Յարութիւն Գալայճեանի Միլիոնէն Մէկը Գիրքին Շնորհանդէսին Եւ «Զարթօնք» Մատենաշարի Մեկնարկումին Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեանի Խօսքը

Լիբանահայ իրականութեան մէջ մատենաշարի դրութիւնը նորութիւն չէ: Յետեղեռնեան լիբանահայ տպագրութեան երկրորդ տասնամեակին արդէն իսկ ականատես կը դառնանք մատենաշարերու հաստատումին, որոնք զարկ կու տան լիբանահայ գիրքի տպագրութեան, կը քաջալերեն հեղինակները եւ մատչելի գիներով հանրութեան կը հրամցնեն նոր հատորներ:

Հետեւաբար, մեր ըրածը նորութիւն չէ: Նորութիւն չէ նաեւ այն առումով որ Զարթօնք օրաթերթը եւ ատենին Զարթօնք տպարանը նման քայլերու ձեռնարկած են յաջողապէս: Յիշեցնեմ միայն որ լիբանահայ ընտանիքները երբ իրենց տուները կը կազմաւորէին, իրենց տան ծանրագին զարդը համարուող գրադարաններուն մէջ առաջին առթիւ կը նշմարուին լիբանահայ մամուլէն կազմուած թերթօնային գիրքերը: Զարթօնք իր հերթին հրատարակած է թերթօնային գիրքեր՝ պատանեկան, պատմական, եղեռնապատումի եւ այլ նիւթերով:

Մատենաշարին աղուորը նաեւ այն է որ ցոյց կու տայ հետեւողականութիւն, աջակցութիւն, օգտակարութիւն, ուրիշին սատարելու ձգտում: Լիբանահայ իրականութեան մէջ նշանաւոր մատենաշարերէն պէտք է յիշել Շիրակ երգարաններու մատենաշարը, նաեւ՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի Գէորգ Մելիտինեցի գրական մատենաշարը, որուն յիսնամեակն է այս տարի եւ ցարդ հրատարակած է առնուազն 95 հատոր:

Առիթը պատեհ է յիշատակելու վերջին տասնամեակի երկու մատենաշարերու երախտաւորներ՝ հանգուցեալներ Կարպիս Նազարեանը եւ Արմէն Յարութիւնեանը: Մաղթենք, որ իրենց հաստատած մատենաշարերը անցնին երկրորդ սերունդին:

Ներկայ Զարթօնք մատենաշարը ունի խորհրդանշական սկիզբ. ան կը սկսի Եղեռնեան յուշագրութեամբ: Կրնայ ըլլալ որ ոմանք հարցադրեն՝ նորէ՞ն Եղեռն, նորէ՞ն Ցեղասպանութիւն, աքսորի եւ տարագրութեան, հայրենազրկումի, կորուստի, տասանորդուելու մասին գիրք:

Այո, նորէ՛ն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որովհետեւ հայութեան, մեր մեծագոյն դասը մենք պէտք է սորվինք Հայոց Ցեղասպանութեան դասագիրքէն: Անով կը սկսի մեր Սփիւռքի ինքնութեան ձեւաւորումը, կերտումը: Անիկա անփոխարինելի աղբիւր է մեր յետեղեռնեան կեանքի, աշխարհընկալումի քայլերուն: Անով կրնանք կոշմնորոշուիլ այս աշխարհի մարդկային, քաղաքական, տնտեսական ու յարաբերական վերիվայրումներուն, առուծախներուն, դրդապատճառներուն, նպատակներուն եւ հետեւանքներուն մասին: Անիկա «գծաքաշ» է, որով կարելի է չափել մերօրեայ ամէն տեսակի շահատակութիւններուն, ճամարտակութիւններուն եւ բարենպատակ արարքներուն խորքը:

Ցեղասպանութիւնը մեզի համար նաեւ կեանքի աղբիւր է, կեանքը իր վեհ բարոյականութեամբ, մարդասիրական ձգտումներով, ծառայասիրութեամբ, իրարօգնութեամբ ապրելու եւ կենսագործելու խորհուրդ է: Ցեղասպանութիւնը նաեւ չվհատելու, չյուսահատելու, չտապալելու, չիյնալու, կամ իյնալէ ետք դարձեալ ոտքի կենալու, սպանուելէ ետք վերստին ծնելու ներշնչարան է:

Ահա թէ ինչու նաեւ սկզբունքային էր որ Զարթօնք մատենաշարին առջինեկը Եղեռնեան յուշագրութիւն ըլլայ:

Ոմանք կրնան ըսել, թէ ո՞վ է կարդացողը, ի՞նչ պէտք կար գումար ծախսելու նման ծրագրի մը վրայ, երբ աւելի կարեւոր բաներ իրագործելու անհրաժեշտութիւնը կայ:

Սիրելիներ, կարդացողները շատ են: Ոչ միայն  կարդալը, այլ գիրքին գոյութիւնը տան մէջ՝ ուրիշ տրամաբանութիւն, մտայնութիւն եւ էութիւն կը հաղորդէ անձին: Գիրքին գոյութիւնը տան մէջ՝ մեր մտապաստառին, մեր տեսադաշտին մէջ կը դնէ հաղորդակցելու, մտածելու, խորաթափանցելու, մակերեսէն անդին նայելու հասկացութիւնները. գիրքին հզօրութիւնը միայն զայն կարդալուն մէջ չէ: Գիրքը նաեւ ինքնութիւն է, հաւաստիք՝ թէ մենք գիրքի ժողովուրդ ենք, մշակոյթի տէր ազգ, որ գիտէ բարեշրջել իր ընթացքը, յարմարիլ նոր կենսաձեւերու, տեղ վերապահելով թէ՛ նոր եւ թէ՛ աւանդական մշակոյթի դրսեւորումներուն:

Կ’ուզեմ ակնարկել նիւթական խնդրին: Լիբանահայ իրականութիւնը մեծ տագնապներու մէջ է. իրապէ՛ս խնդիր ունինք զատորոշելու կարեւորը աւելի կարեւորէն, կենսականը աւելի կենսականէն, էականը աւելի էականէն: Եթէ չճշտենք ռազմավարական մեր առաջնահերթութիւնները՝ այս սքանչելի հայօճախը կրնայ տապալիլ:

Մեզմէ շատեր կրնան մտածել թէ ի՛նք ուր հայօճախին տարտերը ուր, իր կարողութիւնները սահմանափակ են, ինք բան չի կրնար ընել եւն… Սիրելիներ, մեզմէ իւրաքանչիւրին կարողութիւնը կը սկսի իր տունով, իր ընտանիքով եւ հո՛ս է նաեւ այս գիրքին նշանակութիւնը: Առօրեայ շուկայական հազարաւոր ծանուցումները, մեր շփումները մեր միջավայրին հետ մեզի կը պարտադրեն կենցաղ մը որ մեզ  կը դարձնէ լոկ սպառող շնչաւոր: Վստա՞հ ենք որ մեր ծախսած գումարները ճիշտ տեղեր կը ծախսենք, վստա՞հ ենք որ անոնց արդիւնքը մնայուն արժէք կը ներկայացնէ, վստա՞հ ենք որ մեր ծախսած գումարներէն եկած այլեւայլ տեսակի եկամուտներուն վրայ մենք կրնանք ամուր բաներ կերտել: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է որ մենք վերատեսութեան ենթարկենք մեր սահմանափակ գումարներուն գնողական թիրախները: Եւ այս գիրքը կու գայ ըսելու թէ դարձեա՛լ մտածենք մնայունին ու գնայունին մասին, հիմքին որուն վրայ կարելի է կերտել, եւ ծովեզերեայ աւազին՝ զոր ալիքը վայրկեանէ վայրկեան կրնայ ցրուել ու տեղափոխել:

Այս գիրքին ծնունդը նաեւ խորհրդանշական երեսակներ ունի. ան արդիւնքն է համագործակցութեան, տարբեր գործօններու մէկտեղումին: Փորձեմ անոր հիմնական միքանի հանգրուաններուն անդրադառնալ. նախ եղեռնեան վերապրող մը թուղթին կու տայ իր յուշերը Պրազիլի մէջ, ուրիշ մը զայն կը բերէ Պէյրութ, ուրիշ մը 40 տարի ետք կը յայտնաբերէ, ուրիշ մը կը հրատարակէ արդէն հաւաքական ճիգի դրսեւորում եղող Զարթօնքին մէջ, մարդիկ անջատաբար կը կարդան թերթօնը եւ առանց անդրադառնալու կը գոյացնեն հաւաքական մտածում, ուրիշներ փոքր գումարներ մէկտեղելով կը հրատարակեն այս հատորը եւ գործնապէս դարձեալ լոյսին կու գայ հի՜ն ու շատ իմաստալից երեւոյթը, տրամաբանութիւնը, փաստը, իրականութիւնը թէ եթէ ուժերը սահմանափակ են առանձին իրագործելու լաւ գործ մը, խմբային-հաւաքական ջանքերով կարելի է իրագործել զայն, եթէ պարպուած չենք մեր անցեալի ցեղասպանութեան դրական դաստիարակութենէն: Այս գիրքը այդ անցեալի ցեղասպանութեան մեզի մատուցած դաս մըն է թէ՛ իբրեւ բովանդակութիւն եւ թէ՛ իբրեւ շօշափելի ծնունդ-իրագործում:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *