*ՎԻԳԷՆ ՀԱՊԷՇԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Աշխատակից
Հայոց Ցեղասպանութեան 103-րդ տարելիցին առիթով կլոր-սեղան-քննարկում տեղի ունեցաւ 25 Ապրիլ 2018-ին Սէն Ժոզէֆ ֆրանսական համալսարանի, Մարդկային Գիտութիւններու բաժանմունքի մուտքի սրահին մէջ կէսօրուան ժամը 12-ին` կազմակերպութեամբ սոյն համալսարանի հայկական ակումբի ուսանողներուն։
Հայկական ակումբը հրաւիրած էր համալսարանի դասախօսներէն` հայր Ժատ Շըպլին` ընդհանուր հոգեւոր հայր Սէն Ժոզէֆ համալսարանի, Պրն. Լեւոն Նորտիկեանը` պատմութեան դասախօս, նախապատմական թանգարանի հիմնադիր եւ այժմ պատկերադարանի տնօրէն, տոքթ. Մարք Գալուստեան` ատամնաբուժական բաժնի դասախօս, Տիկ. Քրիսթին Պապիկեան-Ասաֆը` գրականութեան եւ Մարդկային Գիտութեան բաժանմունքի տնօրէնուհի։
Բացման խօսքը կատարեց հայկական ակումբի փոխպատասխանատու Նանէ Սեմերճեան, որ ներկաներէն պահանջեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգանքի տուրք մատուցել Ցեղասպանութեան նահատակներուն, որմէ ետք ան հրաւիրեց հայր Ժատ Շըպլին։ Բանախօսը ըսաւ, որ պատմականօրէն Յիսուսեան միաբանութեան եւ հայրերուն միջեւ յարաբերութիւնները կ’երկարին աւելի քան 100 տարիէ։ Գաղթականութենէն անմիջապէս ետք Յիսուսեանները հիմնեցին Վարդան դպրոցը Հալէպի մէջ, որ այժմ քանդուած է պատերազմի պատճառով, իսկ Սուրբ Կրէկուար վարժարանը Էշրեֆիէի շրջանին մէջ, որ ներկայիս վերածուած է ոչ հայկական դպրոցի` հայ աշակերտներու չգոյութեան պատճառով։ Հայ ազգի ճկունութիւնը վերածնելու, յաջողելու եւ շուտով իր նախկին վիճակին վերադառնալու կարողութեան մէջ է։ Սակայն պէտք է ներողամիտ ըլլանք, ներենք թշնամիին, արդարութիւն պահանջենք, սակայն այդ պահանջը զերծ ըլլայ վրէժխնդրութենէ։
Այնուհետեւ Պրն. Լեւոն Նորտիկեան ըսաւ, որ 1921-22-ին հայերը զանգուածային քանակութեամբ հասան Լիբանան, որովհետեւ Կիլիկիա, որ նախապէս 1919-21-ին գրուած էր ֆրանսացիներուն կողմէ, յանձնուեցաւ թուրքերուն, իսկ Հալէպի գաղթականները աւելի Արեւելեան Կիլիկիոյ բնակիչներն էին, զետեղուեցան Դամասկոս, Հոմս, Գամիշլի եւ այլն։ Պէյրութի առաջին վրանատուները Մար Մխայէլի եւ Գարանդինայի շրջանները հաստատուեցան, սակայն անոնց վերականգնումը շատ արագ ընթացաւ։ Առաջին հանգրուանին ծնունդ առին եկեղեցին եւ դպրոցը, իսկ յետոյ ընկերային կեանքը զարգացաւ քաղաքական կուսակցութիւններու եւ հայրենակցական միութիւններու շնորհիւ (Մարաշ, Ատանա, Սիս եւ այլն): Վերականգնումին իրենց օժանդակութիւնը բերին միջազգային կազմակերպութիւնները, եկեղեցին ու դպրոցը, որոնք կրցան հայեցի դաստիարակութիւն տալ նոր սերունդին, որպէսզի անոնք չկորսնցնեն իրենց հայկական ինքնութիւնը` հաշուի առնելով, որ անոնց ծնողները թրքախօս էին, ինչպէս նաեւ սորվեցնել տեղական լեզուն` արաբերէնը, որ երբեք չէին գիտեր։ Շատ մը դպրոցներ եկեղեցիներու մէջ պատսպարուած էին, ինչպէս` Գարանդինայի Մեսրոպեան դպրոցը ուր մինչեւ 60-ական թուականները հայր Մեսրոպը թրքերէնով կը քարոզէր եւ աղօթք կը կարդար գրաբար լեզուով։
Վերականգնումի պատճառներէն էին նաեւ որբանոցները. 12 որբանոց գոյութիւն ունէր Լիբանանի մէջ ամերիկեան Near East Relief-ի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանաւորութեամբ։ Այս որբերը դաստիարակուելով ապագային եղան ուսուցիչներ, դպրոցի տնօրէններ, լրագրողներ եւ այլն։ Որբերուն դերը այս էր. ոտքի հանել հայ գաղթական ժողովուրդը։ Կը յիշեմ, մեծմայրս եւ թաղի կիները երբեմն ճաշ կը պատրաստէին եւ ապա կը տանէին ու իրենց ձեռքով կը բաժնէին որբերուն` հոգեկան մեծ գոհունակութիւն ստանալով այդ գործէն։ Վերականգնումի այդ աշխատանքին իրենց օժանդակութիւնը բերին նաեւ հայկական կուսակցութիւնները, մարզական միութիւնները եւ մշակութային կազմակերպութիւնները։
Ապա խօսք առաւ տոքթ. Մարք Գալուստեանը։ Ան ըսաւ. «Հայրս՝ ճարտարագէտ, մայրս՝ նկարչուհի։ Գիտութիւն եւ արուեստ. լաւ խառնուրդ մը, որ կը բնորոշէ Հայ ժողովուրդը։ Օրուան նիւթը` նոր վիճակներու յարմարելու ճկունութիւնը Հայ ժողովուրդին, ի՞նչպէս յարմարեցնել մեր ողբերգութեան։ Ահաւասիկ վկայութիւնս. թուրքերը ուզեցին բնաջնջել մեզ։ Սուլթան Ապտուլ Համիտ կ’ըսէր. «Հայկական հարցէն ազատուելու լաւագոյն ձեւը Հայերէն ձերբազատուիլն է»: Բայց անոր փորձը ձախողեցաւ։ Կոստան Զարեան 1922-ին կը գրէր, որ 1,500,000 նահատակներ տուինք, ինչպէս նաեւ հարիւր հազարներով մարդիկ գաղթի ճամբան բռնեցին։ Բայց այսօր` 103 տարի ետք, Հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ` Լիբանանի նման հիւրընկալ պետութիւններու, ինչպէս նաեւ չարաչար աշխատանքի, դաստիարակութեան եւ որբերու վերականգնումին շնորհիւ»:
Ահաւասիկ իմ ընտանիքիս վկայութիւնը. մեծ հայրս իր ընտանիքի մահուան ականատես ըլլալէ ետք, գաղթի ճամբան կը բռնէ իր մեծ եղբօրը հետ։ Ան 10 տարեկան էր։ Կը հասնի Լիբանան։ Իր ընտանիքի պարագաներէն գտնելէ ետք կը փորձէ սորվիլ տեղական լեզուն։ Ան հայերէնի եւ թրքերէնի կողքին կ’իւրացնէ երեք լեզու` արաբերէն, անգլերէն (Ամերիկեան համալսարանին մէջ), Ֆրանսերէն (Մարսիլիոյ մէջ, Ֆրանսա): Նոր երկրին շուտով յարմարելու եւ ինքզինք վերագտնելու համար մեծհայրս իր ուսումով եւ աշխատանքով իբրեւ ճարտարագէտ կը կառուցէ նոր շէնքեր, այն տեղը, զոր ուրիշները ուզեցին քանդել։ Սրտի տագնապի հետեւանքով, գաղթի ճամբուն վրայ վարակուելով կը մահանայ 34 տարեկանին։ Հայրս կը շարունակէ գործը. նախ կ’ուսանի ֆրանսական միջնակարգ դպրոցի, ապա Սէն Ժոզէֆ համալսարանի մէջ, ուրկէ կը վկայուի ատամնաբոյժ, ապա դասախօս, վերջապէս մանկավարժութեան բաժնի փոխտնօրէն։ Հայրս կը դաստիարակէ ուրիշները, հոն ուր թուրքերը ոչնչացուցին մշակոյթը։ Իսկ ես՝ 3-րդ սերունդ, իբրեւ ատամնաբոյժ եւ դասախօս՝ կը շարունակեմ իմ նախնիներուս աշխատանքը։ Թուրքերը ուզեցին բնաջնջել մեր արմատները, մեր ինքնութիւնը, սակայն անոնք ծնունդ առին ուրիշ տեղ, ուրիշ երկրի մէջ։
Ապա Տիկ. Քրիսթին Պապիկեան խօսք առնելով ըսաւ. «Կիլիկիոյ հայերն էին, որ հաստատուեցան Լիբանան։ Ընտանիքիս պատմութիւնը համերաշխութեան փաստ մըն է ամբողջ հայ ժողովուրդի անդամներուն նման։ Իմ մեծ հօրս հայրը եւ մեծ հայրս փաստաբաններ եղած են։ Մեծ հայրս իր յուշերուն մէջ գրած է այն բոլոր տառապանքներուն մասին, զորս ապրած է կոտորածներուն ժամանակ, որպէսզի բոլորը գիտնան այդ պատահած դէպքերը։ 1914-ին ան մահափորձէ ազատելէ ետք կը հաստատուի Լիբանան։ 1921-ին կը մեկնի Կիլիկիա, սակայն ետ կը վերադառնայ։ Լարնաքայի մէջ կը հանդիպի իր ապագայ կեանքի ընկերոջ եւ կ’ամուսնանայ։ Լիբանանի Մար Մխայէլի շրջանը կը հիմնէ օճառի գործարան։ Ամբողջ կեանքին ընթացքին արմատախիլ եղած ըլլալու զգացումը զինք չի լքեր։ Հօրաքոյրերս՝ դեղագործութիւն եւ փաստաբանութիւն կ’ուսանին, հայրս ալ նոյնպէս փաստաբանութիւն, կ’ամուսնանայ եւ կ’ունենայ հինգ աղջիկ զաւակ։ Կը յիշեմ, մեր տարեդարձներուն որբանոց կ’երթայինք եւ նուէրներ կը բաժնէինք որբերուն, այդ ժամանակ չէի հասկնար, բայց հետագային գիտցայ, թէ ինչո՛ւ։ Հայերուն` Լիբանան հաստատուիլը շատ հեզասահ չընթացաւ։ Տեղացի ժողովուրդը գէշ աչքով կը նայէր այդ մարդոց, որոնք իրենց գործերը կը խլէին մրցակցութեան պատճառաւ։ Այդ բոլորը այժմ շրջանցած ենք։ Լիբանանի կերտուածքը կարելիութիւն կ’ընծայէ, որ ամէն անձ զարգանայ` պահելով իր ինքնութիւնը։ Ես լիբանանցի եմ հայկական արմատներով եւ շատ հպարտ լիբանանցիութեամբս, շաղուած այս լիբանանեան ընկերութեան հետ։ Լիբանանահայը, հակառակ հայկական ինքնութեան կապուածութեան, լաւ լիբանանցի է կամ կ’ուզէ ըլլալ։ Այս է իմ վկայութիւնս։