ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Այս վերնագրին եւ գալիք տողերուն հեղինակը կրնաք կռահել անշուշտ: Ո՛չ երէկ գրուած է, ո՛չ ալ անցեալ տարի: Կարդացէ՛ք եւ պիտի տեսնէք: Որոշ յապաւումներով կը ներկայացնեմ ձեզի անմահ Յակոբ Պարոնեանի սա տողերը.
«Մէկ քանի թաղական դպրոցներու հոգաբարձուներ այս օրերս ուխտ են ըրեր ամէն տեղ պտըտիլ, ամէն տեղ վարժապետ փնտռել եւ վարժապետ չկայ ըսելով յուսահատիլ ու նստիլ: Ասոնցմէ մէկը կ’ելլէ, քեզի նամակ մը կը գրէ.
– Հայերէնի աղէկ վարժապետ մը գիտես նէ մեզի ղրկէ, գոհացուցիչ ամսական մը կու տանք:
Այն օրն ալ քեզի մէկը կը ներկայանայ:
– Հայերէնի դասատու մը փնտռող ըլլայ նէ խնդրեմ ինծի իմաց տաք:
– Դուք հայերէն գիտէ՞ք:
– Ի՞նչ ըսել է… 24 տարի Չափրաստճեան միականի Գէորգ պատուելիին աշակերտութիւն ըրած եմ:
– Վարժապետութիւն ըրա՞ծ էք:
– Պոլսոյ ամէն դպրոցները մտած-ելած ըլլալէս ետքը Օրտուի մէջ ալ ծառայութիւն ըրած եմ:
– Ո՞ր Օրտուին մէջ:
– Անատոլուի Օրտուին մէջ:
– Բժի՞շկ էիր, թէ վիրաբոյժ:
– Ո՛չ, վարժապետ:
– Օրտուի մէջ ի՞նչ դաս կու տայիր, եղբայր:
– Հայերէն, ֆրանսերէն, թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն եւ այլն, եւ այլն…
– Ի՞նչ կ’ըսես, եղբայր, Օրտուի մէջ զօրքերուն դա՞ս կու տայիր ատոնք:
– Ո՛չ բարեկամ, Հայոց դպրատունէն հայ տղայոց դաս կու տայի:
– Շատ աղէկ, հիմա հասկցայ, է՜՜յ, աղէկ ա, հոն հայերէն, ֆրանսերէն, թուաբանութիւն եւ այլն… դաս կու տայիր ու հիմա ինչո՞ւ հոս մինակ հայերէն դաս տալ կ’ուզես…
Ան կը ճամբես, կ’երթայ, կը նայիս ուրիշ մը կու գայ…»:
Եւ այսպէս թեկնածուներու շարանը մէկը միւսին կը յաջորդէ: Վերջապէս Պարոնեանին ներկայացող թեկնածուներէն մին կը համարձակի իր պայմանները շեշտել:
-Շատ լաւ, այնպիսի վարժարան մը մտնել կ’ուզեմ, որ մարդ իմ գործիս չխառնուի, ես ինչ ուզեմ նէ ան ընեմ, աշակերտաց քովն ալ մարդ չըհանդիպի, մինչեւ երկու տարի:
– Անկէ ե՞տքը:
– Անկէ ետքը ամէն մարդ թող տեսնէ, թէ տղայք ի՞նչ են սովրեր:
– … Հիմա ինծի նայէ, որ քեզի ըսեմ. դպրոցին հոգաբարձութիւնը այս օրերս
ծաղկոցի կառավարիչ մը եւ տնտես մը ուզած է. Կ’ուզես նէ քեզի նամակ մը տամ, գնա՛, իրեն հետ խօսէ:
– Է՜՜հ, դուք նամակը գրեցէք, տուէք… կարելի է, ես անոնք կը համոզեմ ու ուրիշ
պաշտօն մը կ’առնեմ…»:
Այո՛, 127 տարի առաջ, 27 Մայիս 1891-ին 48 տարեկանին մահացած Յակոբ Պարոնեան զգացած, ապրած ու գրած է մեր ազգային ցաւերուն մասին:
– Ի՜՜նչ փոխուած է հիմա՝ 127 տարի ետք…
– Երբ հեռաձայն կը ստանամ հոսկէ-հոնկէ նման խնդրանքով. «Դուն բաւական ծանօթութիւններ ունիս: Հալէպէն, Պէյրութէն կամ Եգիպտոսէն նոր եկողներուն մէջ սանկ աղուոր հայերէն գիտցող մը գիտես նէ, ի՜՜նչ կ’ըլլայ, համոզէ՛, մեզի ղրկէ…»:
127 տարի վերջ ալ տակաւին ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ՈՒՍՈՒՑԻՉ ԿԸ ՓՆՏՌԵՆՔ:
Անմահն Յակոբ Պարոնեան. ծնած՝ Էտիրնէ, 19 Նոյեմբեր 1843, մահացած՝ 27 Մայիս 1891-ին, Պոլիս:
– Թեկնածու մըն ալ հաճիս նէ, Նիւ Եորք կը ղրկե՞ս…
Նիւ Եորք