Վերջին Աղաւնին

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Պապ Էլ Շաարէյյա թաղի մեր տան ճակատին շինութեան թուական չէր դրուած, եւ ուրիշ կարգ մը տուներու պէս ալ, յայտնի չէր թէ երբ շինուած էր: Բայց մեր բնակած երկյարկանի շէնքը հին էր, իր պատկանած թաղին չափ հին: 

Առտուները երբ Գահիրէի խնդում արեւը, քաղաքին մօտիկ Մոքատտամի բլուրներու ետեւէն ծագէր, մեր բնակարանը այցելելէ առաջ, նախ շէնքին տանիքը կը տաքցնէր եւ աւելի հեռու գտնուող դաշտերու մէջ ալ, իր ճառագայթներով հաւասար կեանք կը բաժնէր բոյսերուն:

Հոն գարնան եղանակի սկիզբի շաբաթներուն, հոտաւէտ ծաղիկներ վառ գոյներով կը բացուէին, եւ ծառերուն ու բոյսերուն տերեւներն ալ, շուտով նոր փայլ եւ գեղեցիկ կանանչ գոյն կը ստանային արեւէն:

Պարտիզպանները այդ օրերուն պարապ չէին կենար, եւ դաշտերու մէջ ամբողջ օրը աշխատելէ ետք, իրիկուան ժամերուն թթենիի ծառերը կը ջրէին: Ծարաւ թթենիները ջուրէն եւ եղանակէն օգտուելով շուտ կը մեծնային, ճիւղերը կը կախուէին եւ տերեւներուն տակ կէս պահուըտած ու կէս երեւցող գիրուկ թութերն ալ, արեւին տակ առանց ձայնի կը շատնային ու կ’անուշնային:

Անոնք բաց գիրկով կ’ընդունէին արեւի տաք շողերը, եւ երբ քաղող չըլլար, կամ ալ չսպասուած հովեր եթէ յանկարծ տեղէ մը փչէին, ծառին տերեւները իրար կը համբուրէին, եւ հասունցած ու շաքարի պէս անուշ թութերն ալ, ճիւղերէն կը զատուէին ու ծառերուն տակ «թը՛փ», «թը՛փ», «թը՛փ» գետին կը թափէին:

Այդ օրերուն քաղուած թթենիներու տերեւները, ուրիշ օրերէ աւելի թարմ եւ կակուղ կ’ըլլային, եւ աւելի ալ դիւրին կը գտնուէին խանութներուն մէջ: 
Մենք՝ եղբայրս ու ես, կը գնէինք այդ տերեւներէն, եւ կափարիչին վրայ բացուած ծակերով կօշիկի տուփի մը մէջ, մեր չորս կամ հինգ բուծանած շերամներուն կու տայինք որպէսզի ուտեն:

Աժան էին թութի տերեւները եւ շերամներն ալ, որոնք կաղանդի եւ տօնական օրերու առիթով, օրեր կամ շաբաթներ առաջ, մեր ցանած եւ նոր ծիլ տուած գարիներու կանանչ գլուխներուն հետ, այն ատենուան կենդանական եւ բուսական աշխարհի, մեր ժամանցի գլխաւոր զբաղումներն էին:

Մենք երբ առտուները արթննայինք, թրթուռները աչքէ կ’անցընէինք, տուփիկը կը մաքրէինք, եւ եթէ թութի տերեւները տաքէն, կամ ուրիշ պատճառով չորցած ըլլային, հիները նորերով կը փոխարինէինք:

Շերամները տուփիկին մէջ պզտիկ կտորներով կ’ուտէին թթենիներու տերեւները, եւ մօտաւորապէս մէկ կամ երկու շաբաթ ետք, մենք վերջին անգամ ըլլալով կը մաքրէինք տուփիկը, որովհետեւ թրթուռները անկիւն մը քաշուելով, բոժոժներ կը շինէին ու մէջը կը բանտարկուէին: Բայց շերամները երկար ժամանակ չէին մնար այդ բոժոժներուն մէջ: Քիչ յետոյ անոնք կը ծակէին իրենց տուները, եւ կերպարանափոխուած ու թիթեռնիկ դարձած՝ բոժոժներէն դուրս կը թռէին: 
Մենք անկէ յետոյ կ’երթայինք եւ նոր շերամներ կը գնէինք:
Շերամները կարեւոր էին: Սակայն բոժոժները եւ անոնցմէ շինուած մետաքսի թելերը մեզի համար աւելի կարեւոր էին, որովհետեւ տեղ մը կարդացած էինք, որ չինացիները բոժոժներու թելերը քակելով մետաքս կը շինէին, եւ մենք երեխայական խանդավառութեամբ, ու կօշիկի տուփերու մէջ մնացած մեր պարապ բոժոժներու փորձառութեամբ, օր մը մեր ծրագիրներուն մէջ որոշեցինք ապագային մետաքս արտադրել: 

Մենք պատանեկութեան տարիքի մօտ էինք այն ատեն, եւ հեշտ էր բոժոժներով մետաքսէ երազներ հիւսելը: Սակայն ժամանակուայ ընթացքին հասկցանք որ ծրագիրներ յաջողցնելը դիւրին չէր, եւ գացող-եկող ուրիշ գարուններու մէջ մշուշոտ օր մը, մեր երազները բոժոժներու թելերու պէս քակուեցան, ու դեռ մետաքս չդարձած մեր յիշողութենէն անհետացան: 

Բայց անոնց հեռանալէն անմիջապէս յետոյ, ժամանցի նոր միտքեր, պատճառ դարձան որ կենդանական աշխարհին հետ մեր ունեցած կապերը չդադրէին ու տարբեր ձեւով շարունակուէին:

Վստահ չեմ, եւ չեմ ալ յիշեր ճիշդ ով, բայց այն օրերուն, տան շուրջի դրացիներէն մէկը, տանիքին վրայ թռցնելու համար աղաւնիներ կը պահէր, փորձառու ձեւով կը մարզէր եւ իր նշաններուն, սուլոցներուն, ու խումբը առաջնորդող աղաւնիին հնազանդիլ կը սորվեցնէր: 

Յետմիջօրէներու զով օդերուն, երբ ժամերը աղաւնիներու թռիչքին համար նպաստաւոր կ’ըլային, ան վանդակներէն կ’արձակէր աղաւնիները, եւ ես մեր տան ետեւի գռիհին նայող պատշգամի նեղ երկինքէն, կը տեսնէի խումբ մը աղաւնիներու թռիլը, եւ քիչ յետոյ ալ կը լսէի տիրոջ, երբեմն երկար եւ երբեմն ալ կարճ սուլոցի նշանները: 

Մարդը այդ սուլոցով եւ դրօշակով, տուներու տանիքներէն վեր թռող իր աղաւնիները կը կառավարէր, անոնց թռիչքին վարէն ուղղութիւն կու տար, եւ մօտաւորապէս երկու ժամ թռելնէն յետոյ երբ յոգնէին, դրօշակը աջ ու ձախ շարժելով թռչունները վար կը կանչէր: 

Ան գործէն հասկցող էր եւ իր աղաւնիները լաւ կը մարզէր: Երբեմն ալ նոր մարզուածները հիներուն հետ թռելու կը ղրկէր, որպէսզի երամին մէջ կատարելագործուէին, եւ ուրիշ մրցակից խումբերու աղաւնիներէն չխաբուէին եւ «չփախցուէին»: Աղաւնի պահողներու համար սովորական էր օդին մէջ մրցումներ կազմակերպել եւ ուրիշ թռող երամներէ աղաւնիներ գողնալը: Անոնք նոյնիսկ այդ նպատակով, երբեմն վարէն ուրիշ երամներու մօտենալու ուղղութիւն կու տային թռչուններուն:

Աղաւնիները խելացի էին, կը հնազանդէին հրամանին, եւ երբ վերադառնային ու իրենց հետ տարբեր աղաւնի մը բերէին, տէրը կ’ուրախանար: Բայց եթէ հակառակը պատահէր, եւ վերադարձող խումբին մէջ աղաւնի պակսէր, ան չէր գանգատեր, եւ կը փորձէր ունեցած վնասը, յաջորդ անգամ մրցակիցներուն աղաւնիներովը փոխարինել: Խաղին եւ մրցումին օրէնքները այդպէս էին եւ գիտցուած ալ էին: Մրցակիցները օդին մէջ կամ աղաւնի 
կը շահէին, կամ ալ կը կորսնցնէին: Գանգատիլ չէր ըլլար եւ պարզ էր, շահողը կ’ուրախանար կորսնցնողն ալ կը տխրէր: Սակայն միշտ չէր որ գացող աղաւնին ետ չէր դառնար: Երբեմն հազուադէպօրէն ալ կը պատահէր, որ կորսուած կարծուած աղաւնին, նոյն օրը կամ ալ յաջորդ թռիչքներուն, անսպասելիօրէն դեռ մէջտեղ կ’ելլէր եւ ընկերներուն հետ տուն կը դառնար:

Այն ատեն տիրոջ ուրախութիւնը կրկնապատիկ կ’ըլլար, որովետեւ արհեստավարժ աղաւնի պահողներուն թռչունները սովորաբար լաւ «ճինս»ի պատկանողներ կ’ըլլային, եւ այդ տեսակներն ալ շուկային մէջ բարձր գինով կը ծախուէին:
Սակայն թռցնելու հաճոյքէն զատ, աղաւնիներ պահելը դիւրին գործ չէր: 
Անոնք տեւական նուիրումի կը կարօտէին եւ այդ պատճառով ալ, խնամքի եւ մաքուր վիճակի մէջ պահուելու համար, եթէ ոչ օրուան մեծ մասը, գոնէ բաւական ժամանակ, անոնցմով զբաղելու պէտք է յատկացուէր: 

Բայց հակառակ ատոր, շերամներէն յետոյ աղաւնիներ պահելու գաղափարը, յատկապէս իր թռցնելու մասով, մեզի այնքան քաշողական եւ հրապուրիչ երեւցաւ, որ խորհեցանք դպրոցական մօտալուտ մեծ արձակուրդին, անպայման փորձել եւ աղաւնի պահել:

Կարեւոր չէր խնամելու կամ մաքրութեան համար յատկացուելիք ժամանակը: Ո՛չ ալ աղաւնիներուն լաւ տեսակէն ըլլալը: Մեզի համար աւելի կարեւորը աղաւնի ունենալ եւ թռցնելն էր: Մենք պատրաստ էինք որեւէ զոհողութեան:
Շաբթու վերջ մը մեր գաղափարը հօրս յայտնեցինք:

– Լա՛ւ,- ըսաւ հայրս այն օրը,- բայց աղաւնիներ պահելու համար, առաջ «Խեֆէս» պէտք է գնենք: Հօրս ըսած «Խեֆէս» ները կամ վանդակները, թռչուններու համար, բարակ կամ միջակ հաստութեամբ շինուած, եղէգէ զանազան չափերով վանդակներ էին, որ անկէ քանի մը օր յետոյ շուկայէն դիւրութեամբ գնեցինք, եւ մեր տան ետեւի գռիհին նայող, պատշգամի պատէն բազրիք հասնող նեղ թեւին վրայ կապեցինք, եւ չուանով ալ ամրացուցինք: 

Հիմա կը մնար միայն աղաւնիներ գնել եւ «խեֆէս»ներուն մէջ պահել ու կերակրել:
Դժուար չէր աղաւնի գնելը: Քաղաքը Էլ Ազհարի մեծ մզկիթէն անդին, աղաւնիներու առուծախի կարեւոր շուկայ ունէր եւ Ուրբաթ օրերը, Մոքատտամի մօտակայ բլուրներուն փէշին տակ, հին գերեզմանատան մօտ գտնուող հանդարտ եւ նեղ փողոցները, լեցուն եւ խճողուած կ’ըլլային: 

Քով-քովի շարուած եւ վրայ-վրայի նստած աղաւնիներով լեցուն վանդակներու քով ոտքի կեցած, կկզած, կամ գետինը նստած վաճառորդներու կանչերով, կեանքը փողոցներուն մէջ ժամերով կը տրոփէր ու արեւին տակ կը բզզար: Աղաւնի գնել ուզողները, զանազան վաճառող անհատներէ զատ, այդ կարեւոր շուկան անպայման կ’այցելէին: 

Ճիշդ չեմ գիտեր հայրս ուրկէ գնեց մեր աղաւնիները, բայց օր մը ան երկու կամ երեք զոյգ աղաւնիներով տուն եկաւ: 

Մենք ուրախացանք:

– Ասոնք ի՞նչ «ճինս»է աղաւնիներ են,- հարցուց եղբայրս:
– Ճինսէ չեն, բայց հաւատարիմ են,- ըսաւ հայրս եւ թերեւս հասկնալով եղբօրս մտահոգութեան պատճառը,- մի՛ մտահոգուիր, տան ճամբան գիտեն,- աւելցուց:

– Չե՞ն կորսուիր, եթէ թռցնենք…

– Ո՛չ, բոլորն ալ խելացի են, եւ երբ տան ճամբան գիտնան, ետ կու գան,- կրկնեց հայրս: 
Ես հօրս քով կեցած չէի հասկցած «ճինս» բառին իմաստը եւ

– Ճինսը ի՞նչ ըսել է,- հարցուցի հօրս:

– Ճինսէ եղող աղաւնիները ազնիւ ցեղէ, լաւ տեսակ աղաւնիներ են, որոնք միւսներէն աւելի խելացի կ’ըլլան, տարբեր յատկութիւններ ալ կ’ունենան եւ այդ պատճառով աւելի սուղ կ’ըլլան,- բացատրեց հայրս:

– Ինչո՞ւ մերիններն ալ ճինսէ չեն: 

– Որովհետեւ մերինները միայն առժամեայ ժամանցի համար են,- ըսաւ հայրս:
Ես տխրեցայ: Կ’ուզէի, որ աղաւնիները միշտ մեր քովը մնան…:

– Չէ,- մենք պէտք չունինք զբաղումի համար սուղնոց աղաւնիներ պահելու,- բացատրեց հայրս:

Ես գաղափար չունէի գիներու մասին…:

– Տե՛ս,- շարունակեց հայրս,- երբ երկու ամիսէն արձակուրդները վերջանան, ձեզմէ ո՞վ դասերը ձգելով ասոնցմով զբաղելու ժամանակ պիտի ունենայ….

Մենք չպատասխանեցինք:

Հայրս անկէ յետոյ աղաւնիները վանդակին մէջ տեղաւորեց, յետոյ մեզի դարձաւ եւ,
– Ասոնք քանի մը օր թող հոս մնան, որպէսզի գիտնան իրենց տունը, եւ Շաբաթ օրը, երբ տանիքէն թռցնենք, կրնան վերադառնալ:

Մենք անհամբեր էինք եւ անմիջապէս թռցնել կ’ուզէինք աղաւնիները:
Ես անոնց մէջ պզտիկ մարմինով եւ լայն կուրծքով, գիրուկ աղաւնի մը սիրած էի, որուն անունը մտքիս մէջ անմիջապէս «Թոմպուլիկ» մկրտած էի:

– Սպասեցէք քանի մը օր, մինչեւ որ մեր տան վարժուին,- ըսաւ հայրս եւ տուն մտաւ:
– Յակո՛բ,- լսեցի դուրսէն մօրս մտահոգ ձայնը,- ասոնք աղաւնիները տեսնելու համար, մինչեւ այսօր հազիւ «զօր-զար» դիմացան, հիմա այդ ըսած քանի մը օրերուդ ինչպէ՞ս սպասեն…:

Բայց այդ քանի մը օրերը այսպէս թէ այնպէս անցան, եւ յաջորդ շաբաթ օրուայ յետմիջօրէի զովանալ սկսած ժամերուն, հայրս աղաւնիներուն եղէգէ վանդակին դուռը բացաւ: Ներսը անմիջապէս իրարանցում սկսաւ, եւ թռչունները իրար հրելով դուրս ելան եւ վանդակին եզրին շարուեցան: 

Հոն կարծես թռելու ուժ հաւաքելու համար վայրկեան մը կեցան եւ սպասեցին: 
– Եթէ պիտի թռին, ինչի՞ կը սպասեն,- խորհեցայ եւ հօրս երեսը նայեցայ: Ան լուռ էր եւ թռչունները կը դիտէր: 

Յանկարծ աղաւնիները թեւերնին բացին, եւ «փաթ», «փաթ», «փաթ» զարնելով թափ առին եւ օդին մէջ բարձրացան:

Հայրս, եղբայրս ու ես փայտէ ձողի մը ծայրին դրօշակի ձեւով ճերմակ լաթ կապած՝ տանիք վազեցինք: 

Աղաւնիները սկիզբը լման թիւով, քանի մը պզտիկ շրջաններ ըրին եւ մեր վրայէն անցան, յետոյ հեռու գացին, բայց հօրս սուլոցներուն վրայ ետ եկան, եւ օդին մէջ շրջանակները լայնցնելով, այս անգամ յարակից շէնքերու ետեւ գացին, մեր տեսողութենէն հեռացան, ուշացան ու մէջտեղ չելան:

– Այս աղաւնիները պիտի դառնա՞ն արդեօք,- անցաւ միտքէս եւ հօրս նայեցայ:

Ան կարդաց մտահոգութիւնս, խնդաց եւ

– Մի՛ մտահոգուիր, անոնք ճամբան գիտեն,- ըսաւ 

– Բայց ու՞ր են, ինչու՞ չեն երեւնար: 

– Որովհետեւ ինքնավստահ դարձած են,- ըսաւ եւ դարձեալ սուլեց:
Խումբը տուներու ետեւէն անմիջապէս երեւցաւ:
Օրը հիմա յուշիկ վերջանալու մօտ էր, եւ տկար արեւը, քարքարուտ տանիքի մոխրագոյն պատին վրայ, կարծես մաշած վրձինով, տեղ- տեղ, ոսկեգոյն ներկի կիսատ հարուածներ տուած էր, եւ այդ վայրկեանին երկնքի կապոյտը դիտողին համար, թռչունները կամ աղաւնիները քիչցած էին ու առաջուան պէս խումբերով չէին երեւար այլեւս:

Վերադարձի ժամը հասած կ’երեւէր: Հայրս ձեռքը աչքերուն վրայ հովանի բռնած, քիչ մըն ալ դիտեց աղաւնիները եւ մեզի դառնալով՝
– Այսօրուայ համար այսքան թռիլը կը բաւէ, ա՛լ վար կանչեցէք,- ըսաւ: 

Եղբայրս ձեռքի ճերմակ դրօշակը անմիջապէս օդին մէջ շարժեց: Աղաւնիները տեսան եւ գռիհին կողմը ուղղուեցան:

Մենք աճապարանքով վար վազեցինք եւ երբ տունէն ներս մտանք, աղաւնիներու վանդակին առջեւ քարացած մնացինք բերանաբաց…:

Թռչունները վանդակին առջեւ հաւաքուած էին, բայց «թոմպուլիկ»ը մէջէրնին չէր:

Ան չէր վերադարձած, իսկ գռիհի նեղ երկնքին վրայէն ոչ մէկ թռչուն կ’անցնէր: Ես յուսահատ հօրս նայեցայ, բայց ան հանդարտ ձեւով՝

– Մի՛ մտահոգուիր, ան ճամբան գիտէ,- ըսաւ եւ կարծես թէ բան պատահած չըլլար, աղաւնիներուն խմելիք ջուրը փոխեց: Յետոյ անոնց գետինը թափած եգիպտացորենի հատիկները հաւաքեց, եւ տեսնելով դեռ տխրած վիճակս, կատակի ձեւով

– Անպայման ուրիշ խումբերու մէջ գեղեցիկ աղաւնի մը տեսաւ,- սկսաւ ըսել հայրս:

Ես նեղուած էի, չպատասխանեցի:

– Գեղեցիկ աղաւնի մը տեսաւ, սիրահարուեցաւ եւ ետեւէն գնաց,- կատակը շարունակեց հայրս:

– Բայց ան կենդանի է, չի կրնար ուրիշ աղաւնի սիրել,- պատասխանեցի:

Հայրս տեսնելով, որ լուրջի առած էի ըրած կատակը՝

– Կենդանիներն ալ մարդոց պէս զգացումներ ունին, եւ մեր բոլոր զգացածներն ալ կը զգան,- ըսաւ:

– Կը սիրե՞ն ալ….

– Այո, սէր ալ կը զգան…

Ես դիմացը կեցած սպասեցի, որ շարունակէ, բայց ան ձեռքը ուսիս դրաւ եւ 

– Հիմա եկո՛ւր, ներս երթանք,- ըսաւ:

Բայց այդ վայրկեանին, յանկարծ օդին մէջ թռելու ձայներ լսեցինք եւ «Թոմպուլիկ»ը թեւերը թափահարելով, պատշգամի բազրիքին վրայ իջաւ ու կեցաւ: 
– Թոմպուլիկը՜՜՜… Թոմպուլիկը ետ եկած էր:

– Թոմպուլի՛կ, կանչեցի, բայց ան չպատասխանեց: Չէր գիտեր իր անունը, ինչպէ՞ս պատասխանէր: Միայն վիզը ծռեց, աչքը թարթեց եւ ինծի նայեցաւ: Յետոյ թեւերը բացաւ եւ պզտիկ ոստումով միւսներուն քով հասաւ:

– Վերջին աղաւնին ալ եկաւ,- ըսաւ հայրս:
Վանդակին մէջ միւս աղաւնիները Թոմպուլիկին շուրջ հաւաքուեցան:

Ալ հիմա տուն մտնենք,- ըսաւ հայրս:

Բայց տուն մտնելէ առաջ, ես ետ դարձայ, ափիս մէջ մը լեփ-լեցուն կեր լեցուցի, եւ վանդակին մէջ թոմպուլիկին առջեւ դրի, որպէսզի ուտէր, զօրանար եւ յաջորդ թռելուն միւսներէն ետ չմնար:

Յետոյ հանգիստ սրտով, հօրս եւ եղբօրս հետ տուն մտայ:

Քամփինաս, Պրազիլ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *