Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

 

Ամուսնութեան Տարօրինակ Առաջարկ Մը . . .

Ամերիկայի մէջ ամուսնութեան առաջարկը մեծ նշանակութիւն ունի, եւ մարդիկ շատ լուրջի կ’առնեն այդ քայլը, որ զիրենք պիտի առաջնորդէ դէպի «յաւիտենական» միասնականութիւն…

«Յաւիտենական» բառը չակերտի մէջ առի, որովհետեւ հոս ամուսնութեանց յիսուն տոկոսը ամուսնալուծումով կը վերջանայ, նոյնիսկ առաջին տարին չաւարտած։

Ուրեմն, ամերիկացիներու մօտ տեղի ունեցած ամուսնական առաջարկի այդ արարողութիւնը ես պիտի որակէի՝ ըստ Շէյքսպիրի, բազում աղմուկ՝ վասն ոչինչի։

Տղամարդիկ ամուսնական այդ առաջարկը կատարած են քիչ մը ամէն տեղ։ Օրինակ՝ Պէյսպոլի խաղացող մը, Պէյսպոլի դաշտին վրայ՝ խիսախաղի ընթացքին…

Ուրիշ մը՝ հելիքոբթերէն (Ուղղաթիռ) վայրէջք կատարելու ընթացքին, եւ այսպէս շատ են տեսակները, որոնք երբեմն արկածախնդրական ըլլալով՝ կը թուին բարդացնել խնդրոյ առարկայ ենթականերու կեանքը։

Մեր վերջին հերոսը, որուն ինքնութիւնը անյայտ է, այդ առաջարկը կատարած է Գալիֆորնիոյ նահանգի տեսարժան վայրերէն՝ Ֆրեզնօ քաղաքի մօտակայ նշանաւոր Եուսէմիթի ազգային զբօսավայրի (Yosemite National Park) ցցուն ժայռերէն մէկուն ծայրը (տես նկարը), որ չափէն աւելի վտանգաւոր է։

Իսկ այդ նկարը առած է Միշիկըն նահանգէն արհեստավարժ նկարիչ մը, որ պատահական կերպով հոն կը գտնուէր որպէս այցելու։ Հիմա ան կը փորձէ այդ զոյգին ինքնութիւնը գտնել եւ հրապարակել։ Բայց ինչո՞ւ, չեմ հասկնար։ Թերեւս, որպէսզի աւելի ժողովրդականութիւն շահի:

Նմանօրինակ դէպք մըն ալ պատահած էր Նիւ Եորքի Times Squareի մէջ՝ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի վերջաւորութեան, երբ նաւաստի մը զինուորական պարտականութիւնը աւարտած ըլլալով՝ ուրախութենէն, պատահականօրէն համբուրած էր գեղանի աղջիկ մը։ Տարիներ շարունակ լրատուական միջոցներու թղթակիցներ անդադար աշխատեցան մինչեւ որ կարենան յայտնաբերել անոնց ինքնութիւնը…

Համալսարանի Աշակերտութեան Նոր Մրցանիշ Մը…

Այս դէպքը կը պատահի Մեսեչուսեթս նահանգի Լօուըլ քաղաքին մէջ։ Մեր բուն նիւթին չանցած, կ’ուզեմ նախաբանով մը պարզել թէ զանազան պատճառներով՝ մարդիկ ժամանակին չեն կրցած շարունակել իրենց ուսումը, ըլլայ այդ երկրորդական թէ համալսարանական։

Անոնցմէ շատեր ամուսնանալէ եւ զաւակներ ունենալէ ետք, որոշած են շարունակել իրենց ուսումը եւ հասնիլ իրեն երազին, ստանալով համալսարանական վկայական։ Հոս տեղին է մէջբերել Հայկական ասացուածքը, որ կ’ըսէ.

          «Ախատանք, կամք ու կորով

          Երեք ձիրգեր են որով,

          Մարդ, երկնի վրայ թէ երկրի՝

          Անպայման կը յաջողի։»

Այդ փաղանգին կը պատկանին մեր այսօրուայ հերոսներէն Մէյրի Համպըլն ու իր դուստրը՝ Տէյրտրը Հաչինսընը։ Մէյրի ծնած է Իռլանտա եւ 15 տարեկանին դպրոցը կիսաւարտ թողելով՝ աշխատանքի սկսած է, իր ընտանիքի նպարատան մէջ։ Ան երկու ամուսիններ կորսնցնելով՝ ամուսանցած է երրորդ անգամ եւ մեծցուցած երեք զաւակներ։

Մէյրիի դուստրը՝ Տէյրտրը, ծնած է Իռլանտա եւ հիւանդութեան պատճառաւ կէս թողած է իր ուսումը եւ փոխադրուած Անգլիա։ Մայր ու աղջիկ երկրորդ անգամ փոխադրուելով՝ 2001-էն սկսեալ հաստատուած են Միացեալ Նահանգներու Մեսեչուսեթս նահանգի Լօուըլ քաղաքը։

Մէյրի եւ իր դուստրը՝ Տէյրտրը, վերջապէս աւարտելով երկրորդական վարժարան, անցեալ աշնան ընդունուած են Լօուըլ քաղաքի նահանգային համալսարանը, ուր իր ուսումը պիտի շարունակէ նաեւ Տէյրտրի դուստրը՝ Ճորճինա։

Ուրեմն, երեք սերունդի պատկանող՝ մեծ մայր, մայր ու թոռնիկ (տես նկարը), ուսում պիտի ստանան միեւնոյն ժամանակ այդ համալսարանին մէջ։ Եթէ սա աշակերտական եզակի մրցանիշ չէ, հապա ի՞նչ է: Ինծի կը մնայ անոնց մաղթել յաջողութիւն եւ ըսել՝ «Պատիւս, արժանաւորաց . . .»:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *