*ԱՐԱ ԱՀԱՐՈՆԵԱՆ*
1921-էն ասդին Ազրպէյճանի մաս կազմող հայկական Նախիջեւանի Չանանապ գիւղը ծնած է Մենտոր Բունիաթեան 1877-ին։
Գիւղի հայկական պատմական անունը եղած է Յղնա, ուր Բունիաթեան գերդաստանի յարկին տակ հասակ պիտի առնէր Մենտոր պատանին ու ռուսական տեղւոյն կրթարանէն ներս պիտի ստանար իր նախնական կրթութիւնը։ Բարձրագոյն ուսման համար ան կ’ուղարկուի Թիֆլիս, ուր ռուսերէնի ու հայերէնի կողքին նաեւ կը ծանօթանայ ֆրանսերէն եւ գերմաներէն լեզուներուն։ Թիֆլիս գտնուող իր հարազատներուն խորհուրդով Բունիաթեան 1896-ին նախ կը մեկնի Գերմանիոյ Լայպցիկ քաղաքի համալսարանը ու կը հետեւի առեւտրական տոմարակալութեան։ Ապա երկու տարի ետք կ’անցնի Պեռլին եւ այդտեղէն Սթրազպուրկ՝ հետեւելու տնտեսագիտութեան, որպէս մասնագիտութիւն։ Իսկ Միւնիխի համալսարանէն կը վկայուի 1903-ին քաղաքական գիտութիւններու դոկտորական գիտաստիճանով։
Աւարտելէ ետք իր բարձրագոյն ուսումը, քանի մը տարի կը մնայ Գերմանիա ու ապա որոշ շրջան մըն ալ Սթրազպուրկ, ծանօթանալու ատենոյ Արեւմտեան Եւրոպայի տնտեսական կառոյցներուն ու դասաւանդելով իր յաճախած համալսարաններէն ներս։
1912-ին կը վերադառնայ Թիֆլիս, որպէս հմուտ տնտեսագէտ, իսկ 1915-էն սկսեալ որպէս դասախօս կը դասաւանդէ Մոսկուայի համալսարանին մէջ, առաւելաբար տնտեսագիտական նիւթեր։
Թիֆլիսի հայկական կարեւոր գաղութը կը հանդիսանար արեւելահայ զանգուածներու համար հայատրոփ եռուզեռի կեդրոն, ուր յաճախ Բունիաթեան կ’այցելէր ու մասնակից կը դառնար Թիֆլիսի մէջ կազմուած ազգային խորհուրդին, որպէս քաղաքական գիտութիւններու փորձագէտ։
1917-ի Փետրուարին Թիֆլիսի մէջ կեանքի կը կոչուի Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը գլխաւորութեամբ ղարաբաղցի Համբարձում Առաքելեանի. հիմնադիր խորհուրդին մաս կը կազմէ Մենտոր Բունիաթեան ու իր կարեւոր ներդրումը կ’ունենայ կուսակցութեան կազմաւորման մէջ, որ պիտի գործէր Թիֆլիսի մէջ կարեւորութեամբ ծրագրելու ազգային խորհուրդի գործունէութիւնը, տարի մը ետք Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակման կազմաւորման համար։
1918 Մայիս 28-ին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք Բունիաթեան դարձած էր տնտեսական խորհրդատուն՝ կազմուած առաջին կառավարութեան վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիին։ Անոնք ծանօթ էին իրարու տակաւին Թիֆլիս գտնուած շրջանին։
Քաջազնունիի երկրորդ կառավարութեան, որ աւելի ընդլայնուած կազմ ունէր՝ ներառելով 4 Ժողովրդական նախարարներ՝ ժողովրդական Արտաշէս Էնֆիաճեանին վստահուած էր ելեւմուտքի նախարարութիւնը, Բունիաթեան յաճախ կը գտնուէր Երեւան ամէն կերպ օգտակար հանդիսանալու նոր կազմուած կառավարութեան իր տնտեսագէտի խորհուրդով։ Իր նպատակն էր բարեկարգման ուղիներ որոնել նորանկախ պետութեան տնտեսական կարգը բարելաւելու համար, այն փորձառութեամբ, որ Բունիաթեան կուտակած էր Արեւմտեան եւրոպական երկիրներէն, մանաւանդ իր մասնագիտական տարիներուն ու անոր յաջորդող շրջանին, երբ կը գտնուէր Սթրազպուրկ որպէս տնտեսագիտութիւն դասաւանդող ու քաղաքական գիտութիւններու կաճառի անդամ։
Դժբախտաբար իր արեւմտատենչ ու ժողովրդավար մօտեցումը անվստահութիւն մը պիտի յառաջացնէր 1919-ի կառավարութեան մօտ, երբ դաշնակցական նախարարներէ բաղկացած կառավարութիւնը զինք անտեսած էր որպէս փորձառու տնտեսագէտ։
1920-ի կէսերուն Բունիաթեան կ’որոշէ հեռանալ Կովկասէն ու հաստատուիլ Ֆրանսա։ Փարիզի մէջ նախ իրեն կ’առաջարկուի այցելու դասախօսի պաշտօն զանազան հիմնարկներէ ներս, դասաւանդելու տնտեսագիտութեան հետ առնչուող դասընթացքներ։
Ազգային կեանքի եռուզեռը ֆրանսահայութեան մօտ առաւելաբար կեդրոնացած էր Փարիզի մէջ, ուր արդէն ազատական ու ռամկավար հոսանքներու միացման հաւաքներ կը գլխաւորէին Արշակ Չօպանեանն ու Աւետիս Թերզիպաշեանը։ Բունիաթեան որպէս հիմնադիր Հայ Ժողովրդական Կուսակցութեան, իր մասնակցութիւնը կը բերէ ժողովրդական սկզբունքներ վայելող զոյգ շարժումներուն։
Չօպանեանի, Էտկար Շահինի եւ Լեւոն Բաշալեանի հետ յաճախ մտերմութեան մէջ գտնուած էր Բունիաթեան ու մօտէն կը հետեւէր Փարիզի մէջ 20-ական թուականներու հասարակական կեանքին։
1925-ին Բունիաթեանին կ’առաջարկուի դասախօսի պաշտօն Փարիզի համալսարանէն ներս։ Իր այս պաշտօնին առընթեր, ան նաեւ լծուած էր հետազօտական աշխատանքի, մանաւանդ համաշխարհային առաջին պատերազմէն վերականգնած երկիրներու տնտեսական կառոյցները բարելաւելու նկատառումով։
1937-ին Բունիաթեան շուրջ տարուայ մը համար կը հրաւիրուի Ժընեւ, աշխատելու Ժընեւի համալսարանի բարձրագոյն միջազգային հետազօտութիւններու հիմնարկէն ներս։
Վերադառնալէ ետք Փարիզ, դասախօսական պաշտօնը կը շարունակէ նոյն համալսարանէն ներս մինչեւ 1940 թուականը, երբ արդէն ծայր տուած համաշխարհային երկրորդ պատերազմը անապահով դարձուցած էր Ֆրանսայի մայրաքաղաքը։
Բունիաթեան կը տեղափոխուի հարաւային Ֆրանսա, ուր յարաբերաբար կարելի կը դառնայ կեդրոնանալ եւ աշխատասիրութիւններ կատարել, որոնք կը վերաբերին քաղաքատնտեսութեան հետ կապուած կարեւոր հարցերու։
1946-ին կը վերադառնայ Փարիզ իր վերլուծումները տնտեսագիտական թէզերու մասին ուսանելի կը դառնան մասնագիտութեան հետեւող ուսանողներու համար։
Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք ստեղծուած ցուրտ պատերազմի սկզբնաւորութեան, տնտեսական ճգնաժամ ապրող կարգ մը Արեւմտեան երկիրներ, որպէս միջոց որդեգրեցին Բունիաթեանի տնտեսական վերլուծումները, որոշակի հաւասարակշռութեան հասնելու համար։ Ֆրանսական տնտեսական գիտութիւններու ընկերութիւնը Բունիաթեանի տնտեսական մօտեցումով վերլուծումները տրամադրելի դարձուցած էին առեւտրական կառոյցներու համար։
Որպէս դասախօս հանգստեան կոչուելէ ետք, երախտաւորը անդամ կը դառնայ կարգ մը տնտեսական կառոյցներու ու Եւրոպայի տարածքին մեծ անունի կը տիրանայ որպէս համաշխարհային մակարդակի տնտեսագէտ մը, իր կատարած տնտեսական յաջողութիւն կերտող վերլուծումներուն համար։
Յառաջացած տարիքին ան հրաւէր կը ստանայ անդամ դառնալու Միացեալ Նահանգներու քաղաքական գիտութիւններու ակադեմիային։
Հակառակ կլանուած ըլլալով իր միջազգային արհեստավարժ տնտեսագէտի հանգամանքով, Բունիաթեան իր մնայուն կապը կը պահպանէր Նիս հաստատուած ՀԲԸ Միութեան հիմնադիր կազմի ընդհանուր տնօրէն Վահան Մալէզեանի հետ՝ առանձնակի իր հետաքրքրութիւնը պահելով ազգային կեանքի նկատմամբ։
Խոր ծերութեան հասած, յարգուած տնտեսագէտը յաւիտեան իր աչքերը պիտի փակէր 92 տարեկան հասակին, Փարիզ, 1969 թուականի Դեկտեմբեր 31-ին։