Երկհատորեակ մը Նուէր Պրն. Մուաֆֆաք Հարպին

*Դոկտ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՏԱԳԷՍԵԱՆ*

Յաճախ երբ յոգնած ու սպառած տուն կը վերադառնանք, փոքր բաւարարութիւն մը կ’ունենանք, երբ անդրադառնանք, որ այդ իրիկուն պիտի դիտենք Ատէլ Քարամի յայտագիրը: Ալինան կը հետեւի Ատէլին սրամտութիւններուն, իսկ ես կը ջանամ կշռաչափել, թէ ո՛ւր իր խօսքը սրամիտ ծիծաղ էր եւ ու՛ր չափը անցընելով վերածուեցաւ հեգնանք-ծաղրանքի:

Բնականաբար, սակայն հայկական հարցերով ընդհանրապէս դիւրազգած կը դառնամ:

Երեքշաբթի 27 Մարտ 2018-ի յայտագրին մէջ Ատէլ Քարամ հրաւիրած էր Պրն. Մուաֆֆաք Հարպը, որ Լիբանանի խորհրդարանական յառաջիկայ ընտրութիւններու թեկնածու Տիկ. Փոլա Եագուպեանի (անձնաթուղթով՝ Փոլէթ Եաղուպեան) նախկին ամուսինն է:

Յարգելի հիւրը հրաւիրուած էր, որպէսզի սրամիտ արժեւորումներ կատարէ Մայիս 6-ի Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին:

Ուշագրաւ եւ դիպուկ դիտարկումներ կատարեց ան, բայց երբեմն կարծիքներ ալ յայտնեց փքացուած ինքնավստահութեամբ: Օրինակ՝ թէ՛ Ատէլը եւ թէ՛ ինք քիչ մը չափը անցուցին երեսփոխանական թեկնածու Ֆուատ Մախզումիի հասցէին, կրնամ  ըսել՝ չարաշահեցին իրենց աշխատանքային հանգամանքը: Անկեղծ՝ չեմ ալ գիտեր, թէ այս երկու պարոնները այդ առումով ի՛նչ կ’ընեն: Կ’ակնկալեմ, որ իրենք ալ կ’ընեն:

Յամենայնդէպս, իմ խնդիրս Պրն. Մախզումիի առնչութեամբ այսքան է: Բուն խնդիրս յառաջացաւ, երբ յարգելի պարոնը, «գովելով» խորհրդարանի դաշնակցական (ուրեմն եւ ընդհանրապէս հայ) երեսփոխանները, յայտնեց թէ հանգիստ է անոնցմով, քանի որ անոնց ձայնը չի լսեր խորհրդարանին մէջ: Ու խնդաց:

Ինծի կը մնար խնդալ իր տգիտութեան վրայ, մանաւանդ որ դեռ վեց ամիս չեղաւ, երբ Հայկազեան Համալսարանի հրատարակչատունը հրապարակ հանեց իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեանի աննախընթաց երկհատորեակը, որ նուիրուած է Լիբանանի խորհրդարանի հայ երեսփոխաններու միայն խորհրդարանական ելոյթներուն:

Մարդիկ կրնան չգիտնալ, այսինքն՝ անգէտ ըլլալ: Մեզմէ ոչ ոք շատ բան գիտէ: Բայց երբ մեր անգիտութիւնը իբրեւ դրամագլուխ կը գործածենք, կը վերածուինք տգէտի: Բարոյականօրէն աւելի խոցելի է, երբ մեր այդ  տգիտութիւնը փքուած ես-գիտեմութեամբ կը ծախենք ու կը հեգնենք:

Այդպիսիք ես ողորմելի կը նկատեմ:

Արդ, Պրն. Հարպը իմանալով ձեր աշխատանքային հասցէն, յառաջիկայ օրերուն ձեզի պիտի ղրկեմ Ռուբէն Աւշարեանի On the Record. Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments, Volume I, 1922-1972, & Volume II, 1972-2017  երկհատորեակը, զոր բարձրօրէն գնահատելէ ետք, խորհրդարանի նախագահ Նապիհ Պըրրին, իր ազգակիցներուն ուղղելով խօսքը, ըսեր էր «նորէն հայերը ըրին»:

Ի դէպ, Պրն. Հարպ, երկհատորեակը անգլերէն է, իսկ ելոյթները՝ արաբերէն: Ըսել կ’ուզեմ հայերէն չեն եւ կրնաք կարդալ կամ իմանալ, թէ հայ երեսփոխանները ո՛րքան «լուռ» մնացած են Լիբանանի խորհրդարանին մէջ, եւ թէ կարեւոր է լուռ մնալ, երբ անգէտ ենք:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *