Ապրումներ եւ վերապրումներ. Ճանապարհ՝ Հայաստան

ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

«ՆՈՐ ՕՐ», ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Անցանք դէպի Այգեստան: 19-րդ դարու վերջին շրջանին եւ մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներու ժամանակաշրջան, Այգեստան եղած էր վանեցիներու եւ շրջակայքի հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան հանդիսավայրը: Կ՚ակնկալէինք «բան» մը, հետք մը, պատնէշ մը կամ գոնէ պատերազմի հետեւանք մը տեսնել որպէս թանգարան կամ հնութիւն, կամ՝ գոնէ փլատակ:  Կային կամ մնացած էին Կարսի հին թաղամասերուն նման, հաւանաբար տակաւին հայու ձեռքերով կառուցուած քարաշէն տնակներ եւ խրճիթներ, որոնք Միջին Արեւելքի կարգ մը երկիրներու մէջ գտնուած «քեմփ»երու կը նմանէին, իրարու վրայ կուտակուած սնտուկներու նման: Տուներուն բակերն ու պարտէզները լուացքի շորերով զարդարուած էին ամէնուրեք եւ երեխաները խմբովին կը վազվռտէին ուր որ զբօսաշրջիկ մը տեսնէին, նիւթական վարձատրութեան ակնկալութեամբ: (Մուրացիկը միշտ մնացած է մուրացիկ, դժուարին պարագային գողնալու աստիճան: Վերջ ի վերջոյ՝ սերնդական սովորութիւն)։ 

Այգեստանին հետքը չէր մնացած եւ ոչ ալ որեւէ հայկական թաղամասի, կոթողի կամ այլ նշոյլի: Վանը դարձած էր քրտաբնակ քաղաք:

Ամերիկացի, ո՛չ-հայ բարեկամէ մը իմացած էի Վանի մասին, անոր թաքուն եւ գաղտնի պահպանուած գետնայարկ կամ՝ գետնին տակ պահուած հայկական եւ ուրարտական թաղամասերու եւ հնութիւններու մասին, որոնք ծածկուած էին ժողովուրդէն եւ զբօսաշրջիկներէն հեռու պահելու համար: Պատճա՞ռը, չէր գիտեր, եւ դիպուածով իմացած էր վայրը, երբ ան կը ծառայէր ամերիկեան բանակին մէջ, Թուրքիոյ մէջ: Շատ կը փափաքէի գտնել եւ տեսնել այդ վայրը: Սակայն ափսոս: Ինչպէս յիշեցի նախկին յօդուածներուս մէջ, բանակի ներկայութիւնը ամէնուրեք էր, եւ այդ վայրը գտնելը, յարդի կոյտի մէջ ասեղ մը փնտռելու պիտի նմանէր:

Մհերի դրան այցելութենէն ետք ուղղուեցանք դէպի մօտակայ, նշանաւոր եւ միակ Վանայ կատուի  պահպանուած վայրը կամ ապաստանարանը: Շատեր պատմած էին այդ նշանաւոր ձկնորսին մասին, որ Վանայ լիճ կը սուզուի ձուկ որսալու համար: Բայց տեղեակ չէինք, թէ այդ Վանայ կատուն խուլ էր: Չէինք հաւատար, որ խուլ կենդանի մը ինչպէս կրնար կապ պահել կամ յարաբերիլ իր նմաններուն եւ այլ կենդանիներու հետ, մանաւանդ որ, իւրաքանչիւր աչք տարբեր գոյնի էր, կապոյտ եւ մեղրագոյն, իսկ իր մարմնի գոյնը՝ միայն սպիտակ: Սակայն տեսանք, փայփայեցինք եւ զգացինք այդ յատկութիւնները Վանայ կատուին մօտ: Եթէ արգիլուած չըլլար, հաւանաբար մի քանի հատ հետերնիս բերած կ՚ըլլայինք:

Կատուներու ապաստանարանի կողքին կար յուշանուէրներու վաճառքի կեդրոն մը, ուր Վանի կատուի արձանիկները, պուպրիկները եւ այլ բազմազան խաղալիքներ կը տիրապետէին խանութին ամբողջ տարածքին:

Արդէն երեկոյ էր. մեր խումբը պիտի վերադառնար պանդոկ հանգստանալու համար ճամբու տաղտուկէն, փողոցներու փոշիէն եւ աղմուկէն:

Այս ճամբորդութեան ընթացքին, ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ պարագան: Վանի, Կարսի, Մուշի եւ զարմանալիօրէն՝ շատ մը քաղաքներու, գիւղերու եւ վայրերու անունները մնացած են հայերէն, չէին փոխուած: Արդեօ՞ք թրքական բառապաշարը աւարտած ըլլալն էր պատճառը, թէ՝ այլեւս հերքել կամ խեղաթիւրել կարելի չէր համաշխարհային պատմութիւնը:

Ուղղուեցանք դէպի Վանի քաղաքակեդրոն:

Տարբեր էր նոր Վանը: Նորակառոյց եւ բարձր շէնքեր ողողած էին քաղաքը, որոնց շարանը կ՚երկարէր մինչեւ Վանայ լիճի ափերը եւ հակառակ ուղղութիւններով: Նորոյթ էր ամէն տեղ մեր երեւակայութիւնը խախտող իրականութեամբ:

Մտանք հիւրանոց, որուն մուտքին, օտար երկիրներու դրօշակներու կողքին, կը ծածանէր հայկական եռագոյնը, ի պատիւ այնտեղ ժամանած հայ հիւրերուն:

Շար. 5

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *