ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԹԱՔՈՒՆ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դիւանագիտութիւնը հարիւր ութսուն աստիճանի անակնկալ շրջադարձ մը արձանագրեց սուրիական բորբոքած տագնապի կապակցութեամբ։ Սեպտեմբեր 17-ին, Սոչիի մէջ կայացած Փութին-Էրտողան հանդիպումի մը ընթացքին, միջնարար յայտարարուեցաւ։

Ռուսաստանի եւ Իրանի օժանդակութեամբ, Իտլիպի վրայ շղթայազերծուելիք սուրիական բանակի ընդհանուր գրոհը կը յետաձգուէր։ Մէկ ամսուան պայմանաժամով զինադուլ կը շնորհուէր Թուրքիոյ, զինաթափելու կամ համոզելու ծայրայեղական ճիհատիսթները,– յատկապէս Ալ-Քաիտայի ծնունդ Հայաթ Թահրիր-էլ-Շէմը,– որպէսզի հեռանան Իտլիպէն։ Հոն, ռուս-թրքական հսկողութեան տակ, մինչեւ Հոկտեմբեր 15, պիտի ստեղծուէր ապազինեալ գօտի մը, որուն օդային տիրապետութիւնը պիտի վերապահուէր ռուսական օդուժին։

Իտլիպի մէջ, զինեալներուն մեծ մասը, ներառեալ սուրիական պետութեան ընդդիմադիր Ազգային ազատագրութեան աննշան զօրքերը, ընդունած են քաշուիլ, եւ արդէն ոչ միայն տեղափոխած են իրենց ծանր զէնքերը ապազինեալ գօտիէն, այլ հարիւրեակ մը զինուորներ արդէն հեռացած են։

Այսուհանդերձ, հոն կը շարունակեն մնալ Ալ-Նուսրա ծայրայեղական կազմակերպութեան հետ կապ ունեցող զինեալներ, որոնք ամրացնելու վրայ են իրենց դիրքերը, ժամկէտէն ետք սուրիական բանակին հաւանական յարձակումի մը դիմադրելու համար։

Պայմանաժամի աւարտէն ետք, թրքական-ռուսական միացեալ զօրքեր պիտի վերահսկեն ապազինեալ գօտին, հետեւելով կացութեան զարգացման։ Զինուորական այս միացեալ ուժին տարողութիւնն ու ժամանակաշրջանը պիտի հաղորդուի անմիջապէս։

Այս համաձայնութիւնը, թէեւ ժամանակաւորապէս առաջքը առած է սուրիական բանակին նախատեսած զինուորական լայն արշաւանքին, դժուար է ակնկալել որ այդ գոյավիճակը շարունակէ այդպէս մնալ։ Սուիրական պետութեան անդրագոյն նպատակն է ոչնչացնել ահաբեկչական կազմաւորումները, կացութիւնը կայունացնելու համար երկրին մէջ։ Ընդդիմադիր խմբակներու լուծարքով, Ասատի իշխանութիւնը զօրացած կ՚ըլլայ, իրեն նպաստաւոր քաղաքական լուծումի յանգելու ակնկալութեամբ։

Այս բոլորին մէջ բանալի հարցը ա՛յն է, թէ Ռուսաստան ու Թուրքիա ուժ պիտի գործածե՞ն, եթէ ճիհատիսթները մերժեն լքել շրջանը։ Թուրք մեծաւոր պաշտօնատարներ արդէն յայտնած են, թէ ռուս-թուրք միացեալ զինուորականութիւնը ուժ պիտի գործածէ մերժող զինեալներուն դէմ, այս վերջինները անջատելէ ետք տեղւոյն բնակչութենէն։ Եթէ նման բախում մը տեղի ունենայ, կ՚ակնկալուի Ազգային ազատագրական ճակատն ալ կռուի թրքական բանակի կողքին։

Ինչ որ պատահի յառաջիկայ շաբաթներուն կամ ամիսներուն, անհաւանական չէ մեծ բախում մը, քանի որ Իտլիպ կը հանդիսանայ վերջին ապաստանարանը ճիհատիսթներուն։ Հետեւաբար, ակնկալելի է երկար, արիւնալի ճակատում մը, որ միանգամայն խնդրական կը դարձնէ Թուրքիոյ ապահովութիւնը։

Հաւանականութիւն մըն է որ Թուրքիա, ռուսական միջնորդութեամբ, անուղղակի համակարգումի մը ձեռնարկէ սուրիական իշխանութեան հետ։ ճիհատիսթներու ներկայութիւնը Իտլիպի մէջ, հասարակաց մտահոգութիւն կը պատճառէ Սուրիոյ տագնապի գլխաւոր դերակատարներուն։ Այդ պատճառով ալ, անհրաժեշտ պահանջք կը դառնայ մաքրագործումի միացեալ գործողութիւն մը։

Փութին, որ գլխաւոր դերակատարներէն մէկն է շրջանի պայքարին, մէկէ աւելի պատճառներով ու մտահոգութիւններով, կը խուսափի ցարդ ծայրայեղական միջոցառումներէ։ Ռազմավարական բացառիկ դիրք գրաւող Թուրքիան, շուրջ 80 միլիոն բնակչութիւն հաշուող, ու մէկ միլիոնէ աւելի լաւապէս զինեալ թրքական զօրաբանակը, անիկա կը փորձէ հեռացուած պահել ՆԱԹՕ-ի անդամակցութենէն, ինչպէս նաեւ՝ Ամերիկայի հետ գործակցութենէ։ Միաժամանակ անիկա չ՚ուզեր չհրահրել արեւմտեան զինուորական շրջանակները։ Թերեւս, նաեւ, Իտլիպի մէջ յառաջանալիք մարդկային նոր ողբերգութիւն մը, անապահով պիտի դարձնէ նաեւ Ռուսիոյ զինուորական, ռազմավարական բանալի դիրք գրաւող, Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գտնուող Խմէյմիմի իր օդանաւային խարիսխները։

Յաւելեալ կերպով, Փութին ստիպուած է նկատի ունենալ նաեւ եւրոպական եւ օտար տնտեսական մեծ ներդրումները Թուրքիոյ մէջ. անոնք կը բարձրանան աւելի քան 142 պիլիըն տոլարի, որուն 138 պիլիընը եւրոպական են. աստիճանական կարգով՝ հոլանտական, գերմանական, անգլիական, սպանական, իտալական, եւլն.։ Թուրքիոյ Կեդրոնական Դրամատան օտար պահեստները,– գերմանական, անգլիական, զուիցերիական, հոլանտական,– անցեալ Յուլիսին, կը բարձրանային 633 պիլիըն տոլարի։ Միաժամանակ, Թուրքիա վաճառականական ընկեր եւ զբօսաշրջիկութեան երկիր է նաեւ Եւրոպայի համար։ Նաեւ, 2017-ին, Թուրքիոյ 158 պիլիըն տոլար արտահանումներուն 47 առ հարիւրը կ՚ուղղուէին դէպի եւրոպական երկիրներ։ Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ, Եւրոպան եւս անտարբեր չի կրնար մնալ թրքական տնտեսական տագնապին, եւ հետեւողականօրէն՝ անոր քաղաքական դժուարութեանց հանդէպ, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի կեցուածքին՝ Թուրքիոյ տնտեսական ճգնաժամին կապակցութեամբ։

Մասնակցութեամբ Թուրքիոյ, Ռուսաստանի, Ֆրանսայի նախագահներուն ու Գերմանիոյ վարչապետին, Հոկտեմբեր 27-ին, գերաստիճան հանդիպում մը պիտի կայանար Պոլսոյ մէջ։ Պիտի քննարկուէին Իտլիպի ճակատագիրը, ինչպէս նաեւ՝ սուրիական հակամարտութեան լուծման կարելիութիւնները։

Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ, ռուսական դիւանագիտութիւնը կը ձգտի առկայծ պահել Էրտողանի մէկէ աւելի դժկամակութիւնները արեւմտեան պետութիւններուն հանդէպ, միաժամանակ «գործակցութիւն» ցուցաբերելով Ռուսաստան-Թուրքիա փոխյարաբերութեանց մէջ, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ։

Քրտական ազատագրական շարժումը մէկ ուրիշ, փշոտ օղակն է սուրիական տագնապին։ Սկզբնական շրջանին Ռուսաստան աջակցութիւն ընծայեց քրտական Պահպանութեան միաւորներուն (YPG) ու Ժողովրդավար միութեան կուսակցութեան (PYD)։ Ասթանայի (Ղազախստան) ժողովին (24 Յունուար 2017) ներկայացուց իր պատրաստած նոր սահմանադրութեան մէկ նախագիծը, ուր քիւրտերուն ընծայուած են որոշ իրաւասութիւններ։

Շրջան մը ետք, սակայն, Ռուսաստան թոյլատրեց Թուրքիոյ բանակին, որ երկրին հարաւ-արեւմտեան սահմաններէն դուրս, Աֆրինէն դէպի Մենճիպ արշաւէ, վերոյիշեալ քիւրտ զինեալներու տիրապետութիւնը չէզոքացնելու։ Մինչ, Մ. Նահանգներ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր նեցուկը քրտական զինեալ կազմակերպութեանց։

Ամէն պարագայի, ծայրայեղական զինեալներու զինաթափումը, կամ՝ հեռացումը, կը կարօտին աւելի երկար ժամանակի։ Իտլիպը ապազինեալ գօտիի վերածելը դժուար թէ իրագործելի ըլլայ։

Մինչ այդ, դիւանագիտական ճատրակախաղը կրնայ նոր տարազներ յղանալ, խուսափելու համար վերանորոգուած արիւնահեղութենէ, համատարած աւերակումէ ու զանգուածային նոր արտագաղթէ։

Մաղթենք, որ յիշեալ բոլոր ժխտական զարգացումները չյանգին ընդլայնուած ճակատումի։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *