ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց 26-րդ տարեդարձին առիթով, ինչպէս նաեւ Հայ-ճափոնական յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու նպատակով, վերջերս Հայաստան այցելած է Ճափոնի Արտաքին գործոց նախարար Թարօ Գոնոն ու շահեկան հանդիպումներ ունեցած Հայաստանի պետական ղեկավարներու հետ:
Յիշենք, թէ Ճափոն Հայաստանին մօտ 300 միլիոն տոլար պարտք տուած է, եւ 90 միլիոնէ աւելի նպաստներ ըրած Հայաստանի ժողովուրդին եւ երկրին մակարդակը բարելաւելու համար։ Ան 28 հրշէջ մեքենաներ նուիրած է մեր հայրենիքին:
1918-ին, Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրերուն, առաջին հայ հիւպատոսը եղած է Տայանա Աբգար, որ մեծ դեր խաղացած է Ճափոն հաստատուած հայ փախստականներ ԱՄՆ փոխադրելու գործին մէջ: Նման պաշտօնի մը իգական սեռին կողմէ ստանձնուիլը, այն ալ Կովկասեան պահպանողական երկրի մը կողմէ, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած եւ դիւանագիտական աշխարհին ուշադրութիւնը գրաւած էր:
* * *
Ուրբաթ, 7 Սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 5։00-էն մինչեւ ժամը 9։30, Կլենտէյլ քաղաքին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց 26-րդ տարեդարձը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի 31 արտավար տարածութիւն ունեցող գեղատեսիլ Brand Park-ին մէջ: Այդ օր ճոխ յայտագրով եւ պատկառելի հիւրերու ներկայութեամբ նշուեցաւ «Ճափոնի օր»ը եւ «Հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութեանց օր»ը:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լոս Անճելըսի մէջ գործող Ճափոնի եւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսարաններուն կողմէ:
Երեկոյեան ժամերուն ներկաները առիթ ունեցան Brand Park-ին մէջ զբօսնելու: Այս զբօսայգիին մէջ ճափոնական Sho Seian բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ կառուցուած է Tea Garden, ի նշան Ճափոնի եւ ԱՄՆ-ի ժողովուրդներու փոխադարձ սիրոյն եւ յարգանքին:
Ժամը 7։00-8։00, Brand Park-ի կեդրոնական սրահին մէջ, մօտ 100 ընտրանի հրաւիրեալներու ներկայութեան գործադրուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր մը: Հանդիսավարն էր ԱՄՆ-ի եւ Ճափոնի Հարաւային Քալիֆորնիոյ հիմնարկի նախագահ՝ Տակլըս Էրպըր: Խօսք առին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի հիւպատոս՝ Ռազմիկ Ստեփանեան, Ճափոնի գլխաւոր հիւպատոս՝ Աքիրա Չիպաս, Կլենտէյլի Քաղաքապետական Խորհուրդի անդամ՝ Փօլա Տիվայն, Կլենտէյլի Կրթական խորհուրդի անդամ Դոկտ. Արմինէ Կարպետեան, Հայաստանի մօտ Ճափոնի առաջին հայաստանաբնակ դեսպան Էիճի Թագուշի (որուն խիստ շահեկան խօսքը, թարգմանաբար կու տանք առանձին), ինչպէս նաեւ UCLA համալսարանի բժշկական բաժնի մեծանուն ղեկավարներէն, Հայկական Առողջապահական Միջազգային Հիմնադրամի փոխ-նախագահ՝ Տոքթ. Աքիրա Իշիյամա, որ քանի մը անգամ Հայաստան մեկնած է եւ հոն մօտ 100 խուլ եւ համր փոքրիկներու գործողութիւններ կատարած, եւ այդ փոքրիկները, բոլորն ալ խօսիլ եւ լսել սկսած են:
Ապա, գեղարուեստական բարձր որակի հայկական եւ ճափոնական նուագներու կատարումէն ետք, բոլոր ներկաները անցան հիւրասիրութեան սրահ: Հոն տեղի ունեցաւ հայ-ճափոնական դիւանագիտական յարաբերութեան 26-րդ տարեդարձի կարկանդակի հատումը: Ապա, շատ ճոխ ճափոնական եւ հայկական ուտեստեղէններու մատուցում: Հայ եւ ճափոնցի ներկայ հիւրեր մեծագոյն հաճոյքով կ՚ուզէին լսել եւ ծանօթանալ երկու երկիրներուն եւ անոնց ժողովուրդներուն մասին:
Այս անմոռանալի եւ բարձր մակարդակով կազմակերպուած ձեռնարկը վերջ գտաւ մօտաւորապէս ժամը 9.30-ին:
Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք դեսպան Էիճի Թագուշիի (Eiji Tagushi) արտասանած խօսքը:
Հայաստանի մօտ Ճափոնի նախկին դեսպան՝ Էիճի Թագուշիի խօսքը
Ողջոյն բոլորիդ:
Ես շատ ուրախ եմ այսօր ձեզի հետ ըլլալուս համար, «Ճափոնի օրուան» յատուկ առիթով:
Ես երեք տարիներ աշխատած եմ Երեւանի մէջ որպէս Ճափոնի դեսպան: Ինչպէս գիտէք, Ճափոնը եւ Հայաստանը հազարաւոր տարիներու պատմութիւն ունին: Այդ երկար տարիներու լոյսին տակ ես պատիւն ու առանձնաշնորհումը ունեցայ աշխատելու որպէս Ճափոնի պատուոյ բնակիչ դեսպանը Հայաստանի:
Այսօր պիտի ուզէի խօսիլ այն մասին, թէ ես ինչպէս կը տեսնեմ Ճափոն-Հայաստան կապերը: Կը յուսամ իմ այս կարճ ելոյթը պիտի սատարէ աւելի լաւ հասկնալու մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Իմ բջջային հեռախօսս կը բացուի Արարատի պատկերով, զոր ես տեսայ Երեւանի իմ յարկաբաժինէս առաջին օրը որ ժամանեցի Հայաստան: Նմանապէս կը յիշեմ նաեւ, թէ պատուհանիս շուրջ թռչող ծիծեռնակները ինչպէս բարի գալուստ մաղթեցին ինծի: Այնպիսի գեղեցիկ ու խաղաղ առաւօտ մըն էր, որ ես երբեք պիտի չմոռնամ: Եւ ամէն անգամ որ ես Կոմիտասի «Ծիծեռնակ» երգը կը լսեմ, կը յիշեմ այդ եզակի առաւօտը: 3 տարիներու իմ կեցութեան ընթացքին, ես փորձառութիւնը ունեցայ վայելելու զանազան ձեռնարկներ եւ հանդիպելու զանազան մարդոց, այսուհանդերձ իմ առաջին օրուան անմոռանալի տպաւորութիւնս երբեք չփոխուեցաւ:
Արդարեւ, բոլոր այն ճափոնցիները որ կ՚այցելեն, լաւ տպաւորութիւն ունին Հայաստանէն: Ասիկա շողոքորթութիւն չէ: Պատմական գեղեցիկ ժառանգութիւնը դիմակայելը, համեղ ճաշերը վայելելը, ազնիւ ու հիւրասէր մարդոց հանդիպիլը, այս բոլորը միասնաբար լաւ տպաւորութիւն մը կը հաղորդեն Հայաստանէն:
Հայ ժողովուրդին Ճափոնէն կրած տպաւորութիւնն ալ վատ չէ: Շատ մարդիկ կը տեսնեն նոյն լուսաւորութիւնն ու հասարակաց գիծերը Հայաստանի եւ Ճափոնի միջեւ, Արարատ լերան եւ Ֆուճի լերան միջեւ, դուդուկի եւ հիչիրիքիի միջեւ, հասարակաց արժէքներու, ինչպէս՝ սիրոյ եւ յարգանքի աւանդութեանց միջեւ: Առաւել, ահագին սիրահարներ (fan-եր) կան Սուշիի, Մանկայի եւ ոգեւորուածութեան: Այս բոլորէն վեր, ճափոնական մարտարուեստի՝ քարաթէի, ճիւտոյի եւ աքիտոյի հետեւող աւելի քան 10,000 մարդիկ կան Հայաստանի մէջ: Իմ լսածիս համաձայն, Հայաստանի երախաները ամէնէն աւելի հետաքրքրող մարզաձեւերը ոչ թէ ֆութպոլը կամ պասքէթպոլն են, այլ ճափոնական քարաթէն:
Մէկ խօսքով, ճափոնցի ժողովուրդը եւ հայ ժողովուրդը փոխադարձաբար լաւ պատկերացումներ ունին իրարու նկատմամբ:
Ի միջի այլոց, ոեւէ մէկը գիտէ՞, թէ քանի՞ հայեր կ՚ապրին Ճափոնի մէջ: Պատասխանը՝ 60 է: Իսկ Հայաստանի մէջ ապրող ճափոնցիներու թիւը՝ միայն 30: Ամէն տարի, Հայաստանէն միայն 300 հայեր կ՚այցելեն Ճափոն, եւ շուրջ 2,000 ճափոնցիներ կ՚այցելեն Հայաստան: Ի հարկէ, ասիկա մեծ ցուցանիշ մը չէ:
Գալով տնտեսական յարաբերութիւններուն, առեւտրական փոխանակումները միայն 35 միլիոն ամերիկեան տոլար է կողմերուն միջեւ, իսկ ներդրումները՝ շատ քիչ:
Հակառակ այս անցանկալի պատկերներուն, ինչ որ պիտի ուզէի ըսել այսօր, այն է, որ ներկայ կապերը Ճափոնի եւ Հայաստանի միջեւ բաւական լաւ են եւ կասկած չկայ, որ աւելի պիտի զարգանան ապագային:
Որպէս փայլուն ապացոյց, այս ուղղութեամբ ես պիտի ուզէի ներկայացնել ձեզի երեք վայրեր Հայաստանի մէջ, որոնք կը խորհրդանշեն Ճափոն-Հայաստան լաւ յարաբերութիւնները:
Առաջին վայրը՝ Սաքուրա ծառերն են, որոնք Ազգային Ժողովի շէնքին առաջամասին գտնուող պարտէզին մէջ են: Այդ ծառերը տնկուած են երեք տարի առաջ՝ Հայաստան-Ճափոն Խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակին եւ իմ բարեկամ, Հայաստանի մօտ Ճափոնի նախկին դեսպան Հարատայի կողմէ:
Երկրորդ տեղը զոր կ՚ուզեմ ներկայացնել, Ջերմաելեկտրուժի կայարանն է: Սոյն ջերմակայանը կառուցուած է Ճափոնի կողմէ կատարուած 250 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխատուութեան շնորհիւ: Այս ջերմակայանը ելեկտրականութիւն կ՚արտադրէ 2010-էն ի վեր, եւ ներկայիս կը մատակարարէ Հայաստանի ելեկտրականութեան 17%ը:
Գործակցութեան ուրիշ լաւ օրինակ են՝ Երեւան քաղաքին մէջ գործող 28 հրշէջ մեքենաները: Ասոնք շնորհաբաշխուած են ճափոնական կառավարութեան կողմէ: Յաջորդ տարուան ամրան, 39 ուրիշ հրշէջ մեքենաներ պիտի հայթայթուին շրջանային գլխաւոր քաղաքներուն:
Վերջապէս, երրորդ տեղը զոր պիտի ուզէի յանձնարարել ձեզի՝ Սպիտակի «Երկրաշարժի յիշատակի այգին» է:
2012-ին, ի յիշատակ Արեւելեան Ճափոնի մէջ տեղի ունեցած մեծ երկրաշարժի զոհերուն կանգնեցուած «Խաչքար» յուշարձանը «Յիշատակի այգի»ին մէջ, Սպիտակի քաղաքացիներուն նախաձեռնութիւնն էր, որոնք այցելեցին Ճափոն:
Ես երբ տեսայ յուշարձանը, իսկապէս խորապէս ազդուեցայ ի տես հայ ժողովուրդի սրտէն բխող ջերմ զգացումներուն: Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանը միակ երկիրն է աշխարհի մէջ ուր կանգնեցուած է յիշատակի կոթող, նուիրուած 2011-ի երկրաշարժի զոհերուն:
Իրականութեան մէջ, 7 Դեկտեմբեր 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժի լուրը ցնցիչ եղաւ Ճափոնի մէջ: Ճափոնական կառավարութիւնը, մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով որոշեց շուտափոյթ օգնութեան ջոկատ առաքել:
Աւելին, 2011-ին, Արեւելեան Ճափոնի Մեծ երկրաշարժէն անմիջապէս ետք, Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճարին մէջ զոհերու յիշատակին հոգեհանգիստ մատուցեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, մեծ թիւով հայ քաղաքացիներու ներկայութեան: Անոնք բարոյական մեծ օգնութիւն մատուցանեցին ճափոնցի ժողովուրդին, զոր մենք մեծապէս կը գնահատենք:
Ես կը կարծեմ որ հայ ժողովուրդն ու ճափոնցի ժողովուրդը կրնան զիրար լաւ հասկնալ, որովհետեւ մենք երկրաշարժի միեւնոյն դժուարութիւնները կը դիմակայենք: Եւ մենք կը հաւատանք, որ երկուքով զգացուած այս փոխադարձ համակրանքը, վստահօրէն, միասնութեան զօրաւոր շղթայ մը կը ստեղծէ մեր երկու ազգերուն միջեւ:
Այո, ես վստահ եմ, որ Ճափոնի եւ Հայաստանի բարեկամական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին ու աւելի զարգանան ապագային:
Քիչ առաջ ես նշեցի, որ զբօսաշրջիկային հոսքը երկու երկիրներուն միջեւ անբաւարար է: Այսուհանդերձ, անցեալ Սեպտեմբերին, մեր դիւանագիտական փոխյարաբերութիւններու 25-ամեակին առիթով, մեր զոյգ կառավարութիւնները նոր քայլեր առին՝ անցագրային (վիզայի) դրութիւնը ազատականացնելու համար: Արդիւնքը եղաւ շատ նշանակալից: Հայաստանի ճափոնական դեսպանատան կողմէ շնորհուած անցագիրները զգալի կերպով աւելցան, անցեալ տարուան համեմատութեամբ երեք անգամով: Կը կարծեմ որ ճափոնցի զբօսաշրջիկներու այցելութիւնը Հայաստան այս տարի նոյնպէս աւելցած է:
Ես նմանապէս նշեցի, թէ Ճափոնի եւ Հայաստանի միջեւ փոխադարձ ներդրումները անբաւարար են: Այսուհանդերձ, այս տարի երկու կառավարութիւնները ստորագրեցին փոխադարձ ներդրումներու պաշտպանութեան համաձայնագիր մը: Ասիկա առաջին ներդրումային համաձայնութիւնն է որ Ճափոնը վարեց Կովկասի երեք երկիրներուն միջեւ, եւ կ՚ակնկալուի որ ասիկա պիտի սատարէ ապագայ ներդրումներու ընդլայնումին: Ես վստահ եմ, որ երկկողմանի տնտեսական յարաբերութիւնները սահուն կերպով պիտի աճին ապագային:
Տիկիններ եւ պարոններ,
Երեք տարուան իմ կեցութիւնը Հայաստանի մէջ ինծի համար եղաւ սքանչելի եւ առանձնայատուկ: Ճափոնը եւ Հայաստանը ունին համագործակցութեան մեծ կարողականութիւն՝ իւրաքանչիւր եւ բոլոր մարզերու մէջ: Ես ուժգնօրէն կը հաւատամ, որ երկկողմանի ազատ յարաբերութիւնները պիտի զարգանան եւ ես անձնապէս կ՚ուզեմ սատարել այդ նպատակի իրագործման ոչ միայն որպէս նախկին դեսպան, այլ նաեւ որպէս բարեկամ Հայաստանի:
Լաւագոյն մաղթանքներս ձեր բոլորին: Շնորհակալութիւն ձեր ուշադրութեան համար: