Գիներ. Սպառող Քաղաքացիին Շահերը Պաշտպանող Գրասենեակ

Սիրելի ընթերցող բարեկամ, սիրելի քուէարկող,

Այսօր կը փափաքիմ միասին մտածենք քու եւ իմ, լիբանանցի քաղաքացիին եկամուտին գնողական արժէքին եւ շուկայի գիներու վերիվայրումներուն մասին:

Լիբանանցի ընտանիքին հիմնական մտահոգութիւն դարձած է ընտանիքին ծախսերն ու անդամներուն եկամուտները հաւասարակշռելը, որ տակաւ աւելի խրթին կը դառնայ: Փոքր դիտարկում մը՝ շուկայական գիներուն, ցոյց կու տայ որ մեր ամսականները նուազ համեմատութեամբ աճած են քան՝ շուկային գիները: Այլ խօսքով, մենք այսօր մեր ծանր աշխատանքներուն փոխան թուայնօրէն քիչ մը աւելի կը վարձատրուինք քան ասկէ միքանի տարի առաջ, սակայն մեր այսօրուան եկամուտը որ անցեալի համեմատութեամբ աւելի շատ է, դժբախտաբար չունի գնողական այն ուժը որ ունէր մեր նախկին ամսականը:

Բոլորս յաճախ ականատես կը դառնանք գիներու մագլցումին, մանաւանդ երբ ամսականներու յաւելումի, կամ միջազգային շուկային վրայ վառելանիւթի կամ ինչ որ դրամանիշի մը մագլցում արձանագրուի: Դժբախտաբար, սակայն գիներու այդ վերելքը նոյմն համեմատութեամբ վայրէջք չ’ունենար երբ վերոյիշեալները վայրէջք արձանագրեն:

Նման պարագաներու մեծագոյն տուժողը կը դառնայ լիբանանցի ընտանիքը, որ ոչ միայն սղաճին դէմ չի կրնար պայքարիլ, այլ նաեւ չի կրնար հակադրուիլ վաճառորդներուն յաւելեալ շահ ապահովելու մարմաջին:

Ասոր համար է որ պետութիւնը յառաջացուցած է ընտանիքին սպառողական շահերը պաշտպանող գրասենեակը: Գրասենեակին պարտականութիւններէն միայն մէկն է գիներու հակակշռումը. Միւսը կը վերաբերի սպառողական ապրանքներուն որակին, գործածութեան կեղծ թուականներու զետեղումին եւն.:

Խորունկ համոզումս այն է որ Լիբանանի մեծագոյն խնդիրներէն մին ոչ թէ օրէնքի չգոյութիւնն է, այլ այդ օրէնքին չգործադրուիլը:

Կամենալը կարենալ է:

Ձեր ձայներով երբ հասնիմ խորհրդարան, ճիգ պիտի չխնայեմ վերաշխուժացնելու վերոյիշեալ գրասենեակը, ձեւական գործունէութենէն արդիւնաւէտ գործունէութեան մղելու համար աղմուկ եւ հանրային ուշադրութիւն պիտի հրաւիրեմ այս թերի արդիւնքներով գործող բայց էականօրէն կարեւոր գրասենեակին աշխուժացումին համար: Որովհետեւ կը հաւատամ, որ ուշադիր եւ աչալուրջ վերահսկողութեամբ կրնանք գիներու այս անհաւասարակշիռ չարաշահութիւնները սանձել եւ լիբանանցի ընտանիքին սպառողական ածխքերու եւ եկամուտի հաւասարակշռութիւնը վերահաստատել

Ալինա Կիւլվանէսեան-Տագէսեան
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի թեկնածու

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *