*ՎԱՀԱՆ ՎԱՀԱՆԵԱՆ*
Ֆրանսացիները կ’ըսեն. «Եթէ Փարիզը տեսաք, բայց Գասիսը չտեսաք, բան մըն ալ չտեսաք» (Ֆրանսայէն):
Կրնանք անվարան «Գասիսի գեղանկարիչը» կոչել Մայք Յակոբեանը՝ զինք հասկնալ փորձելով, իր նկարներուն խորագիրները ի մի հաւաքելով եւ անոնց գոյները կարդալով միտիլ դէպի յաւերժութիւն:
Մայք Յակոբեան՝ մերօրեայ ինքնուրոյն նկարիչը, բնութեան բեմադրիչը եւ գոյներու աճպարարը:
Այսպէս, Գասիս, մակոյկներ, զրոյց, Մարսէյլի հին քաղաքը, գնդիկի խաղը (Petanque boules):
Տակաւին մեր հետաքրքրութիւնը չյագեցուցած, յանկարծ ան հսկայ ոստում մը կը կատարէ դէպի Լիբանան՝ անմիջապէս վերադառնալով հոն, ուր կը հանդիպի մէկէ աւելի խաղընկերներու:
Մայք կը շարունակէ գոյներու աշխարհի մէջ իր ոստումները՝ աջ-ձախ ոստոստելով եւ բնութեան գիրկը կրկնակի հանգիստի պահեր ապրելով:
Լիբանան՝ Մաամըլթէյն (ծովափ), Ճունի, խաղողի գինովութիւնը, կապոյտ նաւակը, Լա Ռոզ թաղամասը՝ Մարսէյլի մէջ, Էքս-ան-Փրովանս, դարձեալ Գասիս, Մանարա՝ Լիբանան, Սան Կապրիէլ գետը՝ Լոս Անճելըս, Փասատինայի Գոլորատօ պողոտայի պատմական կամուրջը, Լիբանան՝ Նահր-էլ-Գալպ (Շունին գետը), Գասիս, Մարսէյլ, Լիբանանցիի դիտող աչքերը, հայրը, մայրը, Մարսէյլի հին նաւամատոյցը, եղբայրը՝ Յովսէփը (ահա Յովսէփ, անմահացար…) մէկէ աւելի Vieux Port-ի պատկերներ, Պէյրութ, Գասիս, Մարսէյլ… (նշմարելի է, միայն խորագիրները այցելելով՝ Պէյրութ-Գասիս- Մարսէյլ եռանկիւն մը ստեղծելով կը գոյանայ Մայք Յակոբեանի աշխարհը):
Վերադարձ՝ Գասիս, վերադարձ՝ Մարսէյլ, վերադարձ՝ Լիբանան…
Յանկարծ Սայաթ Նովա եւ իր քամանչան: Ծաղիկներ, ծաղիկներ… Մակոյկներ, ձկնորսներ, փողոցներ, տաճարներ (Նոթրը տամ, Գանըպիէր), պտուղներ, միրգեր, բնանկարներ (նատիւրմորտեր)…
Յանկարծ՝ ցեղասպանութիւն, ոճրագործ Օսմանցին, հայկական ողբերգութիւն, մտերիմ պահեր, յաւիտենական կիթառը, Մայք Յակոբեանի տպաւորիչ նկարները, արեւոտ Գալիֆորնիան, տունին ճամբան, խամաճիկներու խմբակը, լիբանանեան նուագախումբը, դարձեալ ոճրագործ Օսմանը, ջութակահար խամաճիկը, գաւառական երթուդարձը, ինքնանկար (Մայքը՝ իր վրձինով) եւ ծովեզերեայ անմահ պահերը, փորձութիւն՝ մեղք գործելու, անկարելի երազը, մտերիմ ընթերցում, փողահար խամաճիկը, վարդագոյն սենեակը, տիկին Ռէյնըլծ, հին ճամբան, տիկին Թորրես, ամառը՝ Մարսէյլի մէջ, բնութեան երգը, օձապտոյտ արահետը, կամուրջ դէպի արեւ, պարը, վարդագոյն կեանքը, բախտի անիւը, Մարսէյլի պատմական թատրոնը, Գալիֆորնիա, ծովափ, տունին արահետները, լիբանանեան անգութ պատերազմը, Լիբանանի սիրոյն, յաւերժական Լիբանան, գարունը, ճակատագրի պարզ հարուած մը, երաժիշտը, մանուկի մը մահը, անուշ մեղեդին, վաղը ամէն ինչ պիտի լաւանայ, Լիբանանի ազգային քայլերգը, արմաւենիներու երկայնքին, կեանքի համանուագը, հայկական անկախութիւն, 1988-ի Հայաստանի երկրաշարժը, Պետեվի կինը՝ սուրճի գաւաթ կարդալով, գորգի վաճառականները, օ՜հ, ի՜նչ գեղեցիկ օր, անտունիները, լիբանանեան շուկան, լիբանանեան գիւղեր, մայրամուտին՝ պարտէզին մէջ, Ծնունդի Ճրագալոյցը, իսլամական թաղամաս, արեւելեան պազար, յաւերժական սէր, դրախտին մէջ, հրաւէր՝ պտոյտի, արեւելեան բաղնիք, արեւելեան ճանապարհ, հայկական պար, հինաւուրց թաղամաս, գիշերային խաւար, սիրահարներ, բարեկամութիւն, բաժանում, զրոյց, քարափի վրայ շրջագայութիւն, իղձը, իղձերը, միասին՝ կը գոյատեւենք, թախիծ, պտոյտը՝ բնութեան մէջ, ճեմելու հրաւէր՝ Մարսէյլի ծովափին վրայ, կախարդական լոյսը, արեւամուտը, կինը եւ իր գիրքը, Մարսէյլի մէջ յետմիջօրէ՝ գոյներուն հետ խաղալով, իր երգերուն հետ ապշելով, յաւերժութիւն երազելով, գոյներու աշխարհ ստեղծելով, Մայք Յակոբեանի հետ պտոյտի ելլելով, երգելով, ճեմելով, վարդ քաղելով, գոյն բերելով, վազվռտելով ու հիացումէն մահանալով… դարձեալ վերապրելով:
Վերապրելու համար յաւիտենականութիւն երազել՝ այդ վիճակին մէջ անշարժանալով:
Եթէ ինծի հարց տրուէր, թէ ի՛նչ տեսայ Մայք Յակոբեանի ստեղծած բնութեան մէջ, պիտի ըսէի՝ տեսայ պայծառ արեւը, տեսայ գարունը իր վառ գոյներով: Ամէն մէկ պաստառին տրուած ինքնատիպ խորագիր մը՝ արդէն կը ստեղծէ մեծագոյն տարր մը, որ հաւատարմօրէն կը ծառայէ արուեստի էութեան:
Պէտք է սպասել ցուցահանդէսին, աւելի մօտէն ըմբոշխնել կարենալու համար ինքնատիպ Մայք Յակոբեան մը, որ մեզի կու գայ քիչ մը ամէն շրջանակէ:
Մայք արուեստագէտը թէ՛ լիբանանցի է, թէ՛ ամերիկացի, թէ՛ ֆրանսացի եւ թէ՛ ալ ափրիկեցի: Եւ հա՛յ:
Կ’արժէ մօտէն ճանչնալ եւ ընկերանալ Մայքին հետ՝ վայելելու համար անոր զուտ մտերմական կայուն նկարագիրը:
Երանի անոր, որ կրցած է թափանցել Յակոբեանի մտերմական աշխարհը եւ անոր հետ վայելել արուեստի անվերջանալի պահեր՝ սպասելով… առաջին եւ մեծ ցուցահանդէսին:
Ծանօթ._ Գասիս՝ Ֆրանսայի հայահոծ Մարսէյլ քաղաքի հարաւը գտնուող ծովեզերեայ գոհար քաղաք մըն է: Ամէն անգամ որ Մայքին հանդիպիմ, հարց կու տանք իրարու՝ «Գասիս գացի՞ր», կամ՝ «ե՞րբ պիտի երթաս Գասիս»:
Մայք Յակոբեան հրապարակ հանած է պերճաշուք հրատարակութիւն մը՝ իր նկարներու հաւաքածոյով: Ամբողջութեամբ գունաւոր, ընտիր թուղթի վրայ տպուած հոյակապ հրատարակութիւն մը (185 էջ, Տպարան Երեւան): Ստանալու համար դիմել «Երեւան» տպարան (818) 246-2070, «Ապրիլ» գրատուն (818) 243-4112, «Սարդարապատ» գրատուն (818) 500-0790, գրատուն «Պերճ» (818) 244-3830: