*ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆ*
Հայաստանի մէջ արտագաղթի կողքին վերջին տարիներուն նաեւ հաճելիօրէն կը նկատուի հայրենադարձութեան ալիքը: Բառիս լաւագոյն դրսեւորումներէն մէկն ալ սուրիահայ բժիշկի կեանքի պատմութիւնն է, որ այլեւս ՀՀ-ի լիիրաւ քաղաքացի է:
«Թէեւ հայրենադարձութեանս համար պատերազմը առիթ հանդիսացաւ, բայց հայրենիք վերադառալու ցանկութիւն միշտ ունեցած եմ, սակայն չէ յաջողուած: Շատ ուրախ եմ, որ վերջապէս Հայաստան եմ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին անկեղծօրէն խոստովանեցաւ սուրիահայ հայրենադարձ Խաչիկ Օհանեան:
Խաչիկ Մկրտիչի Օհանեան ծնած է 1959 թուականին: Հալէպի դպրոցը աւարտելէ ետք տեղափոխուած է Հայաստան եւ ընդունուած Երեւանի Մխիթար Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանը: Ուսումնառութեան 10 տարիները անմոռանալի էին անոր համար, որմէ ետք վերադարձած է Հալէպ, հիմնած սեփական բուժարանը, ընտանիք կազմած եւ սկսած է զբաղիլ սիրած աշխատանքով:
Սուրիոյ մէջ բռնկուած պատերազմը խաթարեց կեանքի բնականոն ընթացքը, եւ արդէն կայացած բժիշկը 2016 թուականի Սեպտեմբեր 1-ին կրկին հայրենիք վերադարձաւ: Քանի մը օր անց ան արդէն աշխատանքի անցաւ Թալին քաղաքին մէջ` որպէս տեղի բժշկական կեդրոնի ծննդաբերական բաժանմունքի վարիչ եւ հիւանդանոցի միակ վիրահատող բժիշկ-կնախտաբան: Աշխատանքը մարզային փոքր քաղաքի մէջ թէեւ սկզբնական շրջանին ոչ բարենպաստ եղաւ բժշիկին համար` ոչ այնքան բարենպաստ պայմաններու պատճառով, բայց յարմարած է նոր միջավայրին. արհեստավարժութիւնն ու աշխատանքի նկատմամբ մեծ սէրը օգնած են յաղթահարելու բոլոր դժուարութիւնները:
«Ապրելով օտար ափերու վրայ` մենք մշտապէս հետեւած ենք հայաստանեան կեանքին, եւ վերադարձայ` քաջատեղեակ ըլլալով առկայ դժուարութիւններուն: Երբեք չեմ մտածած այլ երկրի մէջ հաստատուելու մասին, չնայած այդ ամէնուն հնարաւորութիւնը բազմիցս ունեցած եմ:
Երբ աղջկաս առաջարկեցի եղբօր հետ Եւրոպա ուսանիլ, կտրականապէս հրաժարեցաւ` ըսելով, որ չի կրնար ապրիլ քաղաքի մը մէջ, ուր հայեր չկան»:
Երեք սերունդ է արդէն, որ Օհանեանները կը բնակին օտար ափերու վրայ, բայց, պահպանելով հայկական աւանդական ընտանիքի օրինակը, բոլորովին չեն հեռացած ազգային ակունքներէն:
«Շատ հպարտ եմ, որ հայ եմ, հայ անհատներ դաստիարակած եմ եւ կրցած եմ այդ զգացումը փոխանցել իմ զաւակներուս: Ամառը ընտանիքս եւս` կինս երեք զաւակներուս հետ պիտի տեղափոխուին այստեղ. այլեւս մեր կեանքը Հայաստանէն դուրս չենք պատկերացներ»-, զրոյցի աւարտին ըսաւ պատուարժան բժիշկը:
Իսկ այն հարցին, թէ որպէս հայ եւ որպէս մարդ ի՛նչ կը համարէ իր առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, վերջինս հպարտութեամբ ըսաւ, որ իւրաքանչիւր մարդու բարձրագոյն արժէքը մարդ ըլլալն է` անկախ մասնագիտութենէն եւ ազգային պատկանելութենէն, իսկ իբրեւ հայ իմ պարտքս կը համարեմ պահպանել հայու տեսակը եւ իմ կատարած մարդասիրական աշխատանքովս այլեւս ծառայել իմ ազգիս»:
«Հայերն այսօր»