«Գաւառը» Լուսարձակի Տակ. Աշխատանքի Հարցը Վանաձորի Մէջ

ՎԱՀԱՆ ԱՆՏՈՆԵԱՆ

«Զարթօնք»ի Աշխատակից

Ցեղասպանութիւնը նախորդող տարիներուն պոլսահայ մամուլի էջերուն մէջ լայն տեղ գրաւած է «Նամակներ Գաւառէն»ի նման  շարքեր ու սիւնակներ, որուն մէջ կը պատմուէին արեւմտահայաստանի գիւղերու դժբախտ վիճակը հոն այցելող թէ ապրող մտաւորականներու կողմէ, որոնք գաւառին օգնելու ու զարգացնելու միտումով կը նկարագրէին այնտեղի կեանքն ու ցաւը:

Ներկայի «գաւառը» դժբախտաբար Երեւանէն դուրս գտնուող գրեթէ բոլոր շրջաններն են Հայաստանի: Մինչ Երեւանը կը զարգանայ, «գաւառը» վերջին երեք տասնամեակներուն մնացած է անփոյթ իրավիճակի մէջ ու կը հիւծի ամէն օր: Այնտեղի երիտասարդութիւնը մէկական ծրագիրներ են գաղթի: Այս իրավիճակին առաջքը առնելը կը կարօտի պետական եւ համահայկական անյետաձգելի ռազմավարութեան ու ըստ այնմ նախաձեռնութիւններու: Մինչ այդ մեր պարտականութիւնն է լուսարձակի տակ առնել զայն, նկարագրականէ վեր ու անդին՝ որպէս լսելի ահազանգ առ որ անկ է:

«Խմբ.»

Վերջին տասը տարիներուն աւանդութիւն դարձած է տարին մէկ անգամ, աշնան սկիզբը, Վանաձորի կեդրոնական հրապարակը հանդիպում կազմակերպել գործատէրերու եւ գործ փնտռողներու միջեւ: Լոռուայ մարզի տարբեր շրջաններէ աւելի քան քառասուն գործատէր եւ դպրոցի տնօրէն քաղաքի բնակիչներուն ներկայացուցած են 344 աշխատատեղ:

Առաջարկութիւններուն մէջ զգալի տեղ կը զբաղեցնէ ուսուցչական ասպարէզը: Լոռուայ մարզի գրեթէ բոլոր գիւղերը ուսուցիչի պակաս ունին եւ քաղաքի մարդկանց կը հրաւիրեն աշխատանքի, իսկ քաղաքի մարդուն կը հրապուրէ՞ արդեօք գիւղական միջավայրի մէջ աշխատիլը. Առաջին ազդակը գիւղերու ոչ բարեկարգ վիճակն է` քաղաքացիի ակնոցով դիտուած, իսկ երկրորդ ազդակը աշխատավարձի չափն է: Եթէ ուսուցիչին տրուի 60000 դրամ աշխատավարձ եւ եթէ ատկէ հանենք պետական եկամտահարկն ու գիւղ երթալ-գալու ծախսերը, ապա տակը կը մնայ չնչին գումար մը, որ բնաւ չի բաւականացներ ընտանիքի ծախսերը: Հետեւապէս որպէս ուսուցիչ աշխատելու առաջարկը կը դառնայ անիմաստ: Երկրորդ բնագաւառը կենցաղային ոլորտի աշխատատեղերն են քաղաքի մէջ, ինչպէս հացթուխ, սափրիչ, վաճառող, հնոցապան, պահակ, աղբահաւաք եւ այլն, որոնք շատ հաւանաբար 60000-էն ալ պակաս գումար կը ստանան: Քանի որ աշխատանքը քաղաքի մէջ է, աշխատողի ծախսերը կը պակսին ի հաշիւ երթեւեկութեան ծախսի բացակայութեան: Զաւեշտալին այն է, որ գործատէրը իր ընտանիքով կը կարողանայ տարին մէկ Տուպայ կամ Անթալյա երթալ, իսկ իր մօտ աշխատող գործաւորը չի կրնար փոքրերու դպրոցական ծախսերը հոգալ:

Յետոյ ալ կը յայտարարեն, թէ աշխատանք կայ, բայց մարդիկ չեն ուզեր աշխատիլ, որովհետեւ ծոյլ են…

Վանաձորի Զբաղուածութեան կեդրոնը արձանագրած է աշխատանք փնտռող 4600 քաղաքացի. իսկ քանի-քանիներ ալ չեն արձանագրուած, քանի հազարներ ալ մեկնած են Ռուսաստան կամ այլուր՝ իրենց ընտանիքները հացով ապահովելու համար:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *