ՓԻՆԱՐ ԹՐԵՄՊԼԷՅ
«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ճգնաժամի մէջ են թուրք-ամերիկեան փոխյարաբերութիւնները, սպառնալով վերջ դնել երկարատեւ զինակցութեան (alliance), եթէ ընթացիկ հարցերը լուծում մը չգտնեն։
Այն օրէն իվեր որ նախագահ Տ. Թրամփ ու փոխնախագահ Մ. Փենս սկսան հրապարակաւ արտայայտուիլ, թէ յուսախաբ են Թուրքիայէն, վերջին տասնամեակին արծարծուած վէճը, թէ ո՞վ «կորսնցուց» Թուրքիան, վերջ տալով երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական ընկերակցութեան, լուսարձակի տակ բերուած է թրքական ու միջազգային լրատուամիջոցներուն մէջ։
Թրքական կողմին համար թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները յոյժ բարդ են։ Անքարայի ջատագոված հասարակաց թեման ա՛յն է, թէ Թուրքիա պէտք չունի Ամերիկայի։ Պատկերասփռուած քաղաքական վիճարկումները կեդրոնացած են «հակա-Թրամփ համաշխարհային դաշնութեան մը» վրայ։ Սովորական թուրքերը կը բողոքեն ամերիկեան տոլարի գործածութեան դէմ, ու կը փշռեն նաեւ iPhone-ները, պահանջելով ՆԱԹՕ-ի խարիսխներուն փակումը, ու նաեւ՝ պոյքոթելու ամերիկեան նախաձեռնութիւնները։ Միւս կողմէ, սակայն, Անքարայի Չուքուրամպարի նահանգին մէջ, ամերիկեան դեսպանատան շէնքին կառուցումը կը շարունակուի ըստ նախատեսուած ծրագրին։ Մինչ այդ, զինուորական գործողութիւնները կը շարունակուին Սուրիոյ մէջ, ու ՆԱԹՕ-ի խարիսխները մեծ մասամբ գործօն են։
Մեկնաբաններու մեծ մասը, դիտելով Թրամփի եւ Էրտողանի փոխադարձ սպառնալիքներն ու պահանջքները, այն եզրակացութեան յանգած են, թէ «որեւէ բան կարելի է, շուտով կը տեսնենք»։ Յիրաւի, Հասան Եալչըն, խորհրդարանի իշխող կուսակցութեան ռազմավարութեան վարիչը, գանգատած է արեւմտեան վերոյիշեալ կեցուածքին դէմ, եւ իրաւամբ, ըստ անոր, անհրաժեշտ է քննել ներկայ բոլոր կարելիութիւնները։
Էրտողանի համար նպաստաւոր է ներկայ գոյավիճակի շարունակումը։ Հակառակելով ու դիմադրելով Արեւմուտքին, կ՚ուզէ օգտուիլ անոր հետ դաշնակցելէ։ Անշուշտ երկդիմութիւնը կը ստեղծէ տագնապալի շրջաններ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի միջեւ, եւ այս ելեւէջային կացութիւնը երբոր դրական դառնայ, կրնայ բարելաւել վիրաւոր դաշնակցութիւնը։
***
Օգոստոս 13-ին, դեսպաններու հետ խորհրդակցական մէկ հանդիպումին, Էրտողան յատկանշական յայտարարութիւն մը կատարեց միջազգային խաղաղութեան մասին։ Բացատրելէ ետք օտար ուժերու կողմէ «պաշարումը» Թուրքիոյ տնտեսութեան, Էրտողան անողոք կերպով թիրախ դարձուց Թրամփը, առանց անուանելու զայն։ «Չեմ կրնար, առաւօտ մը, արթննալով ըսել. «Ալիւմինիըմի ու պողպատի վրայ նոր տուրքեր պիտի դրուին»։ Շարունակութեան հարցը կայ։ Երկիրները կը կազմակերպուին այն հասկացողութեամբ, թէ կրնան վստահիլ շարունակականութեան վրայ, ըստ այնմ քայլեր առնելու համար։ Մէկ կողմէ կը յայտարարես, թէ ռազմավարական դաշնակից ընկեր ես, միւս կողմէ կապար կը պարպես ընկերոջդ ոտքին։
Անքարայի մէջ պաշտօնավարող արեւմտեան դիւանագէտ մը յայտնած է Էլ-Մոնիթըրի. «Վերեւի յայտարարութիւնը շատ լաւ կը պատշաճի Էրտողանի 2011-էն սկսեալ։ Մէկ կողմէ խիզախօրէն ասպարէզ կը կարդայ Արեւմուտքին, միւս կողմէ կը դիմէ World Trade Organization-ին, գանգատելով որ Ամերիկա յաւելեալ տուրքեր կը պարտադրէ իր երկրին վրայ։ Ի՞նչ ըսել, երբ ասիկա նոյն ղեկավարն է, որ կը շարունակէ ուրանալ իր միջազգային պարտաւորութիւնները»։
Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի անդամ է 1952-էն իվեր, ու կը նպատակադրէր Եւրոպական Միութեան ալ անդամ ըլլալ 1960-էն իվեր։ Այսուհանդերձ, 2011-էն իվեր ականատես կ՚ըլլանք աստիճանական եւ յարաբերաբար անաղմուկ փոխակերպութեան մը թրքական դրութեան, որուն յաճախ կ՚ակնարկենք իբրեւ լուռ յեղափոխութիւն։
Թուրքիոյ յարաբերութիւններն ու տեղը եւս Արեւմտեան Աշխարհին մէջ փոխուած են ժամանակի ընթացքին։ Արդարեւ, երեք պատճառներ կը բացատրեն, թէ ինչո՞ւ Թուրքիա, հիմնարկութիւն ունեցող (institutionalized) դաշնակիցներու հետ չի կրնար գոյատեւող յարաբերութիւն ունենալ։ 1. Տկարացած Թուրքիա մը բռնատէրով մը կը ղեկավարուի։ Պետական կարգերը, ներառեալ խորհրդարանը, զրկուած են իրենց անկախութենէն ու լիազօրութենէն։ Քաղաքական պատասխանատուութեան ու թափանցիկութեան պակասի հետեւանքով, անկարելի է որ իր դաշնակիցները հետեւողականութիւն ակնկալեն իրմէ։ 2. Անքարայի կամեցողութիւնը Արեւմուտքին հետ գործակցելու, լաւագոյն պարագային իսկ հարցական է։ Էրտողան խորամանկ քաղաքագէտ մը ըլլալով, մէկ կողմէ պարզօրէն կ՚ատէ Արեւմուտքը եւ անոր արժէքները, ու միւս կողմէ կը վայելէ իրեն նպաստաւոր եղող անոր օրէնքները, գրեթէ մնայուն, տագնապալի կացութիւն մը ստեղծելով։ 3. Թուրքիա իրաւասութեանց (entitlements) զօրաւոր զգացում մը ունի։ Ասիկա ոչ միայն տեսանելի է Էրտողանի մօտ, այլ՝ հետեւողականօրէն միտիային մէջ։ Օրինակի համար, Մուսթաֆա Սէն, կառավարամէտ մեկնաբանը, Օգոստոս 21-ին, կը յայտարարէր, թէ Թուրքիա պէտք է ընդդիմադրէր Ամերիկայի, որովհետեւ Արեւմուտքն ու Ռուսաստանը չէին կրնար իրենց յարաբերութիւնները զոհել Թուրքիոյ հետ։ Բազմաթիւ պատճառներէն կարեւորագոյններն էին գաղթականներու հարցը, վառելանիւթերու փոխադրութեան ուղիները, ու թրքական շահաբեր շուկան։ Յետոյ Թուրքիա Արեւմուտքին վերջին միջնորդն էր Արեւելքի մէջ՝ Իրանի, Ռուսիոյ ու Չինաստանի հետ։ Եթէ ռազմավարական դաշնակցութիւնը Թուրքիոյ հետ վերջ գտնէ, Արեւմուտքը պիտի կորսնցնէ Սեւ Ծովու Միջերկրական մուտքը, ու միաժամանակ պիտի զոհէ Ափրիկէ իր մուտքը։
Գլխաւոր պատճառը հակա-ամերիկեան այս զգացումին եւ օտարատեացութեան, Թուրքիոյ գերհզօր պետութիւն մը ըլլալու ինքնախաբէութիւնն է։
Վերոյիշեալ տուեալներու լոյսին տակ, թուրք-ամերիկեան փոխյարաբերութիւնները ի՞նչ բանի կրնան յանգիլ։ Իսթանպուլի համալսարանի յարգուած փրոֆեսոր մը, հետեւեալ պատկերաւոր կարծիքը յայտնած է. «Ներկայ կացութիւնը կը նմանի մանուկներու աքլորամարտին։ Եթէ անոնցմէ մէկը ընկրկի, բախում տեղի չունենար։ Ցարդ Էրտողան չէ օգտագործած իրեն ներկայացած բազմաթիւ առիթներ, վայելչօրէն խուսափելու համար ընդհարումէն»։ Պալատին բարեկամ անհատներ յայտնած են, թէ «Էրտողանի ձեռքը անցած գնդակը ինչո՞ւ պիտի տեղի տայ»։ Միշտ տագնապի մէջ գտնուելու գոյավիճակը, անոր կարողութիւնն է ծաղկելու նման պարագաներու։ «Թմրամոլի մը համար թմրեցուցիչի պէս է – Էրտողան կը կայտառանայ տագնապի մը դիմաց», յայտնած է նախկին AKP-ի օրէնսգէտ մը։
Հետեւաբար, ամէն ինչ կարելի է։ Ինչպէս աքլորամարտի պարագային, եթէ կողմերէն մէկը տեղի չտայ, անխուսափելի է ընդհարումը, որ լրիւ ձգտումի պիտի առաջնորդէ Թուրքիոյ ռազմավարական զինակցութիւնը։ Նկատելով թէ Թուրքիան նոյնը չէ մնացած, նման ընթացք մը շատ հաւանական է։ Նման երկսայրի կացութիւն մը ստեղծուեցաւ կամայական ձերբակալութեամբը կրօնական Էնտրու Պրանսընի։ Սակայն, նոյնիսկ եթէ ազատ արձակուի, Էրտողանի վարչակարգը պիտի շարունակէ արգելափակել, հաւանականօրէն, արեւմտեան այլ երկիրներու անմեղ այլ անձեր, որոնք վնասակար են իր քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ՝ միջազգային կացութեան։
Ամերիկա ներկայիս որոշում կայացնելու է, թէ Թուրքիայի հետ զինակցութեան վերջ տալո՞ւ է, կամ թէ՝ Էրտողանի քմահաճ պահանջքները մեղմելու է։ Իրարու յաջորդող տագնապները կը թելադրեն, որ մինչեւ կացութիւնը չհանդարտի, փոխյարաբերութիւնները պէտք է սառեցուին։ Մինչ այդ, կարելի է հետապնդել միացեալ ծրագիրներ, երբ երկու երկիրներու շահերը ներդաշնակուած ըլլան։ Սակայն, պնդելը ռազմավարական ընկերակցութեան մը վրայ, որ հակամարտութեան կ՚առաջնորդէ, անօգուտ է։
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ
«Էլ Մոնիթըր», 25 Օգոստոս 2018