ՀՀ Անկախութեան 27-րդ Տարեդարձին Առիթով
ԱՐԱՄ ՍԵՓԵԹՃԵԱՆ
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
«ԶԱՐԹՕՆՔ ԲԱՑԱՌԻԿ», ՊԷՅՐՈՒԹ – Անկախ եւ ինքնիշխան պետականութեան մը իրագործումը, անկասկած, բոլոր ազգերու համար եղած է վարդագոյն երազ մը: Հայ ժողովուրդին պարագային՝ բազմադարեան մղձաւանջ մը, որուն ընդունելի միակ ելքը հանդիսացեր էին 1918-ի Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտը եւ Արեւելահայաստանի մէջ հիմնուած յաջորդական երեք հանրապետութիւնները:
Արդարեւ, անկախութիւնը այսքա՛ն ցանկալի ԵՐԱԶ է ոեւէ ժողովուրդի, որուն տիրանալու համար կ’արժէ ընծայաբերել ամէն թանկարժէք «ունեցուածք»: Ու հայութիւնն ամբողջ անցնող հարիւրամեակին զոհեց «աշխարհ»-ին իր լաւագոյնը, որպէսզի կարենայ պահել իր յարաբերական «անկախութիւն»-ը:
Ժամանակակից մեր պատմութեան մէջ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան իւրաքանչիւր տարեդարձին ազգովին հպարտացանք մեզ խանդավառող իրագործումներով ու շահուած յաղթանակներով, բայց չանտեսեցինք նաեւ այն դասերը, զորս պէտք է քաղէինք մեր պարտութիւններէն: Սփիւռքահայ մեր սերունդը, ներկայիս, աւելի քան երբեք կը հաւատայ առարկայական ճշմարտութեան՝ ստուգատեսի իրաւասութիւններով, քան թէ կ’առաջնորդուի երբեմնի «ազգային սնապարծութեան» երազախաբութեամբ:
Այս հանգրուանին բոլորս ալ հրաւիրուած ենք ներկայանալու Գ. Հանրապետութեան 27-րդ դասապահին՝ նախորդ տարիներու վերաքաղով եւ գալիք տարիներու նոր տեսլականներով:
Ուրախացանք ազգովին եւ առանց վերապահութեան, երբ տակաւին նորանկախ պետութիւն, ունեցանք հռչակագիր եւ սահմանադրութիւն, ազգային բանակաշինութիւն եւ մեր սահմաններուն անձեռնմխելիութիւն, յատկապէս միջազգային ատեաններուն մէջ մեզի շնորհուած քաղաքական եւ իրաւական սահմանումներով:
Արցախի իրողական ազատագրումն ու ինքնակառավարումը, մեր յաղթական երթին շարունակութիւնն է:
Ի՞նչպէս յաղթահարել մեր սահմանակից հարեւան թուրք եւ ազերի վոհմակներուն բնազդային ախորժակներն ու ոտնձգութիւնները: Միջազգային բարձրակարգ դիւանագիտութեան նուրբ խաղաքարտերո՞վ, թէ ռազմական մեր «գերարդիական զինանոցներով»: Երբ նորօրեայ «Աննիբալ»-ը մեր «Կարգեդոն»-ի դռներու սեմին կանգնած է իր արիւնռուշտ կերպարանքով, հայութեան բոլոր հատուածներուն համար առաջնահերթը մեր հողերուն անվտանգութիւնն է: Վարչակարգերը անցողիկ են: Մնայունը ՀՈՂն է հայրենի՝ իբրեւ սրբութիւն սրբոց:
Պարտադիր պայմաններու հրամայականներով աւելի քան 10 միլիոն ժողովուրդը դատապարտուած է ապրելու հայրենիքի մէջ իր մէկ-քառորդ թուաքանակով, իսկ մնացեալը արտերկիր՝ իր մերձակայ թէ հեռակայ գաղութներով:
Մինչ սփիւռքահայութիւնը ամենայն անկեղծութեամբ կ’ըլլար մասնակից հայրենիքի ցնծալից յաջողութիւններուն եւ ձեռքբերումներուն, սակայն զուգահեռաբար ներհայաստանեան քաղաքական եւ ընկերային առօրեայ կեանքին մէջ քառորդ դարէ ի վեր, հայրենիքը եղաւ թատերաբեմ իշխանաւոր դասակարգի բարոյական թէ ֆիզիքական ճնշումներու հետեւանքով տեղի ունեցած ժողովրդային անհանդուրժելի ընդվզումներուն եւ ընդհատումներուն: Երկար է շարքը, սակայն կարելի է յիշատակել ու դիտարկել միայն տեսանելի մասը այն սառցալերան, որ սառուցիչ ովկիանոսի մէկ ծայրամասին մէջ գոյութիւն ունի, եւ ջուրի մակարդակէն վար գտնուող մասը մեր մարդկային աչքերուն կը մնայ անտեսանելի ու խորհրդաւոր:
Ահաւասիկ այս հարցումները, որոնք կը չարչրկեն սփիւռքահայ ԽՈՐՀՈՂ մարդուն միտքն ու հոգին.
- Անկախութեան առաջին տարիներուն սկիզբ առած բազմատեսակ «գոյք»-երուն դէպի արտերկիր վաճառքը եւ հետագային ծնունդը նորաբոյս հարուստներու, կազմեցին Հայաստան աշխարհին նորաստեղծ աւատապետերու խմբակը:
- Պետութեան պատկանող կալուածներու արագօրէն կազմակերպուած սեփականաշնորհումն ու աժան վաճառքը… մենաշնորհեալներու: Սկիզբ անյագուրդ ընչաքաղցութեան:
- Արտագաղթը՝ իբրեւ սպիտակ արիւնահոսութիւն, երբ անցնող 25-ամեակին հայրենիքը լքեցին շուրջ մէկուկէս միլիոն հայեր: Երեւոյթ մը, որ բարենպաստ պայմաններու ընձեռումով կարելի պիտի ըլլար գոնէ կասեցումը հակահայ այս վտանգաւոր իրողութեան:
- Քաղաքական դիրքաւորումներ, հետապնդումներ եւ սպանութիւններ՝ իշխանութեան կողմէ դեռեւս մնացած անպատժելի իբրեւ թղթաբանութիւն:
- 1999 Հոկտեմբեր 27-ի քստմնելի ոճիրին գործադրութիւնը եւ ցարդ անկատար մնացած անոր ամբողջական բացայայտումն ու դատապարտութիւնը (թիւով 8 մեծանուն զոհեր):
- 2008 Մարտ 1-ի հանրածանօթ ողբերգութիւնը: Զոհերու թիւը՝ 10 հայ: Դատապարտում եւ արդարադատ բացայայտումներ:
- Մենաշնորհեալներու դղեակներուն եւ առանձնատուներուն կառուցումի փոխարժէքով արդիականացնել ազգային բանակին ռազմական կարելիութիւնները, որպէսզի անխոցելի դառնան մեր սահմանները:
- ՀՀ կուտակուած արտաքին պարտքերու գումարը վճարել՝ յատուկ կարգադրութեամբ մը բանակցելով անոնց հետ, որոնք 2006-2016 Հայաստանէն հակաօրինական ձեւերով արտահանեցին 9 միլիառ 830 միլիոն տոլար՝ զանոնք տեղաւորելով արտասահմանի դրամատուներէ ներս (Տե՛ս Global Financial Integrity Report 2017):
- Բացառիկ հոգատարութիւն Երեւանէն դուրս գտնուող բոլոր մարզերու եւ գիւղերու՝ ժամանակակից դարու կենցաղային եւ տարրական պայմաններու յարգումով:
- Արեւաշող հայրենիք մը ունինք, ուր կրնանք լաւապէս օգտուիլ արեգակնային դրութեամբ վահանակներ զետեղել շէնքերու տանիքներուն վրայ կամ այլ բարձրադիր վայրեր ու մեղմացնել ելեկտրական հոսանքներու համար պարտադիր ծախսերը:
Սառցալերան (Icerberg) անտեսանելի մասին մէջ կը գտնուին ահաւոր բացթողումներ ու թերացումներ: Մեր նպատակն է իբրեւ սփիւռքահայ գրող մատնանշել ու հետապնդել առաջնահերթ հարցադրումները, սրբագրել տալ զանոնք եւ ապա անցնիլ յաջորդ տասնեակին: