Հպարտ Ըլլանք Եւ Անսակարկ

ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Դարաշրջանի եւ ժամանակակից հասարակութեան մէջ ընկերային համակարգը, շնորհիւ գիտաշխարհին տուած, ընձեռած բարիքներուն, առաւելութիւններուն, դիւրութիւններուն, բազմապատկած է հասկացողութիւն, արժէք, նուիրում, անշուշտ աւելի անհատական մակարդակով՝ եսասիրական, քան ազգային, որուն դիմաց բնականաբար տուժած է եւ կը շարունակէ տուժել ազգայինը, մշակութայինը: Մօտեցումը, զգացումը համատարած է եւ ոչ թէ սահմանափակուած հայուն կամ հայկականին: Պայքարը բազմաճակատ է:

Ժամանակակից հայ սփիւռքը, որ աւելի աշխարհատարած է քան երբեք, դարձած է նաեւ աշխարհամոլ իր տեղի եւ մշակոյթի «մեքենային» միջոցաւ եւ սկսած է ընդունուիլ որպէս բնական երեւոյթ եւ տրամաբանական հետեւանք: Նոյն ժողովուրդի հայ զաւակը, հիւսիսային թէ հարաւային կիսագունդի մէջ, անգլիախօս, ֆրանսախօս թէ արաբախօս դարձած է խորթ  ազգային արժէքներու եւ մանաւանդ լեզուի նկատմամբ ու սկսած է որդեգրել կեցուածք, դատողութիւն, պատկանելիութիւն, գործածութիւն, որոնք իրենց կարգին կարճ ժամանակ մը առաջ կը նկատուէին հակաազգային լայն հասարակութեան կողմէ եւ նոյնիսկ դատապարտուած, մերժուած, իսկ ներկայիս՝ «ինքնատիպ»: Ներկայի պատկերը բնականաբար ունի իր թեր ու դէմ մօտեցումները:

Շատ հաւանաբար, ազգային այդ հասկացողութեամբ, հայ սփիւռքը սկսաւ իր մայրամուտը ապրիլ 1970-ական թուականներէն ետք, երբ մէկը միւսին ետեւէն Կիպրոս (1974-ի թրքական ներխուժում, գրաւում) Պարսկաստան, Լիբանան, Իրաք, Սուրիա եւ դարձեալ Իրաք, որոնց կողքին զերծ չմնացին Յորդանան (Իսրայէլ-Պաղեստին) եւ Եգիպտոս, ուր հինը, պատմականը, ազգայինը պարպուեցաւ եւ ստեղծուեցաւ նոր հոսանք, ոչ թէ անպայման գաղթականութեան, այլ մտայնութեան, դատողութեան եւ ազգային-մշակութային չափանիշներու նկատմամբ ապակեդրոնացում: Ծնունդ առաւ անհատը, անհատականը, անհատականութիւնը՝ «ես»-ը:

Ո՞վ է ազգայինը, ո՞վ է հայը, հայերէն գիտնալն ու խօսիլը կարեւո՞ր է, նախապայմա՞ն է տուեալ մշակոյթի բոլոր պահանջները բաւարարելու:

Հակառակ սփիւռքի մեծութեան, որ սահմանակից է բոլոր ովկիանոսներուն տակաւին «Հին լսարանի» զանգը, բայց նաեւ որպէս ահազանգ կը հնչէ շատերուս մօտ: Սահմաններու տարածութինը այլեւս արգելք մը չէ, որ կարճ ժամանակի մէջ դառնանք Մարքօ Փոլօ, Մակէլլան կամ Քոլոմպոս: Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան անոնցմէ մին է, որ իր գործին եւ առաքելութեան ընթացքին, զանց առնելով նաւահանգիստները, օդակայանէ-օդակայան անցնելով, կը փնտռէ նաեւ հայկականը, հայը, ազգային մշակոյթը կամ կը փորձէ գտնել շաղկապը ու ապա որպէս համադամ ճաշի «բաղադրագիր» մեզի կը հրամցնէ իր օրագիրը:

Զարմանալի չէ, որ վերջերս իր գիրքին՝ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» 2018-ի  հրատարակութենէն եւ բազում շնորհահանդէսներէն ետք, նմանօրինակ շնորհահանդէս մը տեղի ունենայ նաեւ Աւստրալիոյ մէջ, Սիտնի: Այո՛, Աւստրալիա իր Նոր Զելանտիա  ճանապարհին՝ ընկերակցութեամբ տիկնոջ՝ դոկտ. Արտա Ճէպէճեանի, որ կատարած է գիրքին մանրազննին եւ դժուարին խմբագրութիւնը, ուր Հրայր կը նկարագրուի որպէս անսակարկ հաւատարմութեամբ հայուն, հայրենիքին, եկեղեցիին, մշակոյթին, պահանջատիրութեան, մամուլին եւ սփիւռքին նուիրեալ՝ իր մորթին ամենաջնջին բջիջներով անգամ:

Հակառակ մեր 80-ական թուականներու հանդիպումներուն Լիբանանի եւ Եգիպտոսի մէջ՝ ասիկա երկրորդ հանդիպումն էր ի Սիտնի: Օգոստոս 4-ին Սիտնիի առաքելական Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ Էտկարեան սրահէն ներս առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գերաշնորհ տէր Հայկազուն եպս. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ շնորհանդէսը: Հաստափոր գիրքին ներկայացումը կատարուեցաւ դիւանապետ Նշան Պասմաճեանի կողմէ:

Դոկտ. Հ. Ճէպէճեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ սփիւռքը ընտրութիւն չէ, այլ հետեւանք: Հայապահպանումի ճակատամարտը սփիւռքի ճակատամարտ է, որ ունի իր զոհերը, եւ զոհերը սկսած են աւելնալ, բայց մենք պէտք է շարունակենք պատմել մեր պատմութիւնը:

Հրայր Ճէպէճեան գիտակից է, որ որպէս սփիւռք, պետականութիւն կը դիմագրաւենք հազար ու մէկ դժուարութիւններ: Սփիւռքի տարածքին տարբեր ենք, բայց օտար չենք, մեր արմատը, մեր ծառը մէկ է: Սրբազան հայրը հիւրը որակեց որպէս Աստուծոյ մարդը, որ իր կրօնասիրութեան կողքին ունի հայրենասիրութիւն եւ ամբողջական նուիրում հաւատք եւ սէր հայրենիքին նկատմամբ:

Կիրակի, 5 Օգոստոսին ՀԲԸՄիութեան եւ ԱՀԱԸնկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած էր դասախօսութիւն ՀԲԸՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ «Հայկական մշակոյթ ամբողջական կեանք եւ շարունակականութեան հիմք» խորագիրով, որուն ընթացքին փոխն ի փոխ զեկուցեցին Հրայր եւ Արտա Ճէպէճեանները:

Դոկտ. Հրայր իր զեկոյցի ընթացքին թելադրեց, որ ազգային կառույցներու նկատմամբ պէտք է յարգանք ունենալ, որոնք իրենց կարգին ըլլան քաջալերական: «Երկլեզուանի կամ բազմալեզու ըլլալը խելացիութեան չափանիշ է,- ընդգծեցին խօսնակները,- ինչպէս նաեւ կեանքի ու գործի յաջողութեան գրաւական ու բանալի: Ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Ճէպէճեան նշեց, որ խօսակցութիւնը կարեւոր է, հոգ չէ թէ որոշ վրիպումներով կամ պէտք չէ անպայման պարտադրել, որ բերանացիին կողքին ունենան նաեւ գրականը: Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան իր ասպարէզին բերումով տուաւ լեզուի ուսուցման դժուարութիւններու կողքին տարբեր մօտեցումներ, զորս կարելի է կիրարկել, ինչպէս նաեւ հոգեբանական բարդ կացութիւններ, որոնք առլցուն են այսօր մեր հայ երիտասարդ սերունդին եւ լայն հասարակութեան մօտ:  

Այո՛, պայքար կայ եւ պէտք է շարունակել պայքարը, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ գրեթէ ամէն երկու շաբաթ կը մեռնի, կ’ոչնչանայ լեզու մը: Խօսնակները սերտօրէն իրար կապեցին օրուայ սփիւռքի հոգեբանութիւնները, մօտեցումները լեզուի եւ մշակութայինի նկատմամբ՝ միահիւսելով ցեղասպանութեան, միջավայրի, պատերազմական, գիտական, հաղորդակցութեան զարգացման եւ արագ տարածման ազդակները: Դոկտ. Արտա Ճէպէճեան սիրայօժար իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ ժամանակը տրամադրեց աւստրալահայ գաղութի դպրոցական ցանցին, որ որպէս ընկերալեզուաբան պատրաստ է գալու եւ համապատասխան աշխատանք տանելու տեղի հայեցի կրթութեան պատասխանատուներուն հետ: Տեղի ունեցաւ հարց պատասխան: Զգալի էր ներկաներուն հայ մշակոյթի և լեզուի կորուստին մտահոգութիւնը բայց խօսնակներուն նկատմամբ գնահատականը՝ անվերապահ: Սրբազան հայրը անգամ մը ևս շեշտեց, որ մեր մշակոյթը նոր չէ, Սումերական բեւեռագիր եւ այլ սեպագիր վկայութիւններ կան այդ մասին, եւ այսօր բոլորիս պարտականութիւնն է յաջորդ սերունդին փոխանցել այս դարերու խորքէն եկող հարստութիւնը:

Ճէպէճեաններուն պատգամը, ընդհանրապէս, այս երկու ձեռնարկներուն եւ իրենց կեցութեան ընթացքին եղաւ հպարտ ըլլալ եւ անսակարկ:

Այո՛, հպարտ, անսակարկ, անզիջող: Մեզմէ իւրաքանչիւրը մեր ժամանակի եւ միջավայրի պտուղն է՝ կարկտահար, սառցահար, արեւահար եւ կամ արեւահամ: Հպարտութիւնը, եթէ չեմ սխալիր, արդիւնք է շօշափելի եւ տեսանելի արարքներու, որոնք շատ յաճախ «երկարակեաց» չեն, եւ «հերոսներ» շատ արագ կը փոխուին: Ստեղծագործ ժողովուրդի ժառանգութիւնն է որ հպարտութեան շաղախն է, որ պէտք է մնայ անփոփոխ, սակայն այսօր դժբախտաբար այդ «շաղախն» է որ տոկուն, ամուր, զօրաւոր չէ եւ հետեւաբար ատակ «ճեղքուածքներ» ունենալու եւ երբեմն որպէս «թուղթէ դղեակներ» փուլ գալու: Ո՞ւր կը մնայ հպարտութիւն, անսակարկութիւն, անզիջողութիւն: Հոս է իրականութիւնը եւ մեր պայքարը: Հայերէն լեզուի կողքին կրնանք ունենալ երկրորդ մը կամ վեցերորդ լեզու մը եւ ոչ թէ ունենալ 5 լեզու, որոնց շարքին չկայ, կը պակսի, բացակայ է հայերէնը: Ճէպէճեան ամոլը արդարացի հպարտութեամբ նշեց, որ իրենց զաւակները հայերէն լեզուի կողքին քաջատեղեակ են անգլերէնին, յունարէնին, արաբերէնին եւ այլ լեզուներու: (Չ)գիտնալ, (չ)սորվիլ կամ դիտմամբ անտեսել եւ մերժել՝ Փանտորայի տուփը բանալ կը նշանակէ:

Այո՛, հայը եղած է եւ այսօր ալ ծանօթ է որպէս «բազմալեզու» իր օտար դրացիին, բարեկամին կամ գործընկերոջ կողմէ: Բայց ի՞նչ է մակարդակը, որակը այդ «հայերէնին», որ այսօր նոյնիսկ Հայաստանի մէջ անգամ աղաւաղուած է հարիւրաւոր, նոյնիսկ  հազարաւոր օտար բառերու ներածումով եւ հայերէնացած գործածութեամբ, որոնց համապատասխան բառերը կան, շատ հաւանաբար ոչ սեպագիր արձանագրութիւններու մէջ, բայց մեր Հայկազեան բառարաններուն մէջ անպայման: Այս օրերուս գործածական եւ ընդհանրացած բառերէն օրինակ մը՝ կոռուպցիա:
Ինչո՞ւ գործածել կոռուպցիա,  երբ կայ, ունինք կաշառակերութիւն: Շաղախը ճեղքուածքներ ունի իր հիմքերուն վրայ: Կաշառակերութիւնը սակարկելի եղած է ամէն մակարդակի ու խաւի: Աղջիկ քեզի կ’ըսեմ, հարս դուն հասկցիր:

Ես հպարտ եմ, որ հայ եմ եւ քիչ մը աւելի, որ սփիւռքահայ եմ, թէեւ ոչ իմ ընտրութեամբս, ինչպէս պիտի ըսէր դոկտ. Հ. Ճէպէճեան: Իմ ժառանգութիւնս, մշակոյթս, լեզուս անսակարկելի է, բայց հպարտ եմ հայրենիքի ու Արցախի այլ նուաճումներով՝ սկսած Վահագնի Ծիր Կաթինով, իրարայաջորդ մեր հանրապետութիւններով, Նախիջեւան կանչող արցախեան մեր նոր մարտիկներով, Էջմիածինն ի Հօրէ՝ մոմաճրագ սեղանով: Պիտի չուզէի լսել, տեսնել, վկայել ազգային, մշակութային, պետական, կրօնական թերացումներ հայրենի հողին վրայ, որոնք վնասակար են եւ ազգակործան ու ժողովուրդին համար խոցելի՝ ի սփիւռս աշխարհի կամ ի Հայաստան:

Ճէպէճեաններուն եւ բոլոր նմանօրինակ պայքարողներուն… վարձքերնի՛դ կատար, ձեր գրիչը եւ լեզուն միշտ անսպառ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *