Մուտք. Ժողովրդավարութիւնը
Ժողովուրդի ներկայացուցիչ ընտրելու գաղափարն ու ընտրական գործընթացը ընդհանրապէս ժողովրդավարութեան հիմքը կազմող սկզբունք է եւ քաղաքակրթութեան չափանիշ:
Մարդկային պատմութիւնը եւ զանազան մշակոյթներ, անցնելով շատ մը հանգրուաններ, ծնած է ժողովրդավարութեան գաղափարը, որ քաղաքական միտքի բարձրորակ իրավիճակ մը կը ներկայացնէ, եթէ ան կիրարկուի՝ ըստ անոր անեղծ փիլիսոփայութեան, յօգուտ ժողովուրդներու յառաջդիմութեան ու մարդկային հաւաքականութիւններու լաւագոյնս կառավարման:
Ընտրապայքար
Հետեւաբար ընտրապայքարը ժողովրդավարութեան կարեւոր հանգրուաններէն մին է, որուն միջոցաւ մարդիկ կամ խումբեր կը ջանան մեծամասնութեան համակրանքն ու վստահութիւնը շահիլ ներկայացնելու համար զանոնք հաւաքականութիւնը կառավարող հաստատութեան մը մէջ: Մինչ ընտրապայքարը որքան առողջ ու արդար է, տուեալ հաւաքականութիւնը այնքան քաղաքակրթուած է:
Լիբանանի Խորհրդարանական ընտրութիւններ
Շուտով խորհրդարանական ընտրութիւններ են շրջանի մէջ հին եւ իւրայատուկ ժողովրդավարութիւն ունեցող Լիբանանի մէջ:
Յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցիլը թէ՛ որպէս ընտրող եւ թէ՛ ընտրուող քաղաքացիական պարտականութիւն է իւրաքանչիւրին համար:
Լիբանանի ընտրական պատմութեան էջերը լեցուն են թէ՛ ժողովրդավարական յաջողութիւններով եւ թէ՛ անոր հիմքի խախտումներով, որոնք իրենց ատենի կամ երկարաժամկէտ անդրադարձը ունեցած են Լիբանանի պատմութեան մէջ:
Լիբանանահայութիւնը եւ ընտրութիւններ
Լիբանանահայութիւնը անմասն մնացած չէ Լիբանանի քաղաքական կեանքէն՝ նկատի ունենալով երկրին համայնքային յատուկ դրութիւնը, որ առիթը տուած է իրեն լիիրաւ մասնակցելու քաղաքական գործընթացի, որ իւրայատուկ իրավիճակ է հայկական սփիւռքի մէջ:
Ընտրական հարցերով թէ այլ, Լիբանանի ներհայկական պատմութեան սեւ էջերը շատ են դժբախտաբար: Բարեբախտութիւնը սակայն այն է, որ մենք կրցած ենք շրջանցել զանոնք շնորհիւ ողջմիտ ղեկավարութեան, որ եկած է փոխարինելու հիները: Վերջին տասնամեակներուն լիբանանահայ քաղաքական կողմերը լաւապէս գործակցած են աւելի քան բնագաւառէ ներս՝ յօգուտ լիբանանահայ համայնքին ընդհանրական շահերուն:
Այս երեւոյթը հպարտառիթ է անշուշտ եւ օրինակելի սփիւռքահայ բոլոր հաւաքականութիւններուն համար:
Մեծամասնական ընդ Համամասնական
Հիմնուելով միասնական եւ համախոհական տրամադրութիւններու վրայ՝ իտէալական պիտի ըլլար, անշուշտ, յառաջիկայ ընտրութիւններուն ներկայանալ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու համախոհական ցանկով մը, Լիբանանի խորհրդարանին մէջ լաւագոյնս ներկայացնելու հայ համայնքը, որ սակայն ակամայ անելի առջեւ գտնուեցաւ՝ նկատի ունենալով ընտրական նոր օրինագիծին պարտադրած խաղին օրէնքները: Լիբանանի ընտրական նոր օրէնքը համամասնական է եւ ոչ մեծամասնական այլեւս: Հետեւաբար մէկ ցանկի վրայ գտնուելու մասին խօսիլը ու անոր ամբողջական յաջողութիւնը ապահովելու երազանքը անհեթեթ է այլեւս՝ հակառակ ազնիւ տրամադրութիւններու: Ի վերջոյ նոր օրէնքն է, որ ինքզինք կը պարտադրէ ամէն բարի տրամադրութիւններու վրայ:
Երեւոյթը առողջ է
Լիբանանահայութիւնը յառաջիկայ Մայիս 6-ի ընտրութիւններուն կ’երթայ տարբեր համաձայնութիւններով ու իրար դէմ ընտրապայքար մղող ցանկերու վրայ: Ժողովրդավարական սկզբունքներով՝ երեւոյթը առողջ է ամէն պարագայի, եթէ, անշո՛ւշտ, մենք գիտնանք խաղը իր օրէնքներով խաղալ: Պէտք է լաւ գիտնալ, որ ընտրապայքարը ժամանակաւոր է մինչ մեր համայնքին խաղաղութիւնը հիմնական: Հետեւաբար անոր բարօրութիւնը բոլորիս պարտականութիւնն է:
Համախոհութիւն անպայման չի նշանակեր ցանկակցութիւն
Երբ ընտրական օրէնքը չ’ապահովեր ցանկակիցներու համատեղ յաջողութիւնը, ապա համախոհութիւնը պէտք է վառ մնայ մեր պարագային, նոյնիսկ երբ տարբեր ցանկերու վրայ կը գտնուինք: Թէկուզ տարբեր ցանկերու վրայ, սակայն, ի վերջոյ, հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդարան մուտքը աւելի ներկայացուցչական է եւ նպատակայարմար կուսակցութիւններուն համար, քան հայկական ներկայացուցչութիւն եւ հիմնաքար չունեցող հայ անհատներու մուտքը հոն, հակառակ անոր որ թեկնածութիւնն ու ընտրուիլը իւրաքանչիւր անհատի քաղաքացիական տարրական իրաւունքն է:
Հայկական Պլո՞ք, թէ տարբեր պլոքներու «հայկականացում»
Գաղտնիք մը չէ, թէ հայկական պլոք մը բառին քաղաքական եւ ուժական իմաստով երկար ժամանակէ գոյութիւն չունի ու երեւի ալ գոյութիւն չունենայ: Իւրաքանչիւր հայկական կուսակցութեան երեսփոխան, բացի զուտ հայկական հարցերէ, վերջին 20 ամեակին ամէն պարագայի կը ծառայէր կամ կը հետեւէր իր պատկանած կամ դաշնակցած աւելի լայն տարողութիւն ունեցող ոչ հայկական պլոքին եւ ինչ կը վերաբերի լիբանանեան քաղաքականութեան, իւրաքանչիւրը բնականաբար ենթակայ էր այդ լայն տարողութեամբ պլոքին ընդհանուր քաղաքականութեան: Այս մասին հակաճառելը հայ ժողովուրդի զաւակներուն ունեցած խելքին վիրաւորանք կը հասցնէ…: Հետեւաբար ընդունելով իրավիճակը՝ ո՞րն է աւելի խելամիտը: Նեղ հայկական, սակայն տկար ու թերեւս նաեւ անկարելի պլոք մը ստեղծելու ջանալ, թէ իւրաքանչիւր հայկական կողմ ներքին համախոհութեամբ մը եւ ինչո՞ւ չէ համադրումով մը, լիբանանեան իմաստով աւելի լայն տարողութեամբ պլոքի մը անդամակցելով այդ աւելի ուժեղ պլոքները կերպով մը զուտ հայկական շահերուն ծառայեցնել…: Ի վերջոյ պատմական հայ պլոքի օրերուն չէ, որ լիբանանահայութիւնը իրագործած է կամ արձանագրած խորհրդարանական լաւագոյն կէտերը հայ ժողովուրդին համար, ինչպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու Հայկական Ծնունդի օրուան Լիբանանի պետական տօներու կարգին անցնիլը…:
Ընտրապայքարը ժամանակաւոր է
Ընտրապայքարը ի վերջոյ խաղ մըն է, որ իր որոշակի վնասները կը բերէ կողմերուն, սակայն քաղաքակիրթ մարդիկ այդ խաղը ազնիւ կը խաղան: Մեր պարագային ալ բնականաբար ընտրապայքարը իր վնասները պիտի հասցնէ, սակայն պէտք է աչալուրջ ըլլանք, որպէսզի այդ վնասները խորունկ չըլլան ու աննպտակ սպիներ չձգեն լիբանանահայութեան մարմնին վրայ, ինչպէս անցեալի արհեստական եւ նաեւ ո՛չ մեր՝ «ցուրտ պատերազմ»ը երկար ժամանակ ձգեց:
Չարատաւորենք ընտրապայքարը
Մեզմէ ոեւէ մէկուն ցաւը ընդհանուրինն է եւ աւելի քան անմտութիւն է իրար ցաւցնել խաղի մը համար, որ պէտք է աւարտի ընտրութիւններու արդիւնքներու հրապարակումով:
Մեծագոյն յաջողութիւնը
Մեծագոյն յաջողութիւնը իրար նուազագոյն ցաւ պատճառելով ու իրարմէ ցաւ կրելով կ’ըլլայ, որ կ’ենթադրէ ողջմտութիւն եւ հանդուրժողականութիւն իրարու հանդէպ: Ի վերջոյ խորհրդարան մտնելու բուն նպատակը բոլորիս ալ համար լիբանանահայութեան ծառայութիւնն է, չէ՞: