ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Ծալուող, փայտէ կապոյտ փեղկերով խանութէն ներս գետինը հաստ ու բարակ եղէգներ շարուած էին:
Տէրը, մուտքին ծալապատիկ նստած, հաստ եղէգները հաւասար չափերով կը կտրէր, գործիքով անոնց վրայ ծակեր կը բանար ու մէջէն փայտի թեթեւ հարուածներով բարակ եղէգներ հրելով վանդակներ կը շինէր:
Օդը տաք էր:
Նեղ փողոցին մէջ, անցնող թրամվային ճախարակը օդէն քալող ելեկտրական թելէն զատուեցաւ, եւ հանրակառքը խանութին առջեւ, գիծերուն վրայ դանդաղօրէն կանգ առաւ:
Մարդիկ դուրս թափեցան, խանութներէ ու տուներէ ուրիշներ ալ անոնց միացան, եւ շուտով հանրակառքին շուրջ ծովածաւալ բազմութիւն մը կազմուեցաւ:
Ամբոխին մէջ բոլորն ալ կ’ուզէին ճախարակը թելին անցընել, ու պոռալով-կանչելով կը փորձէին տոմսակավաճառին օգնել: Բայց դիւրին չէր: Մարդիկ անհամբեր էին, իրար կը հրմշտկէին: Իսկ ճախարակը կ’ելլէր ու կ’իջնէր, բայց թելին չէր անցներ:
Յանկարծ ընդհանուր իրարանցումին մէջ, ամբոխէն մէկը բախտով, յաջողեցաւ ճախարակը տեղը անցընել: Գոռում գոչումի մէջ հանրակառքը անմիջապէս աշխատեցաւ, լեցուեցաւ ու հեռացաւ: Ետեւ մնացողները ցրուեցան…
Րամատանի ամիս էր, եւ Գահիրէի մէջ բոլորը կ’աճապարէին Իֆթարէն առաջ տուն դառնալ: Ես` նախապատրաստական դասարանս նոր աւարտած, հանդէսին մրցանակ ստացած գիրքս կը թղթատէի եւ միեւնոյն ժամանակ փողոցին մէջ անցած-դարձածին կը հետեւէի:
Կրիմ եղբայրներու գիրքը հետաքրքրական էր, եւ ձնծաղիկի պատմութիւնը՝ անտառի տունիկով եւ եօթը թզուկներով, երեւակայական նոր աշխարհ մը բացած էր առջեւս: Ես յափշտակուած անոնցմով՝ կ’ուզէի անտառէն դուրս չգալ եւ գիրքին մէջ բնակիլ…
Ես շատ սիրած էի դպրոցի մրցանակս եւ ուշադրութեամբ կը դարձնէի էջերը, որպէսզի չճմռթկուէին եւ միշտ նոր ու մաքուր մնային:
Իֆթարի թնդանօթի հարուածին դեռ ժամանակ կար:
Հանրակառքի ընկերութենէն պաշտօնեայ մը թրամվայի գիծերը մաքրելու համար, սրածայր երկաթով ձող մը առջեւ հրելով, մեր տան առջեւէն անցաւ:
Փողոցը հիմա տակաւ առ տակաւ պարպուիլ սկսած էր:
Ես կը սիրէի Րամատանի ամիսը, եւ ամէն տարի կը սպասէի անոր գալուն:
Կը սիրէի մայրամուտի թնդանօթի ձայնը, մուէզզինին հեռուէն լսուող «Ալլահու աքպար» կանչը, եւ անկէ ետք քաղաքին վրայ ամենուրէք իջնող հանդարտութիւնը…
Ընդհանուր խաղաղութեան մէջ պատշգամը նստած՝ յաճախ ես ալ կը նախընտրէի կանուխ ընթրել: Իսկ Իֆթարէն ետք կը սիրէի փողոցներուն մէջ պզտիկ տղոց եւ աղջիկներու «ուահաուի, եա ուահաուի» երգող ձայները լսել, եւ անոնց ձեռքի ֆանուսներու չորս կողմ տարածուող գունաւոր լոյսերը դիտել…
Թնդանօթի ժամը մօտեցած էր:
Մայրս ցածուկ աթոռի մը վրայ կերակուրս դրաւ: Ես սպասեցի, մտքիս մէջ հարցում մը կար:
– Ինչու՞ չես սկսիր, ինչի՞ կը սպասես,- հարցուց մայրս զարմացած:
– Մենք Րամատան չունի՞նք… ե՞րբ թնդանօթ պիտի նետենք,- անհամբեր հարցուցի ես ալ իմ կարգիս:
Այն ատեն հազիւ եօթը կամ ութ տարեկան կայի:
Մայրս այս հարցումին չէր սպասեր եւ, անակնկալի եկած, վայրկեան մը չպատասխանեց:
– Ո՞ւր են մեր ֆանուսները,- պնդեցի ես:
Մայրս առջեւիս աթոռը շտկել ձեւացուց, քիչ մըն եւս ուշացաւ եւ
– Տե՛ս, տղա՛ս, ֆանուսներու մոմերը մենք մեր եկեղեցիներուն մէջ կը վառենք, իսկ մեր թնդանօթներուն ձայներն ալ ամէն Կիրակի անոնց զանգակատուներէն կը լսենք,- ըսաւ:
Արեւը մայրամուտի մէջ էր:
Յանկարծ թնդանօթի բարձր պայթիւն մը լսուեցաւ, եւ մեր պատշգամին ապակիները ձայնէն զրնգացին:
– Ինչո՞ւ մեր զանգակատուներու թնդանօթներուն ձայները այսչափ զօրաւոր չեն,- հարցուցի մօրս:
– Որովհետեւ անոնք ամպերէն բարձր, երկնքի Աստուծոյ քովէն կու գան…
Ես մտածել սկսայ եւ դեռ ուրիշ հարցումներ եւ ըսելիքներ ալ ունէի, սակայն մայրս տան մէջ գործեր ունէր ընելիք, չսպասեց, ներս մտաւ:
Փողոցը հիմա պարպուած մարդոցմէ, օդին տաքութիւնը օրուան ժամերուն հետ հեռանալ սկսած էր:
Յանկարծ հեռուէն, պատերուն քովէն քալող, հալած մարմնով Իւղաբեր մայրիկը տեսայ: Ան յոգնած քայլերով մեր տան կողմը կը յառաջանար:
Ոսկրուտ մորթին վրայէն, վերէն վար միշտ սեւ կը հագուէր եւ ձեռքէն կախուած սեւ տոպրակը ամէն տեղ հետը կը պտտցնէր:
Փոքրակազմ էր, երեւոյթով ալ փխրուն կազմուածքի տէր էր, սակայն երիտասարդ եղած օրերուն, յեղափոխական շարժումներու եւ ֆէտայական կռիւներու մասնակցած էր:
Դժուար էր դէմքէն տարիքը գուշակել…
– Ե՞րբ ծնած էր՝ յայտնի չէր:
– Ո՞ր ճամբաներով եւ ե՞րբ Եգիպտոս հասած էր՝ այդ ալ յայտնի չէր: Գիտէինք միայն, որ Մշեցի էր եւ մարդ չունէր: Իրեն հոգացող ալ չկար: Միայն իրեն պէս
Մշեցի տէր Մեսրոպն էր, որ յաճախ իրեն այցելութեան կու գար:
Իւղաբեր մայրիկը մեր տան մօտ երեք կամ չորս յարկանի շէնքի մը տանիքին վրայ, մէկ լուսամուտով խուցի մը մէջ կ’ապրէր:
Աստուած այդ պատուհանէն իր վրայ կը հսկէր, եւ տանիքի երկնքին վրայ փայլող Արուսեակ աստղն ալ, երկար ատենէ ի վեր, գիշերները իր հոգիին ցաւերուն միակ ընկերը դարձած էր…
Դժուար էր առանձնութեան մէջ ապրիլը:
Մեր տան մէջ Մշեցի մայրիկը ոտքերը բազմոցէն վեր, պատուհանին քով նստած, ասեղնագործով կը զբաղէր եւ լեռներու վրայ անցուցած հին օրերէն կը պատմէր մեզի:
Ան խօսելու իւրայատուկ ձեւ ունէր:
– Կամաւորական խումբը առաւօտեան յառաջ պիտի շարժէր,- կ’ըսէր ու իրերայաջորդ պատմութիւններու թելին ծայրը իր տարիքի դողդոջուն ձայնով կը քակուէր…
Այդ վայրկեաններուն, մտքի հին պատուհանէն ան կը տեսնէր Մշոյ դաշտերը, կը լսէր մշակներուն երգած հորովելները, արեւուն տակ հասունցող խաղողին երգը եւ հովերու հետ լեռներէն եկած սրինգներու անուշ ձայնը….
Ան չէր կորսնցուցած մշեցիներու յատուկ իր շեշտը, եւ պատմածները յաճախ Տարօնի բարբառէն փոխ առնուած բառերով համեմուած կ’ըլլային:
Իւղաբեր մայրիկը առանձին զմայլանքով կը յիշէր Աղբիւր Սերոբի, Սօսէ մայրիկի եւ Անդրանիկի մղած կռիւները:
Մշոյ երազը միշտ ձայնին մէջ, ան կը խօսէր ծննդավայրի լեռներէն վազող անուշ ջուրերուն մասին, եւ իր յուշերը երկար կը յամենային ինծի անծանօթ Պինկէօլ անունի մը վրայ, որ, իրմէ յաճախ լսած ըլլալով, հետագային մտքիս մէջ Իւղաբեր մայրիկի պատկերին կապուած մնաց:
Բարձր լեռներու ազատ հովերուն մէջ մայրիկը, պզտիկութենէն յեղափոխական գաղափարներով մեծցած էր եւ, հաւատարիմ անոնց, յառաջացած տարիքին ալ նոյն ոգիով մնացած էր ու չէր փոխուած:
Պատուհանին առջեւ նստած՝ երբեմն աշխատած ժամանակ ան կ’երգէր ալ:
Ձայնը մանրակազմ մարմինէն բարձր չէր ելլեր: Բայց ես կ’երեւակայէի, որ երիտասարդ եղած օրերուն, իր եւ ընկերներուն զէնքի ձայները Տարօնի բարձր լեռներուն վրայ կը սաւառնէին եւ շրջանի ժողովուրդը ազատ կը պահէին:
Երգածները բոլորն ալ յեղափոխական երգեր էին: «Մենք անկեղծ զինուոր ենք», «Զարթի՛ր, լաօ», «Ով որ քաջ է» եւ ուրիշ քանի մը երգեր, որոնք առաջին անգամ ես իրմէ լսած էի:
Դիմացը աթոռակի մը վրայ նստած՝ պատմածները եւ երգածները թեւ կու տային երեւակայութեանս, ու ես մտքով Տարօնի լեռները կը փոխադրուէի :
Ան կը խօսէր եւ կը պատմէր Գէորգ Չաւուշի, Սերոբ Փաշայի եւ ուրիշ ֆէտայիներու լեռները քաշուած կեանքէն, կռիւներէն եւ տխուր պատմութիւններէն, ու ես յափշտակուած կը հետեւէի եւ մտիկ կ’ընէի իր ըսածները:
Ես կը սիրէի Սերոբ Փաշան, եւ կ’ուզէի քովը գտնուիլ, որպէսզի կեանքը մատնիչ դաւաճանին ձեռքէն ազատէի:
Այն օրը, պատշգամը ճաշս վերջացուցի: Իֆթարի թնդանօթի հարուածէն ետք, փողոցին մէջ երթեւեկը տկար էր: Դուրսը շատ բան չկար դիտելիք:
Ձնծաղիկին գիրքը ձեռքս` տուն մտայ:
Ներսը Իւղաբեր մայրիկը, սովորականին պէս, պատուհանին քով նստած կ’աշխատէր: Մայրս երբ գիրքը ձեռքս տեսաւ, Իւղաբեր մայրիկին դարձաւ եւ ուրախութեամբ՝
– Մեր Կարօն այս գիրքը դպրոցէն մրցանակ նուէր ստացաւ,- ըսաւ: Յետոյ առանց ինծի հարցնելու՝ գիրքը արագ շարժումով ձեռքէս առաւ եւ հպարտութեամբ Իւղաբեր մայրիկին ցոյց տուաւ:
Հաստ չէր գիրքը եւ կարելի էր տեղւոյն վրայ կարդալ ու լմնցնել: Բայց չեմ գիտեր ի՛նչ պատճառաւ, Իւղաբեր մայրիկը նախընտրեց գիրքը հետը տանիլ, ու մօրմէս փոխ ուզեց: Մայրս չկրցաւ մերժել ու հաւանեցաւ:
