Մեր Սիրելի Ընկերոջ Յարութ Գըվրեանի Մահուան Առիթով

Մահը ցաւ կը պատճառէ բնականաբար, իսկ երբ մահացողը սիրելի եւ ծանօթ, մտերիմ բարեկամ է, այդ ցաւը մեր մէջ կը վերածուի կրակի, ինչպէս առածը կ’ըսէ. «Կրակը ինկած տեղը կ’այրէ»: Այդպէս ալ մեր սիրելի ընկերոջ` Յարութին մահը մեր Սիրտերը կ’այրէ։

Թէեւ տարիներէ ի վեր հեռու էինք իրարմէ, սակայն միշտ մնացինք սրտերով կապուած, բաժանումի կարօտով եւ անցեալի յուշերով լեցուած։

Յարութը` մեր սիրելի ընկերը, կենսուրախ, հիւրասէր, ընկերասէր եւ ծառայասէր երիտասարդ էր։

Անոր մահը ոչ միայն մեր հոգիներուն մէջ ծանր կսկիծ է, այլեւ իր յիշատակովը մեզ խորապէս կը յուզէ եւ իր յուշերը վառ կը պահեն մեր սրտերը։

Ի՞նչպէս կարելի է հաւատալ մահուան։ Սակայն ա՛յս է Աստուծոյ տնօրինած կեանքի ընթացքը, որուն մէջ Աստուած դրած է նաեւ «ճակատագիր»-ը։

Յարութիւն Գըվրեան` զաւակը Կիրակոս եւ Մարի Գըվրեաններու։

Ծնած է Պէյրութ 17 Ապրիլ 1949-ին։ Ընտանիքի 5 զաւակներէն աւագն էր։ Տակաւին 18 տարեկանին իր եղբօր` Վարդանին հետ միատեղ արդէն դարձած էին յաջող արհեստաւորներ։ Նախագծողի եւ արդատրելու իր բարձր կարողութեամբ ու հմտութեամբ իրենց «H + V» ընկերութեան պատրաստած ձեռքի շքեղ պայուսակներով դարձան հանրաճանաչ իրենց ասպարէզին մէջ։

1994-ին արժանացած է «լաւագոյն որակ եւ տիզայն» եւրոպական մրցանակին։

1989-ին Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմներուն պատճառաւ հաստատուած է Գանատա։ Հոն եւս կը շարունակէ իր նոյն գործը։ Դարձեալ կը դառնայ յայտնի տիզայնըր:

Ամուսնացած է Արշօ Չարըքեանի հետ։ Ունեցած է երկու զաւակ` Մարիա եւ Հրակ, որոնք դաստիարակած էր հայեցիի եւ ազգասէրի շունչով։

Անողոք մահը մեր սիրելի Յարութը կը բաժնէ իր հարազատներէն, բարեկամներէն եւ զինք միշտ յիշող ընկերներէն։ Կ’ապրէինք իրարմէ հեռու, սակայն միշտ ապրելով անցեալի լաւ յուշերով։ Անողոք է մահը։ Ափսոս, որ իրաւ է…

Աստուծմէ կը հայցենք հոգեկան մխիթարութիւն, համբերութիւն իր հարազատներուն, սիրողներուն, բարեկամներուն եւ ընկերներուն։

Հողը թեթեւ գայ վրադ։

Հանգիստ քու յոգնաբեկ ոսկորներուդ։

Երկնային արքայութեան արժանի ըլլաս։

Սգակիր ընկերդ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *