Հայաստանի Հանրապետութիւնը 27 տարեկան է Սփիւռքին դերն ու պարտաւորութիւնները

«ՆՈՐ ՕՐ», Լոս Անճելըս – Մեր հինգ հազարամեայ հայրենիքին նորագոյն հանրապետութիւնը քսանեօթը տարեկան է այսօր։ Մեր աչքին առջեւ ծնունդ առաւ ան։ Այսօրուան յաջորդական սերունդներուն ժամանակակիցն է ան։ Մանուկ է տակաւին, պատանի, ոտքը հիմա է որ կը դպչի քարին, արտաքին քարին, ներքին քարին, այսպէս կամ այնպէս՝ քարին։

Հայկ նահապետէն մինչեւ այսօր վերիվայրումներով յագեցած դարեր ապրած է Հայաստանը։ Սակայն, յետեղեռնեան վերջին հարիւրամեակը, Ցեղասպանութենէն վերապրող մեր ժողովուրդն ու իրերայաջորդ երեք հանրապետութիւնները մեր ներկան են, մեր այսօրն ու վաղն։ Վերջին հարիւր տարուան մէջ Նոր զգեստ հագաւ հայը։ Վերապրող արեւմտահայութիւնը տարբաղադրուեցաւ աշխարհով մէկ եւ յաջորդական սերունդներս ցրուած ամէն տեղ, այսօր մեր կենսահիւթը կը ստանանք Հայաստանէն ու Արցախէն։

Նոր զգեստ-ը կը բացատրուի նոր պայմաններու թելադրականութեամբ։ Խորհրդային կարգերու անկումով եւ անկախ հանրապետութիւններու ծնունդով, արդէն իսկ աշխարհի վարչաքաղաքական քարտէսը խախտուած էր եւ Հայաստանը վերածնած որպէս անկախ հանրապետութիւն։

2018 տարին յոբելեանական է զուգադիպելով Արցախեան շարժումին 30-րդ տարեդարձին, իսկ տարուան գլխաւոր տօնը՝ Հոկտեմբերին կայանալիք 2800-ամեակն է մեր բոլորին սիրելի Էրեբունի-Երեւան քաղաքին (նաեւ 100-ամեակը Երեւան մայրաքաղաքին)։

Արդարեւ, 2018 տարին նոր լիցք ու կեանք ստացաւ Թաւշեայ յեղափոխութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեան յոյսի ու խանդավառութեան նոր ալիք ստեղծեց, շնորհիւ իր բացառիկ Քայլին։ Ջախջախուցաւ անցնող քսան տարիներու «դղեակ»-ը, դիմակը պատռուեցաւ եւ ամէն ինչ զարգացաւ շատ արագ։ Այսօր, երբ իշխանափոխութիւն կատարուած է Հայաստանի մէջ, Սփիւռքը չի կրնար եւ իրաւո՛ւնք չունի լուռ դիտողի, կամ՝ հեռուէն քննադատողի՝ քննող ու դատողի դեր կատարել միայն։ Ան ձեռք պիտի երկարէ  27-ամեայ պատանիին՝ թէ՛անհատապէս եւ թէ՛ որպէս հաւաքականութիւն։

Այսօրուան աշխարհը մեզի պարգեւած է արհեստագիտութեան այնպիսի պայմաններ, որոնք ճիշդ օգտագործելու պարագային կրնանք «լեռներ շարժել»։ Ե՞րբ, եթէ ոչ այսօր, կարելի է իրականացնել երազներ՝ միջոցները, հնարաւորութիւնները գործի լծել եւ հասնիլ նպատակին։ Ինչ որ ալ է՛ մեզմէ իւրաքանչիւրին նպատակը, համոզուա՛ծ ենք, որ ունինք գլխաւոր ՄԷԿ նպատակ՝ տեսնել մեր հայրենիքին շարունակական ծաղկումը։

Մեզմէ ամէն մէկը եւ մեր կազմակերպութիւններէն իւրաքանչիւրը լաւագոյնս կը գիտակցի իր կարողութիւններուն։ Ուստի եւ, մեր պա՛րտքն է համախմբուիլ նոր իշխանութիւններուն շուրջ, մուտք գործել ու միանալ անոնց ազգային, քաղաքական, տնտեսական, մշակութային թէ ընկերային ծրագիրներուն, ապահովելով երկրին զարգացող ներկան, նպաստելով Արցախին, Հայաստանին՝ Մեղրիէն մինչեւ Վրաստանի սահման եւ Աղտամէն մինչեւ Նախիջեւան։

«Սփիւռքը կթան կով չէ» արտայայտութիւնը շա՛տ կարեւոր է այստեղ։ «Գլենդէլից մեզ փող կ՚ուղարկեն ու մենք կ՚ապրենք»-ի հոգեբանութիւնը պէ՛տք է փոխուի եւ պիտի՛ փոխուի։ Գործակցութեան բաց դաշտ է հարկաւոր, ամէն ինչ թափանցիկ, փոխշահաւէտ՝ օրէնքի գերակայութեամբ, գործո՛ղ օրէնքի գերակայութեամբ։

Եւ որպէսզի հասնինք օրէնքի ուժին կիրառումին, ձեռք պիտի երկարենք Փաշինեանի կառավարութեան։ Պահ մը կեդրոնանանք Լոս Անճելըսի եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ վրայ։ Այստեղ կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւնը. նիւթական եւ վերացական հայրենիքն է ան, հայկական հող է ան հայահոծ Կլենտէյլի սիրտին վրայ։ Հիւպատոսարանը այսօր ունի նոր գլխաւոր հիւպատոս՝ յանձին Արմէն Բայբուրդեանի։ Անուն, որ յարգանք կը պարտադրէ. դիւանագէտ մը, որ քաջածանօթ է լոսանճելըսեան հայ համայնքին յաջողութիւններուն եւ դժուարութիւններուն։

Ահաւասիկ օղակ մը, որ յաջորդ տարիներուն անհրաժեշտ է որ զարգանայ, փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած։ Հիւպատոսարանին ուսերուն վրայ կայ ծանր բեռ, որ կարելի է թեթեւցնել։ Այստեղ է մեր դերը, սփիւռքահայուն դերը, որ «Ազգային տուրք»-ի գիտակցութեամբ, իր ժամանակէն, իր լումայէն, իր կեանքէն մաս մը, մասնիկ մը, պահիկ մը պիտի տրամադրէ Հայաստան հայրենիքին։ Ա՛յս գիտակցութեամբ, յաջող փորձառութեան օրինակով, նուիրուելու, համոզուածօրէն տալու օրինակով, մենք մեր բաժինը պարտաւոր ենք բերելու ազգին։ Ինչպէս որ կամաւոր կերպով մեր ժամանակն ու միջոցները կը տրամադրենք մարդասիրական, եկեղեցական, մշակութային, ընկերային թէ քաղաքական կեանքին՝ ամերիկեան կամ ամերիկահայ կեանքէն ներս, մեր նպատակակէտը պէտք է հանդիսանայ ամէն տարի, այո՛ ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ մեր բաժին օժանդակութիւնը նուիրաբերել ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՈՒՐՔ-ին։

Երբ լոսանճելըսահայութիւնը մէկ օղակը կը սեպենք ընդհանուր մէկ ու միասնական շղթային, այդ շղթան ագուցողներէն մէկը ՀՀ Հիւպատոսութիւնն է, որ իր հերթին Սփիւռքի կամ այլ նախարարութեան մը հետ համախորհուրդ, ՀՀ կառավարութենէն պիտի ստանայ ուղղութիւն եւ օրհնութիւն։

Հայաստանի շարունակական ծաղկումը բոլորիս պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնն է։ Կայուն Հայաստան մը փարո՛ս է, տո՛ւն կանչող փարոս սփիւռքահայութեան համար, որուն անմար լոյսը իմա՛ստն է աշխարհաքաղաքացի մեր հայ կեանքին։

Բարի տարեդարձ, սիրելի՛ Հայաստան, մեր «հին ու նոր» Արմենիա։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *