Անցեալը Ներկայի Համար Ներկան՝ Ապագայի Համար – «Ազգ մը Չի Կորսուիր, Երբ Գիտէ Իր Սխալները Ճանչնալ Եւ Ինքզինք Ուղղել»

*ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից

       Յաճախ կը խօսինք մեր վսեմ անցեալի փառքերու մասին, որպէսզի անցեալի փառքն ու կորովը, մեր նախնիներուն ուժն ու սխրանքը դառնան ազգային ոգիի ներշնչման նախադրեալներ։ Կը հպարտանանք մեր հերոսական անցեալով, քաջորդիներու մարտական շունչով ու աննուաճ կամքով։ Մենք կը հպարտանանք մեր ազգային արժէքներով` երբեմն «ազգային»-ի տակ հասկնալով ու պանծացնելով մեր փայփայած առասպելական հերոսները` մոռնալով մեր կարկամող ու կաղացող, յետադիմող ներկան։

       Անհնար է ներկան ստեղծել, ոչ ալ գալիքը՝ միայն անցեալը գովերգելով, եթէ անցեալի վերարժեւորումով չկարենանք հասկնալ ներկան։

       Եթէ անցեալի աւանդները պաշտպանելու անուան տակ կուրօրէն հաւատանք, թէ անցեալի աւանդն է, որ կը շարունակենք։

Ի՞նչ հանգրուանի հասած ենք այսօր որպէս ազգ եւ ժողովուրդ։

Մեր ժողովուրդին ամէնէն կենսական հարցը կը թանձրանայ այս պարզ հարցադրումին մէջ։

Հնուց ի վեր հակասութիւններու եւ հակապատկերներու երկիր էր Հայաստանը։

Հոգեւոր հարուստ մշակոյթի եւ համեստ ու պարզ կենցաղի երկիր։

Դարեր շարունակ հայ ժողովուրդը ապրեցաւ մշակոյթի նեղ կաղապարին մէջ՝ միամտօրէն կարծելով, որ մշակոյթը, գիրն ու գրականութիւնը բաւարար են զինք աշխարհի կեդրոնը հասցնելու։

Պատմութեան քառուղիներով, հայ ժողովուրդը դարեր ու դարեր քալեց անղեկ՝ բռնութեան ճիրաններուն մէջ ազատութեան ուղիներ որոնելով։  Մեծ եղեռնէն, ջարդ ու կոտորածէն վերապրող հայութիւնը փրկութեան յոյսով, ապրելու եւ գոյատեւելու տենչով, դարձաւ գաղթական։

Եկան օրեր ու ժամանակներ, երբ քաղաքական իրարամերժ հոսանքներ կոտորակուած ու երկփեղկուած հայ ժողովուրդը շրջանակեցին ու սեղմեցին նեղ կաղապարներու մէջ։ Երբ ազգային պատկանելիութիւնը իր տեղը զիջեցաւ գաղափարին, հայը զատորոշեց իր դաւանանքով ու գաղափարական համոզումներով։

       Մարդկային յառաջդիմութեան, թէ մեր ազգին յետամնաց ըլլալուն տխուր վկայութիւնն էր այդ։  

Այս խոհերն ու մտորումները, երբ թուղթին կը յանձնէինք, յանկարծ իշխանափոխութեան կոչեր լսուեցան Մայր Հայրենիքէն։

       Հոն՝ ժողովուրդի եւ մեծ թիւով երիտասարդներու խուռներամ բազմութիւններ ողողած էին մայրաքաղաքին հրապարակները։ Անոնք եկած էին ժողովրդավար միջոցներով նոր օրերու եւ նոր իրականութեան կոչեր հնչեցնելու։

Պատմական նոր իրադարձութիւն մը տեղի կ’ունենար Հայաստանի մէջ։ Նոր Հայաստանի տեսլականի շուրջ համախմբուած քաղաքական բոլոր ուժերը, եկած էին նոր էջ մը բանալու Հայաստանի պատմութեան մէջ։ Համաժողովրդական այս շարժումը հպարտութիւն առթող երեւոյթ էր համայն հայութեան համար։

Երկրին ներքաղաքական զարգացումները, խաղաղ մարտակոչի ու բողոքի ցոյցերը, կ’ընթանային առանց ընդհարումներու, զսպուածութեան, զգօնութեան եւ երկխօսութեան ճանապարհով։ Նոր Հայաստանն էր որ կեանքի կը կոչուէր։

Համաժողովրդական այս շարժումը վկայութիւնն էր  ժողովրդավարութեան սկզբունքները իւրացուցած ազգի մը  բարձր գիտակցութեան, որ զարմանք պատճառեց քաղաքակիրթ ողջ աշխարհին։

Անդիմադրելի յուզում մը պատած էր հոգիս, երբ կը հետեւէի զարգացող իրադարձութիւններուն։ Որքան ուժ եւ հաւատամք ամբարած էր հայրենի ժողովուրդը՝ բաց երկինքին տակ նոր օրերու զարթօնքը աւետելու։ Մտապատկերիս մէջ կ’ուրուագծուէր 1991-ի Սեպտեմբերը։

Շարժումի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան զուրկ չէ գործին պահանջած առաքինութիւններէն։ Նպատակային գործունէութեամբ առաջնորդուած՝ խոր հաւատքով եւ ինքնավստահ քայլերով ան խիզախօրէն կը կատարէր նաւապետի իր պարտականութիւնը՝ ժողովուրդը ուղղորդելու դէպի խաղաղ հանգրուաններ։

Շրջահայեաց եւ խոհեմ կեցուածք ցուցաբերեց Հայաստանի վարչապետ Սերժ Սարգիսեանը՝ լսելով հայրենի ժողովուրդին ձայնը։

Փոթորկոտ ծովուն մէջ, ճիշդ կռահելով ճանապարհին ուղղութիւնը, վարչապետը ներկայացնելով իր հրաժարականը առիթ ընծայեց, որ երիտասարդ ուժերը նոր հունով առաջնորդեն քաղաքակական մտածողութիւնը։

Հանդուրժողականութեան խաղաղ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ներքին քաղաքական իրադարձութիւնները այսօր կը հաստատեն, թէ Հայաստանը կանգնած է ժողովրդավարութեան ճանապարհին վրայ։

Երկրին իրավիճակը կախում ունի ներքաղաքական զարգացումներէն։ Բացառուած չեն լուրջ մարտահրաւէրներ, թեր ու դէմ կարծիքներ եւ ներքաղաքական լարուածութիւններ։ Այն ինչ հնարաւոր է ողջմիտ հետեւողական ջանքեր գործադրելով, երկխօսութեան միջոցով ընդունելի եւ կշռադատուած լուծումներ գտնել՝ յարգելով սահմանադրական օրէնքները։

Այս օրերուն, Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը կը պահանջէ յաղթահարել քաղաքական ճգնաժամը՝ նկատի առնելով երկրին եւ ժողովուրդին համար կարեւոր առաջնահերթութիւննեը, որոնք կը բխին ազգին գերագոյն շահերէն։

Այս ուղղութեամբ հայրենասիրական զգացումներու հրահրման ամէնէն կարեւոր աղբիւրը ժողովուրդի կեանքի ու դեռ չլուծուած կամ անորոշ մնացած խնդիրներուն լուծում գտնելու հարցն է։

Վրէժխնդրութեամբ չէ, որ պիտի լուծուին այդ հարցերը, այլ համախոհութեան եւ համերաշխութեան ոգին է, որ պիտի ապացուցէ հայրենի ժողովուրդին ոչ միայն հայրենասիրութիւնն ու ուղղամտութիւնը, այլեւ հետզհետէ իր դրսեւորած ժողովրդավար տրամադրութիւնը՝ սրբագրելու համար մեր մօտաւոր անցեալի տասնամեակներու թոյլ տրուած թերացումներն ու սխալները։

Այս առումով, արժէ յիշել հայ մտածողին՝ Արշակ Չօպանեանին իմաստուն խօսքը՝ «Ազգ մը չի կորսուիր, երբ գիտէ իր սխալները ճանչնալ եւ ինքզինք ուղղել»:

Այսօր հայրենի ժողովուրդը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու այն ճշմարտութիւնը, թէ անցեալի ուժը յենարանն է ներկային, որպէսզի ներկան դառնայ ամուր պատուանդան ապագային համար եւ երաշխիք՝ գալիք ազգային իղձերու եւ երազներու իրականացման ճանապարհին։

Այն ատեն հայ ժողովուրդը կը դառնայ հաւաքական ոյժ՝ խրոխտ հայեացքով նայելու աշխարհին։

Դէպի նոր ճամբաներ, նոր երազներ, յոյսի փարոս Մայր Հայաստան…:

Հալէպ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *