Խմբագրական «Նոր Օր»ի
«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Եւ ժողովրդավարութիւնը յաղթանակեց…
Երեւան մայրաքաղաքի Աւագանիի արտահերթ ընտրութիւնները եկան ապացուցելու, թէ Հայաստանի ժողովուրդը բռնած է ժողովրդավարութեան ուղին եւ այդ ուղին անշեղ է ու անդարձ։ 27 տարիներ ետք, Հայաստանի եւ Արցախի 1991-ի անկախութեան հանրաքուէներէն ետք, երեւի առաջին թափանցիկ ընտրութիւններն էին Կիրակի օրուան քաղաքապետական ընտրութիւնները, ուր սեւազգեստ «դիտորդներ» կամ «օգնողներ» չկային, երկրէն դուրս գտնուողներու եւ մահացածներու անուններ չկային ցանկերուն վրայ…
Ժողովրդավարական ազատ ու անկաշկանդ ընտրութեամբ իւրաքանչիւր քուէն խօսեցաւ այդ օր։ Խօսեցա՛ւ ու փակե՛ց բոլոր կակազողներուն բերանները, որոնք տակաւին, այո՛, տակաւին չեն կրնար ընդունիլ նախորդ քսան եւ աւելի տարիներու վարչաձեւին տապալումը։
Քուէարկութեամբ հաստատուեցաւ թաւշեայ յեղափոխութեան տրամաբանութիւնն ու յաղթանակը։ Ժողովրդական յուզական թէ իրատեսական ալիքները փոխարինուեցան ամուր հիմեր նետած ժողովրդավար՝ տեմոքրաթիք ընտրութիւններով։
Յաջորդ քայլը խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւնները պիտի ըլլան, եւ յառաջիկային, ո՛ր քաղաքական ուժերն ալ մուտք գործեն Ազգային ժողով, մեր պարտքն է թիկունք կանգնիլ վերածնուող Հայաստանին եւ նոր կառավարութեան։ Այսօր Նիկոլ Փաշինեան արդարացուց յուսալքուած եւ կորովաթափ ժողովուրդին վերջին յոյսը եւ ան արդարօրէն արժանի է բոլորիս յարգանքին։
Փաշինեան վարչապետը, Հայաստանի առաջին դէմքը, անցնող օրերուն ճակատաբաց բացառիկ ելոյթներ ունեցաւ Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի բարձրագոյն ամպիոնէն, արժանանալով տարբեր պետութիւններու յարգանքին։ Իսկ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէշ բարձրօրէն գնահատեց Հայաստանի երիտասարդութեան առած քայլը դէպի ժողովրդավար պետութիւն։
Երեւանի ընտրութիւնները ապահովեցին ժողովրդավարութեան յաղթանակը, ուր ամէն մէկ ձայն, ամէն մէկ քուէ ապտակ մըն էր, արթնութեան հրաւիրելով մեզ բոլորս՝ Հայաստանի մէջ եւ աշխարհով մէկ։
Եւ քուէն խօսեցաւ…