Ես դեռ պզտիկ էի, մօրս տուած հաւանութեան չհամարձակեցայ դէմ արտայայտուիլ, սակայն գոհ չմնացի: Չէի սիրեր ունեցածներս ուրիշներու փոխ տալ: Անոնք միշտ վնասուած ետ կը դարձնէին գիրքերս…
Բարկացայ, եւ այն օրը Իւղաբեր մայրիկին պատմածները չուզեցի մտիկ ընել:
Սենեակ գացի, եւ անոր երթալէն ետք դեռ բաւական ատեն բարկացած մնացի:
Երեք օր ետք, կէսօրէ վերջ մը Իւղաբեր մայրիկը դարձեալ տուն եկաւ:
Նստաւ պատուհանին առջեւի բազմոցին վրայ, սեւ տոպրակէն հանեց գիրքս ու ինծի տուաւ: Արագ նայուածքով` գիրքս դուրսէն վնասուած չերեւցաւ ինծի:
Սակայն մէջէս բուռն փափաք մը զգացի թղթատելու եւ ներսի էջերը քննութենէ անցընելու: Բայց այդ վայրկեանին յարմար չէր միտքէս անցածը տեղւոյն վրայ գործադրելը:
Գիրքը ձեռքս` սենեակ գացի եւ անհամբեր դարձուցի առաջին քանի մը էջերը: Յանկարծ նշմարեցի, որ անոնցմէ մէկը չնշմարելու աստիճան ճմռթկուած, վրան ալ բթամատի սրճագոյն հետք մը ձգուած էր:
Փորձեցի մաքրել, բայց չյաջողեցայ: Բարկացայ, արիւնս գլուխս խուժեց:
– Ե՛ս որ այնքա՜ն ուշադրութեամբ կը դարձնէի գրքիս էջերը…
Յայտնի էր որ Իւղաբեր մայրիկը նոյն խնամքը չէր ունեցած գիրքիս հանդէպ:
– Ի՛նչ իրաւունքո՜վ…:
Յուզումի ալիք մը կոկորդէս վեր բարձրացաւ, եւ վայրկեանի մը մէջ, անտառի տնակով, Ձնծաղիկով եւ եօթը թզուկներով գիրքս ինծի համար կորսնցուց իր հմայքը:
– Այդ գիրքը իմս չէ՛ր… Իմս նոր ու մաքո՛ւր էր, այս ուրի՛շ էր:
Ես ուզեցի քովի սենեակը վազել եւ Իւղաբեր մայրիկին բարկանալ, բայց նետուեցայ անկողինիս վրայ եւ սկսայ յուսահատ լալ: Մտքիս մէջ մէկ մտածում կար միայն՝
– Մրցանակս աւրած էին… այլեւս առաջուանը չէ՜ր…:
Դուռը բացուեցաւ, մայրս սենեակ մտաւ: Երբ անկողինիս վրայ գիրքիս բաց էջը տեսաւ, վայրկենաբար հասկցաւ, բայց բան չգտաւ ըսելիք: Միայն ձեռքը ուսիս դրաւ եւ յուզուած ձայնով՝
– Մալէ՛շ, տղա՛ս, մի՛ նեղուիր,- ըսաւ…
Ես դեռ բաւական լացի ու երկար ատեն չմոռցայ բթամատի այդ սրճագոյն հետքը: Բայց անկէ վերջ այլեւս չբացի եւ չուզեցի այդ գիրքը պահել…
Այն տարուան դասարանէս ես չունեցայ մրցանակի յիշատակ…:
Իւղաբեր մայրիկը լուր չունեցաւ ատկէ եւ շարունակեց սովորականին պէս յաճախել մեր տունը:
Եւ ես ատենէ մը վերջ, դեռ բաւական ժամանակ դիմացը աթոռակի մը վրայ նստած, իր պատմածները եւ երգածները լսելով, երեւակայութեանս մէջ Աղբիւր Սերոբի կեանքը ազատել երազեցի:
Քամփինաս, Պրազիլ