումով։ Իր սիրեցեալ մօր, հոգեհատոր որդի՝ Հայկին եւ նահապետ հօր միանալով, Մխոն երկնային կեանքին մէջ, կրնայ հանգստօրէն ննջել, որովհետեւ իր վառ յիշատակներն ու գործնապաշտ ներդրումները կը մնան անջնջելի։

Տիկինը՝ Վարդուկ, դուստրը՝ Կասիան, քոյրերը եւ եղբայրը կրնան հպարտանալ Մխոյին անձով ու գործով։

***

Ես, մերթ ընդ մերթ, տիկնոջ՝ Վարդուկին կը հեռաձայնէի ու կը հետաքրքրուէի Մխոյով, պատասխանը միշտ կ’ըլլար. «Նոյն վիճակին մէջն է, անշարժ պառկած է»։

Օր մըն ալ, երբ հեռաձայնեցի, Վարդուկը ըսաւ. «Գիտե՞ս, քանի մը օր առաջ, յանկարծ անունդ տուաւ՝ Պարոյր»։

Յուզիչ էր, Վստահաբար, իր կորսնցուցած յիշողութեան մէջ, ինչ որ տեղ, հազուադէպօրէն, կը ծագէին նման աղօտ լոյսեր։

*ՄԽՕ անուանումը զուտ Մուսալեռցիական է, փաղաքշականգաւառականբարբառային իմաստով, փոխարինելով՝ Միքայէլը։

Պէյրութ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *