DISQO-ն ՏԱ (Տեղեկատուական արհեստագիտութեան) ոլորտի ամերիկեան առաջատար ընկերութիւն է, որ, ստանալով 13.5 միլիոն ԱՄՆ տոլարի չափով ներդրում, նոր մասնաճիւղ կը հիմնէ Հայաստանի մէջ: Անիկա աշխարհի մէջ առաջատարն է սպառողներու առաջնային տուեալներու հաւաքագրման ու հետազօտութեան ոլորտէն ներս: Անոր հայ հիմնադիրները զարգացման նոր փուլի մէջ արհեստագիտական խումբը կը համալրեն հայաստանեան աւագ մասնագէտներով՝ գնահատելով տեղի մարդուժի նորարարական կարողութիւններն ու տաղանդը: Ներկայիս թափուր աշխատատեղերը ներկայացուած են պաշտօնական կայքին մէջ՝ https://www.disqo.com/careers/: Առաջին փուլով DISQO-ն պիտի համալրուի 30 աւագ մասնագէտով: Այս մասին կը հաղորդէ Panorama.am-ը։
Ընկերութեան համահիմնադիր եւ արհեստագիտական տնօրէն Դրօ Քուչարեան, որ ունի 20 տարուան փորձ իբրեւ արհեստագիտական տնօրէն, ձեռնարկատէր, խորհրդատու եւ ներդրող, շուտով պիտի ժամանէ Հայաստան՝ անձամբ ծանօթանալու ՏԱ համայնքի եւ խումբի նոր անդամներուն հետ: Աւելին, Դ. Քուչարեան այստեղ պիտի իրականացնէ խորացուած դասեր, հանդիպումներ եւ փորձի փոխանակում, որոնցմէ ամենախոշորը տեղի պիտի ունենայ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ Հոկտեմներ 18-ին՝ ժամի 19:00-ին:
Յատկանշական է, որ DISQO-ն Հայաստանի մէջ կը ստեղծէ հիմնական մասնաճիւղ՝ արտապատուէրային (outsource) խումբի փոխարէն: Ասիկա կը նշանակէ, որ ընկերութիւնը կը կրկնապատկէ իր կարողութիւնն ու ուժերը նոր, մեծածալաւ հետազօտական նախագիծերու համար: Հայաստանեան խումբը պիտի շարունակէ աշխատիլ ներկայ յաճախորդներու, ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ, որոնք աշխարհի մէջ խոշորագոյնն են եւ ընդգրկուած են Fortune 500-ի ցանկին մէջ:
«Հայկական ՏԱ համայնքը ունի մասնագիտական որակեալ ներուժ: Ուրախ ենք մեր ընկերութեան զարգացման վաղ շրջանին խումբը այստեղի տաղանդաւոր մասնագէտներով համալրելու կապակցութեամբ: Վստահ ենք, որ անոնց օգնութեամբ կրնանք ստեղծել նոր գործիքներ ու արտադրութիւններ՝ միասին ընդլայնելով ընկերութեան ծաւալները»,- կը նշէ DISQO-ի համահիմնադիր եւ գործադիր տնօրէն Արմէն Աճէմեան:
Ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Դանիա Սահակեան կ’աւելցնէ. «Ոգեւորիչ է այն փաստը, որ ասիկա DISQO-ի՝ ԱՄՆ-էն դուրս գտնուող առաջին հիմնական գրասենեակն է, որ հիմնուած է առաջին խոշոր նիւթական ներդրման շնորհիւ: Ասոնք դեռ ընկերութեան առաջին քայլերն են, բայց հեռանկարներ կան աւելի ընդարձակուելու, քանի որ արդէն կրկնակի թափով պիտի աշխատինք երկու հաւասարապէս հզօր խումբերով»:
Ընկերութեան հայաստանեան գրասենեակը պաշտօնապէս պիտի գործէ Հոկտեմբեր ամիսէն՝ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արգստագիտութիւններու կեդրոնին մէջ: Այսպիսով, DISQO-ի գործունէութիւնը նոր հեռանկարներ կը խոստանայ Հայաստանի մէջ ՏԱ ոլորտի զարգացման եւ միջազգային շուկայի հետ երկրի տնտեսական յարաբերութիւններու ամրապնդման համար:
ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
DISQO-ն (www.disqo.com) հիմնադրուած է Լոս Անճելըսի մէջ 2015-ին հայ գործարարներու կողմէ՝ Արմէն Աճէմեանի (գործադիր տնօրէն), Դրօ Քուչարեանի (արհեստագիտական տնօրէն), Արմէն Պետրոսեանի (շուկայագիտութեան տնօրէն): Անիկա սպառողներէն ուղղակիօրէն (first-hand) հաւաքագրած ստոյգ տուեալներ կը տրամադրէ աշխարհի խոշորագոյն շուկայագիտութեան ու հետազօտական ընկերութիւններուն: Անոնց օգնութեամբ հնարաւոր կը դառնայ բացայայտել սպառողի վարքագիծը, ապահովել ապրանքներու ճիշդ դիրքաւորումը եւ մակնիշի յառաջխաղացումը: Ընկերութիւնը առաջատարն է ոլորտին մէջ եւ ստեղծած է սպառողներու հետազօտութեան միասնական հարթակ, որ կը ներգրաւէ մարդոց՝ իբրեւ սպառող տուեալներու փոխանակման համար: Այստեղ կ’իրականացուին տարեկան 10 միլիոնէն աւելի հարցումներ:
«Ալֆա Էտիսըն»ի (Alpha Edison) եւ «Պոնֆայր Վենչըրզ»-ի (Bonfire Ventures) կողմէ ստացած 13.5 միլիոն ԱՄՆ տոլար չափով Ա բաժինի ներդրման շնորհիւ DISQO-ն հնարաւորութիւն կը ստանայ առաջարկուող ծառայութիւններուն ցանկը համալրելու նոր հաւելուածներով ու սարքերով, որոնք կը հետազօտեն սպառողի վարքագիծն ու կարծիքը: Ընկերութիւնը արդէն պիտի կիրառէ նաեւ արհեստական բանականութեամբ (AI) լուծումներ, ինչպէս նաեւ պիտի ստեղծէ նոր գործիքներ սպառողներու իրական եւ ամբողջական պատկեր ձեւաւորելու համար: