Սիրելի՛ ընթերցող, իբրեւ ՌԱԿ-ի կողմէ առաջադրուած երեք թեկնածուներէն, Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի միակ կին թեկնածուն, այսուհետեւ եւ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ժամկէտը, «Զարթօնք»-ի էջերէն պիտի ներկայացնեմ ընկերային–հասարակական մտորումներս, որոնք կը հանդիսանան ընտրական իմ ծրագրիս հիմքը: Միշտ ալ մտածած եմ ընկերային հարցերու մասին եւ ատոր համար ալ լծուած եմ կրթա–դաստիարակչական առաքելութեան, նաեւ հիմնած եմ ABC Book Club-ը: Երեսփոխանական թեկնածութիւնս առիթ կու տայ այլապէս ալ բարձրաձայնելու ընկերային հարցերու շուրջ ունեցած մտահոգութիւններս եւ ձեր քուէներով յաջողելէ ետք լուծում գտնելու անոնց:
Կը ձգտիմ պետական երեսփոխանութեան որովհետեւ կը հաւատամ հայ կնոջ դերի հզօրացման, անհրաժեշտ կը նկատեմ աւելի շատ կիներու ներկայութիւնը հանրային դիրքերու վրայ եւ որոշում կայացնող մարմիններու մէջ:
Կիներու աւելի մեծաթիւ ներկայութիւնը գրաւական է, որ Լիբանանի մէջ կարեւոր փոփոխութիւններ իրագործուին ընկերային, բարոյական, արդարութեան, իրաւունքներու, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ, որովհետեւ երկրին մէջ խիստ կարիքը կայ նման բարեփոխումներու եւ դրական զարգացումներու:
Համոզուած եմ, որ կնոջ մտասեւեռումները, կարողականութիւնը, հնարաւորութիւնները, մայրութեան ուժը այլապէս ալ պէտք է սատարեն լիբանանահայ եւ լիբանանեան հաւաքականութեան բարելաւման:
Կնոջ աւելի յաճախակի ներկայութիւնը՝ պատասխանատու դիրքերու վրայ, կը նպաստէ սեռերու հաւասարութեան, արդարութեան, մարդասիրութեան աւելի լայն տարածումին եւ արմատաւորումին՝ Լիբանանի ընկերային մեր միջավայրին մէջ:
ԱԼԻՆԱ ԿԻՒԼՎԱՆԷՍԵԱՆ–ՏԱԳԷՍԵԱՆ
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ՌԱԿ-ի թեկնածու