ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
ՆՈՐ ՕՐ, ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երկար ճամբորդութիւն ունէինք այսօր: Պիտի այցելէինք Անիի աւերակները եւ ապա ուղղուիլ դէպի Վրաստան, ուրկէ պիտի անցնէինք Հայաստան, մեր տունը:
Առաւօտ կանուխ, նախաճաշէ ետք ուղղուեցանք դէպի Անի: Զարմանալիօրէն այս բոլոր քաղաքներու այցելութեան ընթացքին, այն տպաւորութեան տակ էի թէ՝ ճաշ սպասարկողները անխտիր, երբ իմանային թէ հայեր ենք, աւելորդ հոգատարութեամբ կը սպասարկէին մեզ, գգուելու աստիճան: Անշուշտ կրնար ակնկալուածը «պախշիշը» ըլլալ: Բայց ո՛չ, մէկ այլ կապ կար որ չէինք կրնար կռահել անոնց հայեացքներուն եւ վարմունքին մէջ: Ճանապարհին, մեր վարորդը նշեց, թէ Անի չհասած, հինաւուրց հայկական եկեղեցի մը կար, որ այժմ արտօնուած է այնտեղ այցելութիւնը: Եկեղեցին կը գտնուէր համարեա Հայաստանի սահմանին հանդիպակաց կողմը, հեռաւոր գիւղի մը մէջ, Ախուրեանի ափին: Նորութիւն մըն էր այս մեզի համար: Ուստի ճամբան շեղեցինք դէպի այդ վայրը: Բաւական երթալէ յետոյ, խորտուբորտ ճամբաներով հասանք գիւղի մը մուտքը: Գիւղը կը գտնուէր բլուրներու վրայ, իսկ ճանապարհները, անանցանելի սովորական ինքնաշարժներու համար: Ոչ շատ հեռուէն կը տեսնէինք եկեղեցին բլրակի մը վրայ նստած, իր փլատակ պատերով: Սակայն այնտեղ հասնիլը շատ դժուարին պիտի ըլլար ինքնաշարժով: Ստիպուած՝ իջանք վար այն յոյսով, որ թերեւս կարենանք ոտքով երթալ տեսնելու համար եկեղեցին: Սակայն այդ եւս անկարելի թուաց բոլորին: Միայն «հեռուից հեռու» տեսնելով եկեղեցին գոհացանք եւ շարունակեցինք մեր ճանապարհը դէպի Անի:
Կրկնակի, հաստափոր եւ լայն պարիսպներով շրջապատուած քաղաք մը, որուն առաջին եւ երկրորդ պարիսպներուն միջեւ կարելի էր բանակներ զետեղել: Անին ունէր բնական շրջապատով պաշտպանութեան միջոցներ, անբեկանելի դիրք եւ տակաւին այդ քաղաքը կ՚իյնար բարբարոսներու յարձակումին չդիմանալով: Արդեօ՞ք այդ բարբարոսները ունէին աւելի առաւելութիւններ, գրաւելու համար այդպիսի անառիկ բերդ մը: Ահաւասիկ առաջին տպաւորութիւնը որ կ՚ունենաս, երբ կը տեսնես քարուքանդ Անին: Մնացած էին միայն արտաքին պարիսպի ու մուտքի պատերը, իսկ մնացեալը՝ հողին հաւասար:
Անիի մուտքին հաւաքուած էին յիշատակներու, զարդեղէններու կրպակներ եւ զովացուցիչ ու թէյ վաճառողներ, որոնցմէ մին բաւական սահուն եւ ամերիկեան անգլերէնի շեշտով սկսաւ հետս անգլերէն խօսիլ: Երբ հարց տուի թէ այդքան սահուն եւ հարուստ բառապաշարով ամերիկեան հնչիւնով անգլերէն որտեղէ՞ն սորված էր, պատասխանը այն եղաւ թէ՝ «թուրիստներէն»: Այնքան յիմար պատասխան մը չէի անկնկալեր թուրք գաղտնի սպասարկութեան ծառայող անձէ մը:
Մտանք Անիի մայր պարիսպի դարպասէն ներս: Ի՜նչ վեհաշուք մուտք, զարդարուած շքեղ պատկերներով եւ զարդերով: Կը բացակայէին անշուշտ բոլոր փորագրութիւնները, ի բաց առեալ թրքական բացատրողական ցուցակներէն եւ դրօշակներէն: Անիի մայր պարիսպի ներքին, երկրորդ պարիսպի պատերը կիսաքանդ վիճակի մէջ էին, անհետացած՝ նոյնիսկ կարգ մը վայրեր: Մնացած պատերուն վրայ արդէն կ՚երեւէին արաբատառ փորագրութիւններ, որոնք փոխարինած էին հայերէն տառերը, խաչքարերը եւ գրութիւնները: Անիի պատերէն անդին, քաղաքը ամբողջ տափարակ գետին դարձած էր: Հեռուէն կ՚երեւէին Անիի մայր տաճարը, եկեղեցի մը եւ այլ տաճարներու կամ կառոյցներու հետքեր, տեղ մըն ալ անշուշտ՝ յատկացուած մզկիթի մը, որ կը մնար քարուքանդ վիճակի մէջ: Անի քաղաքը տարածքով մեծ էր, կռնակէն շրջապատուած Ախուրեան գետով, որ բնական պաշտպան հանդիսացած էր իրեն, իսկ դիմացով կը պաշտպանուէր իր բարձր պարիսպի պատերով:
Քալելով հասանք մայր տաճար, որ Եունեսքոյի հոգատարութեամբ կը վերանորագուի համայն եկեղեցին իր շրջապատով: Մտանք ներս: Երանի՜ չմտնէինք: Ո՛չ խաչքար մնացած էր, ո՛չ խաչ, ո՛չ հայկական որեւէ գրութիւն, հետք կամ նկար: Երեւակայեցէ՛ք արիւնարբու վայրագ խուժան մը որ իր կողոպուտէն չյագեցած, կացինը կը դարձնէ դէպի աւեր ու կոտորած: Այդ մարդիկ, որոնք փորելով, կոտրելով, քերթելով կամ այրելով անհետացուցած էին սիւներու մէջ փորագրուած խաչքարերը, սրբած էին խաչ ու նկար եւ գրութիւն, անասուններէն որքանո՞վ ետ էին իրենց գազանական կիրքին մէջ (Խեղճ գազանները միշտ զոհ կ՚երթան մեր առածներուն, որոնք միայն ուտելու համար կը յարձակին կամ կը յօշոտեն, մինչ վաչական այս ցեղը, որ մարդ արարածի կարգին դասուած է… անկաշկանդելի է իր վայրագութեան սահմաններուն մէջ): Անխտիր, եկեղեցւոյ բոլոր պատերէն, առաստաղէն եւ սիւներէն, ուղղակիօրէն փորուած եւ հանուած էին խաչքարերը, գիրերն ու նկարները: Իսկ նե՞րսը, աղբանոցի վերածուած:
Ուրեմն, որպէս ի՞նչ, կամ ո՞ր ազգի հնութիւն կը նորոգուէր այդ տաճարը:
Շար. 12 եւ վերջը յաջորդիւ