«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ – «Նօթեր մեռեալ տունէն» վէպին մէջ Տոստոեւսկին կը պատմէ աքսորականներու մասին, որոնք զանազան պատճառներով կորսնցուցած են իրենց ազատութիւնը եւ գտնուելով Սիպերիա կալանքի տակ կը ձգտին տարբեր միջոցներով իրենց մէջ վերականգնել կորսնցուցած ազատութեան պատրանքը:
«Աքսորականները,- կը պատմէ Տոստոեւսկին,- դրամ շատ կը սիրեն, եւ այդ իրենց շատ պէտք է, բայց անոնք այդ դրամը կը վատնեն խաղի մէջ, որովհետեւ ձեռք բերածնին դրամէն աւելի է` ազատութեան խաբկանքը»:
Ճշմարտութիւնը այն է, սակայն, որ աքսորականները նոյն խաբկանքին կը ձգտէին նաեւ մինչեւ իրենց աքսորուիլը Սիպերիա: Անոնց խռովութիւնը, այսպէս կոչուած, ազատութեան դէմ նոյնն էր, երբ անոնք դրամը կը վատնէին խաղի մէջ։ Խռովութեամբ նոյնպէս անոնք կը ձգտէին ձեռք բերել ազատութեան խաբկանքը, որովհետեւ այն ազատութիւնը, որուն մէջ անոնք ապրած են, կարծեցեալ ազատութիւն էր, որը հաւանաբար չէր տարբերեր սիպիրեան աքսորէն:
Ոչ մէկուն համար գաղտնիք է այսօր, որ թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին ճակատի վրայ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կ’ապրի իր 97-ամեայ պատմութեան ամենամռայլ օրերը: Հանրութենէն ո՛չ գաղտնի այս իրավիճակն է պատճառը, որ մեզ վայրկեան մը իսկ չի վարանեցուց Աստուծո՛յ, պատմութեան եւ մեր ժողովուրդին առջեւ այս նիւթը ներկայացնել այսօր հրապարակային խմբագրականի իսկ ձեւով:
Մենք՝ Ռամկավար Ազատականներս, խայտառակած ենք մեր պատկանած կուսակցութիւնը: Խայտառակուած ենք նաեւ մենք բոլորս: Պատճառները շատ են, պատասխանատուները, որոշ չափով՝ բոլորս:
Մեր այսօրուան եւ այս առիթով գրուած խմբագրականի նախաբանը ունի իր փոխաբերական իմաստը անշուշտ: Հոն յիշուած խորհրդանիշները բառացի պէտք չէ առնել: Մենք բոլորս աքսորականներն ենք այսօր մեր կեցուածքներուն ու իրարու հանդէպ անհանդուրժողականութեան: Հոն յիշուած դրամը մեր եսն ու շահիլ կարծած վարկն ու ճանաչողականութիւնն է: Խաղը ինքնակործանումն է: Մինչ ազատութիւնը՝ կուսակցութեան հանդէպ մեր իբր թէ ունեցած նախանձախնդրութիւնը եւ, այսպէս կոչուած, համախոհութեան ու վերականգնումի համար աշխատելու խաբկանքը:
Անձնական խնդիրները, եսակեդրոնութիւնը, իրարու հանդէպ անհանդուրժողականութիւնը եւ անվստահութիւնը, վերամիանալու անցեալի անյաջող փորձերէն յառաջացած բարդոյթները, կարգապահութեան պակասը, բարոյական արժէքներու անկումը, բամբասանքի ամօթալի մշակոյթը, զիրար խծբծող անհեթեթ թղթիկները, հաւատքի պակասը, անհոգութիւնը եւ անտարբերութիւնը մեր սիրելի կուսակցութիւնը հասցուցած են այնպիսի աստիճանի մը, որուն վերականգնումը քիչ մը անկարելի կը թուի ըլլալ, եթէ չխորհինք զայն հիմքէն վերակազմելու մասին:
Բազմիցս խախտուած է կուսակցութեան հիմնական կանոնագիրը: Շատերու համար անիկա աւելի կարծիք է, քան օրէնք: Բաժնուած ենք զանազան խմբաւորումներու՝ հակադրուելով աւանդապահական կարգով գոյացած կեդրոնական իշխանութեան: Թիւով կոտորակուած ենք: Վիրաւորած ենք զիրար: Իւրաքանչիւր կողմ ինքզինք կը նկատէ կուսակցութեան փրկիչ՝ դաւաճան հռչակելով միւսը: Իւրաքանչիւր կողմ ինքզինք կը նկատէ օրինական՝ միւսը համարելով ապօրինի: Իւրաքանչիւր շարքային եղած է կուսակցութեան ինքնակոչ փաստաբանը, մինչեւ իսկ հոգեւոր առաջնորդը….: Կայ աւելին: Յաճախ յայտնի չէ՝ ով ո՛ր կողմն է: Նոյն կողմը յաճախ կազմուած է հակասութիւններով. անոնք զիրար կը սիրեն կամ կ’ատեն՝ ըստ օրակարգի: Նաեւ կը պատահի, որ նոյն կողմին պատկանող մարդկանց կարծիքները, կամ նոյնինքն կողմերը փոփոխական են՝ ըստ ժամի կամ անձնական տրամադրութեան ու քմայքի: Կան ընկերներ, որոնք իրենք իսկ չեն գիտեր՝ ի՛նչ կ’ուզեն: Ոմանց համար զբաղում է եղածը: Ուրիշներ խորապէս կը ցաւին ու կ’ամչնան: Ոմանք ալ կ’ապրին երկբեւեռային հոգեբանութիւն…:
Ժամանակի թէ սերնդափոխութեան պատճառով, նաեւ երէց սերունդին կարգ մը ներկայացուցիչներուն այդ փոփոխութեան հանդէպ ունեցած, ընկերահոգեբանական բացատրութեամբ, բնական հակազդեցութեան պատճառով, իսկ ղեկավարութեան հասած երիտասարդ սերունդին դարձեալ նոյն բացատրութեամբ՝ ամէն գնով ինքնահաստատման մարմաջին հետեւանքով վերջին երեսնամեակին ստեղծուած են ամէն տեսակի հարցեր, որոնց լուծման համար օգտագործուած են «ցաւազրկիչներ», «թմրեցուցիչներ», «հոգեբանական հակաճնշիչներ»: Աւելի ուշ, ոմանք իրենց հակադիր խումբը չէզոքացնելու փորձով օգտագործած են մկաններ ուռեցնող «քիմիական սթերոյտներ», ինչպէս նաեւ մեծ-մեծ կարգախօսներ: Բոլորս գիտենք, որ վերոյիշեալ «դեղերը» ժամանակ շահելու միջոցներ եղած են, որ ոչ մէկ ձեւով կրնան բուժել բուն հիւանդութիւնը: Բոլորս նաեւ գիտենք, որ արհեստականօրէն ուռած մկաններուն ապագան ինչ է: Բոլորս շատ լաւ գիտենք, որ յաճախ մեր օգտագործած այդ մեծ կարգախօսները բովանդակութենէ զուրկ են, մինչ ուղղութիւնը՝ անյայտ:
Միջազգային տեսակէտով եւ քաղաքագիտական բառարանով պետութիւն մը կը համարուի Failed State (ձախողած պետութիւն), երբ հոն քաղաքացիական պատերազմ կայ: Երկրին սահմանները ինկած են, գերիշխանութիւնը՝ խաթարուած: Ամէն ոք ամէն ոքի դէմ կը կռուի: Արիւնահոսութիւն է: Երկիրը մասնատուած է իրար դէմ կռուող միլիսներու միջեւ: Սահամանդրութիւնը խախտուած է, Դրամը արժէզրկուած, բանակը բաժնուած, պետական հաստատութիւնները անդամալուծուած…:
Հիմնուելով վերոյիշեալ օրինակին վրայ՝ պարտականութիւն է ահազանգ հնչեցնել այսօր այստեղ, որպէսզի առաջքը առնենք եւ խուսափինք որպէս «ձախող կուսակցութիւն» դիմաւորելէ մեր 100-ամեակը:
97 տարի առաջ, այսօր, մեր նախնիները կազմած են մեր կուսակցութիւնը հայ ժողովուրդի դիմագրաւած յետցեղասպանութեան նոր իրավիճակին ի տես: Համախոհներ, նաեւ տարբեր խմբաւորումներ ի մի եկած են: Անձնականը զոհած են հաւաքականին: 97 տարի ետք, այսօր Սփիւռքը կը նահանջէ: Հայկական հաստատութիւններն ու կազմակերպութիւնները նուազ կամ առաւել չափով կը կքին: Մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ: Ատենն է հետեւելու մեր նախնիներու օրինակին՝ զոհելու անձնականը յօգուտ ընդհանուրին:
Հարիւրամեակէն մեզ կը բաժնէ ընդամէնը քանի մը տարի: Առիթը օգտագործենք: Եկէ՛ք, բոլորս մեր տուած երդումին պարտադրածը ներդրենք վերակազմակերպելու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, արժանաւորապէս ու հպարտութեամբ դիմաւորելու մեր կուսակցութեան նոր դարաշրջանը:
Եկէք, Աստուծոյ եւ մեր ժողովուրդին առջեւ պատասխանատու ըլլանք մեր կուսակցութիւնը փրկելու գործին: Ի՞նչ պիտի գրէ պատմութիւնը, եթէ ձախողինք: Ի՞նչ պիտի ըսեն սերունդները մեր մասին: Բոլորս միակամ եւ հաւատքով անցնինք գործի: Փրկենք մեզի ձգուած 97-ամեայ աւանդը կամ այն ինչ որ տակաւին մնացած է անկէ:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