Ճանապարհ՝ Հայաստան

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ – Քանի մը շարք աստիճաններէ բարձրանալով հասանք Աղթամարի վանք: Հակառակ բոլոր թրքական արգելքներուն, հայկական եկեղեցիներուն վրայ խաչի զետեղումը վերջապէս արտօնուած էր Աղթամարի եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ միայն, տարեկան մէկ անգամ պատարագի արարողութեան արտօնութեամբ: Իսկ խաչը, արդէն գիտենք թէ Հայաստանէն բերուած էր:

Պահ մը Վահան Թէքէեանի ոսկեղէն խօսքերը մտաբերելով մտանք եկեղեցի, մութ ու խոնարհ, լուռ ու մունջ: Երկու թուրք ոստիկաններ կը հսկէին տարածքը, որոնք մեզի բացատրեցին, թէ եկեղեցիին ներսը տեղադրուած գանձանակին մէջ հաւաքուած գումարները կը յատկացուէին եկեղեցւոյ հոգատարութեան (Այսինքն՝ զբօսաշրջիկներու լումայով կը պահուէր այդ տարածքը)։

Խորհրդաւոր էր Աղթամարը: Եկեղեցւոյ սիւներուն, պատերուն եւ խորանին վրայ տակաւին գոյութիւն ունէին խաչերն ու հայկական գրութիւնները (նաեւ՝ նոր փորագրուած անուններ եւ թուականներ): Արդեօք այս նոր փորագրիչները կը մտածէին պատմութեա՞ն անցնիլ իրենց այդ անձնասէր եւ պատմութիւնը աղաւաղող արարքներով: Եկեղեցւոյ կողքին վանքէն մնացորդ պատերը, բաժնուած սենեակներով, ծառայած էին որպէս կենսական բնակարան, մենարան եւ աղօթատեղիներ: Պարապ էին անշուշտ բոլոր սենեակները, առանց պատուհաններու, դռներու եւ առաստաղի, կլիմայի եւ բնութեան կամքին թողուած: Աղթամարը իր ազնուական կեցուածքով, այդ բարձունքի գագաթէն կը դիտէր Վանայ ծովի չորս դին, կարծէք՝ պահպանելու զայն իր իրաւասու տէրերուն համար: 

Բաւական լայն էր վանքին տարածքը, որուն վերջաւորութեան արդէն հաստատուած էին սրճարաններ եւ հանգստարաններ, ծովափին նման, որոնք քիւրտերու կողմէ կ՚օգտագործուէին զովացուցիչներու, թէյի եւ յուշանուէրներու վաճառման համար: Հայ փնտռելը այնտեղ անհնարին էր, նման մեր ազգակիցներու ծնողներու ծննդավայրերու փնտռտուքին, սակայն հայախօ՞ս… այո՛, կային ոչ կատարեալ հայախօս քիւրտեր: Չէինք գիտեր թէ անոնք հա՞յ էին թէ՞ զբօսաշրջիկներու միջոցաւ օտար լեզուներու մասնիկներ սորված տեղացիներ:

Երկու ժամ ետք կրկին նաւ առինք ցամաք վերադառնալու եւ ճաշակելու համար Վանայ լիճի համեղ տառեխը, լիճին հանդիպակաց ճաշարանին մէջ: Ձուկի յիշատակութեամբ, կ՚արժէ յիշել մեր յուսախաբութիւնը, մեր խմբակի կարգ մը ձկնորսներուն, որոնք զինուած էին ձկնորսութեան եղէգներով եւ պարէնով, Վանայ լիճէն ձուկ որսալու համար: Պարզուեցաւ, թէ նախ՝ այդ ժամանակաշրջանին ձկնորսութիւնը արգիլուած էր ձուկերու բազմացման պատճառով եւ երկրորդ՝ տառեխ ձուկը կարելի չէր եղէգով որսալ. այդ կարելի էր միայն ուռկանով: Ինչեւիցէ, ուղղուեցանք ճաշարան, ուր արդէն մեզի համար պատրաստուած էր փառաւոր սեղան մը, տապկուած տառեխներով զարդարուած: Ահաւասիկ՝ սրբոց «չորրորդութիւն» մը, որ Վանի իւրաքանչիւր այցելու պէտք է հաղորդուի անոնցմով:

Զարմանալիօրէն՝ անոնք որոնք ձկնեղէնի շատ բարեկամ չէին, անոնք եւս լափեցին Վանայ տառեխը իր աղանդերներով: Իսկապէս, որ Վանի ուտելիքը համեղ էր ամէնուրեք:

Մեր Արեւմտեան Հայաստան գտնուած ժամանակամիջոցին, Թուրքիոյ մէջ կ՚ընթանային նախագահական ընտրութիւնները, որոնք խուճապ եւ խճողում ստեղծած էին ամբողջ երկրին տարածքին: Հակառակ անոր որ օրինական հսկողութիւնը ներկայ էր ամէնուրեք, սակայն տարօրինակ եռուզեռ կար մանաւանդ Վանի մէջ: Մայր պողոտան, ուր կը գտնուէին առեւտրական խանութները, բոլոր զբօսաշրջիկներու ուշադրութեան կեդրոնն էր, ուր նաեւ՝ թեկնածուներուն աշխատանքի կեդրոնացման վայրը, որոնք բարձրախօսներով կը գոռային լոզունգներ եւ յայտարարութիւններ: Բազմահազար անցորդներ լեցուցած էին այդ պողոտան եւ կողքի բոլոր պողոտաները: Երթեւեկը յաճախ կանգ կ՚առնէր զիրար ոտնակոխ չընելու համար եւ սակայն այդ մարդկային հոսքը վերջ չունէր հորիզոնին վրայ:

 

Շար. 7

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *