ՏԱՐԱԿԱՐԾԻՔ ՂԵԿԱՎԱՐՆԵՐ Կ՚ՈԳԵԿՈՉԵՆ Ա. ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ

ՎԻՎԻԷՆ ՈՒՈԼԹ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Փարիզի մէջ, Նոյեմբեր 10-ին, բազմաթիւ երկիրներու ղեկավարներ, պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին ոգեկոչեցին Ա. Համաշխարհային պատերազմի հարիւրամեակը։ Այդ առիթով կազմակերպուած այլազան հանդիպումները, կամ՝ հանդիսութիւնները, շուքի մէջ մնացին, Մ. Նահանգներու նախագահ Տ. Թրամփի ու Ֆրանսայի նախագահ Է. Մաքրոնի միջեւ ծայր առած բանավէճի հետեւանքով։

Հակաճառերը զարգացան, երբ Մաքրոն, Նոյեմբեր 6-ին, ձայնասփիւռէն,  տեսակցութեան մը ընթացքին, բացայայտեց «եւրոպական իրական բանակ»ի մը կազմութեան ծրագիրը։ Անիկա յատկապէս ակնարկեց աճող սպառնալիքներու մասին, ինչպէս համացանցով (cyber) կամ ընտրութեանց միջամտութեամբ։ Անիկա յատկապէս կարիքը տեսաւ պաշտպանուելու «Չինաստանի, Ռուսաստանի ու նոյնիսկ Ամերիկայի դէմ»։

Նախագահ Թրամփ, երեք օր ետք երբ Փարիզ հասաւ, յայտնեց թէ Մաքրոնի վերոյիշեալ գաղափարը «շատ վարկաբեկիչ էր»։ Երկու ղեկավարները, Նոյեմբեր 10-ին, երբ հանդիպեցան Էլիզէի պալատին մէջ, խորհրդակցելու համար Եւրոպայի Պաշտպանութեան ծախսերու մասին, միայն սառած ժպիտներ փոխանակեցին, մինչ իրենց Յուլիս 2017-ի հանդիպումը կը յատկանշուէր զեղուն ողջագուրումներով։ Տեսականօրէն, այս առիթը յատկանշուելու էր Ֆրանքօ-ամերիկեան դարաւոր բարեկամութեամբ։ Նոյեմբեր 10-ին, մինչ Քանատայի, Գերմանիոյ ու Ֆրանսայի ղեկավարները յարգանքի իրենց տուրքը մատուցին իրենց երկրի զոհերուն, նախագահ Թրամփ զանց առաւ իր այցը, Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ընթացքին, Էսն-Մառն ճակատի վրայ զոհուած աւելի քան 2,200 ամերիկացի զինուորներու գերեզմանին, աննպաստ եղանակը պատճառ դառնալով այդ տեղափոխութեան։

Յաջորդ օրը, «Յաղթականի կամար»ին տակ, Մաքրոն իր ամէնէն սուր կշտամբանքը արձակեց Թրամփի, «Ամերիկա ամէն բանէ առաջ» լոզունգին դէմ։ «Ազգայնականութիւնը ուրացումն է հայրենասիրութեան», ըսաւ ան, Ա. Մէրքէլի ու Վ. Փութինի հայեացքներուն տակ։ «Նման յայտարարութեամբ նախասիրած կ՚ըլլանք մեր շահերը, արհամարհելով ուրիշները, արժէքազրկած կ՚ըլլանք ազգի մը ամէնէն սրտամօտ… հոգեկան արժանիքները»։

Մաքրոն համոզուած է, որ Թրամփ կարեւորութիւն պիտի չտայ իր խօսքերուն։ Անոր կոչերը ապարդիւն պիտի դառնան որպէսզի Թրամփ չխրամատէ (to ditch) Իրանի հետ հիւլէական  Փարիզի համաձայնագիրը ու կլիմայական փոփոխութեան համաձայնագիրը (climate change treaty)։ Մաքրոնի կոչերը անհետեւանք պիտի մնան նաեւ ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ տեղափոխման, կամ՝ Մ. Նահանգներէն դէպի եւրոպական երկիրներ ու Քանատա կատարուած ներածումներուն վրայ, հաստատուած տուրքերու վերացումին կապակցութեամբ։

Այս պատճառով է, որ Մաքրոն ու Մերքէլ կրկնապատկած են իրենց կոչերը, ուղղուած եւրոպական երկիրներուն, որպէսզի իրենց ուղիները ամրապնդեն։ Մաքրոն կը տարածէ այն տեսակէտը, թէ եւրոպական զինեալ ուժերը զօրաշարժի ենթարկուելու են պատերազմի մը հաւանականութեան ընդառաջ։ Առանց այդ պատրաստութեան եւրոպացիները միշտ կախեալ պիտի մնան «դուրսի» օգնութենէն։ Այդ դուրսը հաստատապէս կը նշանակէ Մ. Նահանգները։

Եւրոպան արդէն բացայայտած է ընդհանուր պաշտպանութեան քաղաքականութիւնը, որուն բանաձեւեալ դաշնագրին տակ ստորագրած էին 25 եւրոպական երկիրներ, ձեռնարկելով անոր աստիճանական գործադրութեան։

«Եւրոպական բանակ»ի գաղափարը չի կրնար սակայն փոխարինել ՆԱԹՕ-ն, կամ՝ մրցակցիլ անոր հետ։ Դժուար թէ անիկա իրագործելի դառնայ։ Եւրոպան պիտի շարունակէ կախեալ մնալ ամերիկեան օգնութենէն՝ ռազմավարական գետնի վրայ։ Այս հիման վրայ է, որ այնուհետեւ զարգացան զինեալ ուժերը Եւրոպայի մէջ. «Այս վերջինները կը գործեն դաշնակցային դրութեամբ եւ ամերիկեան ղեկավարութեամբ»։

Մաքրոն յոյժ գիտակից է, որ եւրոպական առանձին զինեալ ուժերու ծրագիրը երազային է։ Այսուհանդերձ, անիկա կ՚ուզէ հասկցնել, թէ 70 տարիներ ետք, Եւրոպան չի կրնար այլեւս ամերիկեան անսայթաք օգնութեան ապաւինիլ։ Մանաւանդ որ, ամերիկացի ղեկավարները ա՛յլ դաշնակցութիւններ կազմելու վրայ են Ճափոնի, Աւստրալիոյ ու Մեքսիքոյի հետ, եւ արդէն trans-pacific վաճառականական նոր համաձայնագիր մը կնքած են, ջնջելով նախկինը։ Այս պատճառով ալ, եւրոպական երկիրները ստեղծած են զուգահեռ վաճառականական դրութիւն մը Իրանի հետ, անոր նետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրը ի զօրու պահելու համար։ Զուգահեռաբար, աշխատանք կը տանին, որպէսզի կլիմայի համաձայնագիրն ալ ի զօրու մնայ։

Յառաջիկայ Նոյեմբեր 30-ին G-20-երու համագումարին Պուէնոս Այրէսի մէջ, Մաքրոն, Մերքէլ ու Թրուտօ առիթը պիտի ունենան պաշտպանելու իրենց ծրագիրը։ Սակայն Թրամփ յայտնած է արդէն իր անդրդուելի կեցուածքը։ Արդարեւ, Նոյեմբեր 13-ին, ակնարկելով Մաքրոնի վերոնշեալ յայտարարութեան պատասխանած է. «Չկայ աւելի ազգայնական երկիր մը քան Ֆրանսան»։ Արժանթինի գագաթաժովովին, Թրամփի նախապատուութիւնները պիտի ըլլան հանդիպումներ ազգայնական Փութինի ու Չինաստանի նախագահ Սի Ցինփինի հետ, եւ ոչ թէ՝ արեւմտեան պետերու հետ։ Ճեղքը արեւմտեան Եւրոպայի ղեկավարութեանց հետ ակներեւ պիտի դառնայ։

Դար մը առաջ, բաժանումը աշխարհի մեծ պետութիւններուն միջեւ առաջնորդեց մարդկութեան ամէնէն արիւնալի հակամարտութեան։ Նոյեմբեր 11-ին Ա. Աշխարհամարտի զինադուլի տարեդարձի օրը, Փարիզի մէջ գումարուած խաղաղութեան եռօրեայ ժողովին, Մաքրոն յայտարարած է. «Արդեօք այս հանդիպումը պիտի ըլլայ խաղաղութեան վերջի՞ն հաւաքը, աշխարհ դէպի խռովութեան ընթանալէ առաջ. պատասխանը մեզմէ կախեալ է»։ Տ. Թրամփ հոն ներկայ չէր արդէն. դէպի Ուաշինկթըն մեկնումի իր ճամբուն վրայ էր։

 

Ազատ թարգմանութիւն՝

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Թայմ», Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 2018

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *