Լիբանանի Երթեւեկութեան Տագնապը. Անպէտք Եւ Ապարդիւն Վատնուած Ժամեր

Սիրելի ընթերցող բարեկամ, սիրելի քուէարկող,

Այսօր կը փափաքիմ միասին մտածել երթեւեկի անտանելի խճողումին պատճառով մեր ապարդիւն վատնած ժամերուն մասին:

Լիբանանի ընկերային եւ աշխատանքային մեծագոյն տագնապներէն մին դարձած է երթեւեկը: Ան տարուէ-տարի կը շատնայ, կը բարդանայ, մինչ պատասխանատուներ չեն ճգնիր լուծում գտնել: Բոլոր լիբանանցիներս, առանց բացառութեան, կը կրենք խճողումին հետեւանքները, որովհետեւ ոչ միայն Պէյրութի, այլեւ Լիբանանի բոլոր ճամբաներուն առնչուող խնդիր մը եղաւ ան:

Ցերեկային բոլոր ժամերու խճողումը վերջին տարիներուն վերածուեցաւ նաեւ իրիկնային, երբեմն ալ գիշերային խճողումի:

Ցաւալի է, որ մենք ճամբաներուն վրայ, խճողումի պահերուն ինչքան համբերութիւն, ճիգ, պենզին, սուղ ժամանակ, ջիղ կը վատնենք՝ անհամեմատ նուազ արդիւնք ստանալու համար: Խճողումը օդի ապականում, ինքնաշարժներու անտեղի մաշում ալ կը պատճառէ: Մէկ խօսքով՝ նիւթաբարոյական մեծ կորուստ է ան, մինչ լիբանանցիներուս մեծամասնութիւնը առատութեան մէջ չ’ապրիր, նիւթական դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, բայց ստիպուած է իր աշխատանքի կամ հանգիստի ժամերուն մէկ մասը զոհել ճամբաներու խճողումին: Ընտանեկան պտոյտները, փոխայցելութիւնները ծրագրելու ատեն միշտ մտահոգութիւն կը դառնայ հասնիլն ու տուն վերադառնալը:

Սիրելի՛ լիբանանցի, համոզուած եմ, որ, ինչպէս ամէն տագնապ, Լիբանանի երթեւեկութիւնն ալ իր լուծումը ունի: Կարեւոր է սակայն, որ պատասխանատու, լիբնանանցիին կեանքը եւ առօրեան կանոնաւորելու, դիւրացնելու համար ընտրուած երեսփոխանները, նշանակուած պատասխանատուները կամենան կարեւորել այս խնդիրը:

Կամենալը կարենալ է: Եւ կարելի է նորարարական մօտեցումներով, ստեղծագործական քննարկումներով եւ համապատասխան օրէնքներով յաղթահարել այս խճողումը հանգրուանաբար, իսկ առաջին հանգրուանին համար՝ անպայման նուազեցնել անտանելի այս վիճակը:

Ձեր ձայներով երբ հասնիմ խորհրդարան, պիտի սատարեմ երթեւեկութեան տագնապը կարգաւորելու, նուազեցնելու եւ լուծելու ձգտող ծրագիրներու եւ օրինագիծներու յառաջացման եւ որդեգրման:

ԱԼԻՆԱ ԿԻՒԼՎԱՆԷՍԵԱՆ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *