Աշխարհահռչակ երգիչ-երգահան Շառլ Ազնաւուր կեանքէն հեռացաւ է 94 տարեկան հասակին:
Շառլ Ազնաւուրի հայրը` Միշա Ազնաւուրեան, ծնած է Վրաստանի Ախալցխա քաղաքը, մայրը` Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքը: Շառլի ընտանիքը ամուր կապուած էր ազգային սովորոյթներուն, մայրենի լեզուին, եկեղեցիին: Ծնողները կը մասնակցէին հայերու կազմակերպած թատերական ներկայացումներուն, որոնց ներկայ կ՛ըլլար նաեւ պատանի Վաղինակը (յետագային Շառլ) : Մանկութենէն մեծ հետաքրքրութիւն ունէր արուեստի նկատմամբ: Կը յաճախէր թատերական դպրոց: Ծնողներուն օգնելու համար պատանի Շառլը ելոյթներ կ՛ունենար փոքր ներկայացումներու մէջ, կ՛երգէր եկեղեցւոյ մէջ:
Աւելի ուշ սկսած է երգեր գրել ժամանակի յայտնի երգիչներու համար: 1946-ին ծանօթացած է հանրայայտ երգչուհի Էտիթ Պիաֆի հետ, եւ անոնք միասին շրջագայած են համերգներով: Սկզբնական շրջանին երգած է Փիեռ Ռոշի հետ: Համընդհանուր ճանաչման արժանացած է 1959-ին` Փարիզի «Օլիմփիա» համերգասրահին մէջ իր ունեցած ելոյթէն ետք: Երգած է աշխարհի գրեթէ բոլոր լաւագոյն համերգասրահներու մէջ, համերգներ ունեցած է նաեւ Երեւանի մէջ:
Ազնաւուր գրած է 1000-է աւելի երգեր` «Սա է վերջը», «Մամա, «Իզապել», «Երկու կիթառ», «Սիրուց յետոյ», «Ջահելութիւն» եւայլն: Անոր երգերու սկաւառակները թողարկուած են միլիոնաւոր օրինակներով, բանաստեղծութիւնները թարգմանուած եւ լոյս տեսած են առանձին գիրքերով: Ան իր երգերու լաւագոյն կատարողն է: Ազնաւուրը երգած է Լուչիանօ Փաւարոթիի, Փլասիտօ Տոմինգոյի, Լայիզա Մինելիի, Միրէյ Մաթէոյի, Փաթրիսիա Քաասի հետ: Դստեր` Սեդայի հետ կատարած է Սայաթ Նովայի «Աշխարհումս» երգը: Գրած է նաեւ օփերեթային երաժշտութիւն: Իր ստեղծագործական գործունէութեան ընթացքին ան վաճառած է աւելի քան 180 միլիոն ձայնասկաւառակ:
Ազնաւուր նկարահանուած է 60-էն աւելի ֆիլմերու մէջ` «Հռենոսի անցումը», «Սատանան եւ տասը պատուիրանները», «Հայր Կորիօ» եւ այլն, իսկ «Գլուխը` պատը» ֆիլմին համար արժանացած է «Բիւրեղեայ աստղ» մրցանակի: Ուշագրաւ է անոր դերակատարումը Ատոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմին մէջ, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան:
1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք ան բազմիցս այցելած է Հայաստան, եղած է աղէտի գօտիին մէջ: Փարիզի մէջ ստեղծած է երկրաշարժէն տուժածներու օգնութեան «Ազնաւուրը Հայաստանին» հիմնադրամը, որու ներկայացուցչութիւնը բացած է Երեւանի մէջ: Երգիչ եւ երաժշտահան Ժորժ Կառվարենցի հետ գրած է «Քեզ համար, Հայաստան» երգը, թողարկած է տեսահոլովակ` Ֆրանսայի 90 երգիչի ու դերասանի մասնակցութեամբ: Քուպայի մէջ Չ. Վալտեսի հետ թողարկած է ալպոմ (2007 թ., շնորհանդէսը` Մոսկուայի մէջ):
1995-էն ՀՀ նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով պատուաւոր դեսպանն է, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Հայաստանի մշտական պատուիրակ: 2009-ին նշանակուած է ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Զուիցերիոյ մէջ:
Արժանացած է Հայաստանի ազգային հերոսի կոչման, պարգեւատրուած ԼՂՀ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ Թեքէեան մշակութային միութեան ադամանդակուռ «Արարատ» շքանշաններով, Ֆրանսայի Պատուոյ լեգէոնի 2 շքանշանով: 2009 -ին ճանչցուած է XX դարու լաւագոյն երգիչ: 1998-ին «CNN»-ը Ազնաւուրը ճանչցած է որպէս «դարի արուեստագէտ»:
Գրած է «Ազնաւուրը Ազնաւուրի մասին» (1975), «Անցած օրեր» (2004 ) յուշագրութիւնները:
Ազնաւուրի անունով կոչուած են հրապարակ Երեւանի, Վաղարշապատի դրամատիկական թատրոնը, իսկ 2000-ին Գիւմրիի մէջ` անոր անուան հրապարակին մէջ, կանգնեցուած է յուշարձանը: Ազնաւուրի մոմէ արձանը 2004-ին դրուած է Մատամ Տիւսոյի թանգարանին մէջ: 2009-ին Երեւանի մէջ բացուած է Ազնաւուրի թանգարանը:
2017-ին Հոլիուտի փառքի ծառուղիին մէջ իր անունով աստղ զետեղուեցաւ։