Գաղթականական տեղաշարժ

ԿԱՐԱՒԱՆԸ ՀՈՆՏՈՒՐԱՍԷՆ

Ioan Grillo / Huehuetan, Mexico

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ. Հազարաւոր մղոն հեռու Ռիօ Կրանտէ գետի հարաւային մասէն, Լեզլի Սիոմարա Չիրինոս յոգնասպառ կը քալէր դէպի Մեքսիքօ տանող ճամբայէ մը, փորձելով հանդարտեցնել Մըրֆի կոչեցեալ մէկ տարեկան զաւակը, մինչ ամուսինը հովանոցով կը փորձէր պաշտպանել զանոնք կիզիչ արեւէն։ Անցեալ Հոկտեմբեր 13-ին անոնք լքեցին Հոնտուրասի Լա Սիպա քաղաքի իրենց օճախը, միանալու համար դէպի հիւսիս գաղթող, հազարաւորներէ բաղկացեալ կարաւանին։ Այնուհետեւ անոնք կը քալէին երկար ժամերէ իվեր։ Անոնցմէ ոմանք կը ցատկէին բեռնակառքերու վրայ, քնանալով ճեմավայրերու մէջ, սնանելով ողորմութեամբ։

31-ամեայ Չիրինոս կը պատմէ, թէ իրենց ընտանիքին պատկանող նպարեղէնի խանութը գալով, հրոսակները մահուան սպառնալիքներ կատարած էին։ Այդ միջոցառումը մէկ ձեւն էր կեղեքումի՝ սպանութեան սպառնալիքով միատեղ։ «Խանութին առջեւ մեծ զէնքեր քաշած կը սպասեն, մեր վախէն չհամարձակելով դուրս ելլել։ Զինուորական ոստիկանութիւնը հոն, դուրսն է, սակայն չի միջամտեր»։

Չիրինոսները կը յուսան ապաստան գտնել Մ. Նահանգներու մէջ, հոն պաշտպանուած ըլլալու համար աւազակներու դէմ, կարողանալով աշխատիլ՝ ընտանիքին անդամները կերակրելու համար»։

Գաղթականներու կարաւանները եւ ապաստան փնտռողները իսկական մղձաւանջ մը դարձած են Մ. Նահանգներու նախագահին՝ Տ. Թրամփի համար։ Այս վերջինը միթինկներու ընթացքին յայտնած է, թէ խուլիգաններ ու վտանգաւոր մարդիկ Միջին Արեւելքէն թափանցած են գաղթականներու խումբերէն ներս, թէ այս բոլորի ետին են տեմոքրաթները. բնական է այս բոլոր մեղադրանքները առանց մէկ փաստի։ Բնականաբար, Պրն. Նախագահը այս բոլորը կրնայ օգտագործել Նոյեմբերի ընտրական միթինկներու նախօրեակին։ Արդարեւ, Հոկտեմբեր 18-ին կատարուած վիճակագրութիւն մը ցոյց կու տար, թէ քուէարկողներուն 55 առ հարիւրը կը հաւատային, թէ գաղթականութիւնը յոյժ կարեւոր հարց մըն էր։ Բաց աստի, Հոկտեմբեր 29-ին, նախագահ Թրամփ կը յայտարարէր, թէ Գործադիրի իրաւասութեամբ, կը ծրագրէր վերջ տալ երկրին ծնունդով հպատակութեան իրաւունքին. նախաձեռնութիւն մը, որ համաձայն բազմաթիւ իրաւաբաններու, հակասահմանադրական է։

Վերոյիշեալ բոլոր իրողութիւններէն անդին, Թրամփի վարչակազմը լուրջ նախաձեռնութիւններ առած է, կարաւանը երկրէն դուրս պահելու համար։ Պրն. նախագահը յայտարարած է, թէ պատրաստ է մինչեւ 15,000 զինուոր ուղարկելու Ամերիկայի սահմանը։ Homeland Security-ի քարտուղար Kirstjen Nielson «Ֆոքս Նիուզ»ի կայանէն ազդարարած է. «Մի գա՛ք, ներս պիտի չընդունինք»։

Կարաւանի կազմութեան նախօրեակին, Հոնտուրասի մէջ գաղթականութեան ջատագովներ, կոչ կ՚ուղղէին՝ Սան Փետրօ Սուլա քաղաքին օթոպիւսի կանգառը հաւաքուելու։ Մեծ թիւով համախմբումները ձեւով մը ինքնապաշտպանուած կը նկատուէին մեքսիքական քարթէլներու կողմէ առեւանգուելէ, եւ թէ դաշակցային ոստիկանութեան կողմէ՝ արգելափակուելէ կամ տարագրուելէ։

Սկիզբը, քանի մը հարիւր հոգի միայն ընդառաջեցին հաւաքի կոչին։ Սակայն երբ հեռատեսիլի տեղական կայանները լուսարձակի տակ առին հաւաքուողները, ընդառաջողներուն թիւը բարձրացաւ հազարներու։ «Մարդիկ ընդառաջեցին, որովհետեւ իրենց գոյավիճակը ծանրագոյն աստիճանի հասած էր» ըստ Հոնտուրասի հեռատեսիլի մէկ կայանի լրաբեր Օրլին Քասթրոյի. «Ասիկա իմ երկրիս վատագոյն գոյավիճակն է»։

Հակառակ որ ոճրագործութեանց բարձր թիւը իջած է վերջին տարիներուն, Հոնտուրաս պատուհասուած է լայնատարած սպանութիւններով եւ աղքատութեամբ։ Նախագահ Խուան Օրլանտօ Հերնանտէզ, ընթացիկ տարուան Յունուարին, վերընտրուեցաւ երկրորդ շրջանի մը համար։ Ընտրութիւնները արատաւորուած էին խարդախութեամբ ու բռնութիւններով, որոնք պատճառեցին տասնեակներով մահեր։ Բնականաբար, նման գոյավիճակ մը ունեցող երկրէ մը, «պարզ է, թէ մարդիկ պիտի փախչէին», կ՚եզրակացնէ Էտըմ Այզըքսըն՝ Ուաշինկթընի ներկայացուցիչը Լատին Ամերիկայի մէջ։

Նոյնիսկ գաղթականական վերոյիշեալ կարաւանէն առաջ, Հոնտուրասի քաղաքացիներուն համար Մ. Նահանգները առաջնակարգ երկիր մը եղած է ապաստանելու համար։ Նոյն ընդհանրացումը կարելի է ընել Վենեզուելայի, Էլ-Սալվատորի ու Կուաթըմալայի քաղաքացիներուն համար։ Այսուհանդերձ, ամերիկեան դատարանները կարծր գտնուած են, Հոնտուրասէն ամերիկեան հպատակութեան համար դիմողներուն հանդէպ, անոնցմէ 78 առ հարիւրը մերժուելով 2012-էն 2017-ի միջեւ։ Անցեալ Յունիսին, ընդհանուր դատախազ (ներկայիս հրաժարած) Ճէֆ Սեշընզ հրահանգած էր աւելի խստացնել ընդունման որականիշը (criterion)։ «Տ. Թրամփ չի նկատեր զանոնք (դիմողները) իբրեւ մարդկային էակներ, այլ՝ կենդանիներ», յայտնած է Իրինքօ Մուհի, գաղթականներու թիկունք կանգնող Փուեպլօ Սին Ֆրոնթերաս կազմակերպութեան մէկ օգնականը։

Նախագահ Տ. Թրամփի կարծր կեցուածքը սակայն չէ կասեցուցած մարդկային այս հոսանքը։ 7000-էն աւելի բարձրացած էր նախնական թիւը կարաւանին, մինչ  գաղթողներու ընդարձակ ուրիշ բազմութիւն մը կ՚ուղղուէր Մեքսիքոյի դէպի հարաւային կողմը։ Հոկտեմբեր 28-ին, Մեքսիքոյի դաշնակցային ոստիկանութիւնը փակեց կամուրջի մը անցքը, յառաջացնելով  բախումներ, որոնց հետեւանքով մէկ հոգի սպաննուեցաւ։ Հակառակ անոր, 1000 հոգիներ յաջողեցան գետը անցնիլ ու միանալ առաջին խումբին։ Նախագահ Թրամփ վճռեց վրանաքաղաքի տակ դնել Ամերիկայի սահմանը հասնողները։

Մինչ այդ, գաղթողներէն շատեր «Թայմ» շաբաթաթերթին յայտնած են, թէ մտադրած են Մեքսիքօ մնալ։ Կարաւանով եկողներէն արդէն 1700 հոգի դիմած են ապաստանի (asylum) համար։

Արդէն 4000-5000 հոգի ալ կը ծրագրեն հոն մնալ, իրենց շարունակելիք ճամբորդութեան մասին վերջնական որոշումի գալու համար։

Խոսուէ Մարթինէզ, 24 տարու իրաւաբանութեան ուսանող մը Սան Փետրօ Սուլա քաղաքէն, կը ծրագրէ մնալ Թիխուանայի մէջ, ուր ընտանիքը կ՚ապրի։ Անիկա կ՚օգնէ փախստական իր եղբօր, որուն հրոսակախումբ մը կը փորձէր բռնի անդամագրել։ «Ուսանողներ եւ անմեղ քաղաքացիներ կը սպաննուէին… տիրապետութիւնը հրոսակներուն կ՚աւելնար։ Վախն ու տեռորը կը տիրապետէին Հոնտուրասի մէջ»։

 

Տեղեկագրութիւն՝ Մայա Ռոտընի (Ուաշինկթըն)

Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

«Թայմ» շաբաթաթերթի Նոյեմբեր 12-ի թիւ

 

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ԵՒ ԵՐԵՒՈՅԹՆԵՐ

21-րդ դարու զարգացող «պատուհասներէն» է զանգուածային գաղթականութիւնը։ Ասիկա գոյութիւն ունէր արդէն Հարաւային Ամերիկայի մէջ, յատկապէս Կուաթըմալայի, Սալվատորի եւ Հոնտուրասի մէջ։ Կարաւանային երեւոյթ ստացաւ վերջին քսանամեակին, երբ Միջին Արեւելքն ալ խանգարուեցաւ 2011-էն սկսեալ։

Շուրջ 25 միլիոնի կը բարձրանայ գաղթականներուն թիւը։ Ասոնք արդիւնք են պատերազմական շրջաններու՝ Ափրիկէի, Կեդրոնական Ամերիկայի ու Միջին Արեւելքի մէջ, ռմբակոծումներու եւ հալածանքներու իբրեւ հետեւանք։

Մ. Նահանգներ խստացուցած է գաղթականներու մուտքը երկրէն ներս։ Այսպէս, 1980-ական թուականներուն, մինչեւ 200,000 հոգի հպատակութիւն կրնային ստանալ, մինչ 2017-ին այդ թիւը իջած է 28,000-ի։ 64,000 մեքսիքացիներ ապաստան խնդրած են։ 226,000 հոգի արտաքսուած են մինչեւ 30 Սեպտեմբեր 2017։

444,000 վենեզուելացիներ արտագաղթած են։ Ապաստանի համար դիմած են 146,000 հոգի։

Գաղթականութեան ճամբան բռնած են նաեւ 340,000 քոլոմպիացներ։ Ուշագրաւ այլ երեւոյթ մըն է նաեւ, որ վերոյիշեալներէն շատեր կը գաղթեն դրացի երկիրներ։

Եւրոպական երկիրներուն մէջ ամէնէն թոյլատու պետութիւնը եղած է Գերմանիան, գաղթականները ընդունելու տեսակէտէն։ Սակայն, հետզհետէ, արեւմտեան Եւրոպայի երկիրները խստացուցած են իրենց օրէնքները քաղաքացիական հպատակութեան։ Յիշատակութեան արժանի է, որ Իտալիոյ վերջին ընտրութեանց, աջակողմեան հոսանքը իշխանութեան գլուխ եկած ըլլալով, կը ծրագրուի կէս միլիոնէն 600,000 գաղթականներ երկրէն արտաքսել, մինչեւ ներկայ կառավարութեան շրջանի աւարտը։

Գաղթականութիւնը հակակշռելու մէկ ձեւը, երկիրներու հաւաքական գործակցութիւնը կրնայ ըլլալ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *