Հայաստանի Յաւերժութեան Երաշխիք Միասնութիւնը` Անհաս Փառքի Ճամբայ…

*ՆԱՅԻՐԻ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ*

Բաւ է, հայեր, ցրուած մնաք մատներիս պէս,
Բռունցքուելն է յաւերժութիւնն Հայաստանի։
Յ. Շիրազ

 

Հայ ազգ, հայ ժողովուրդ, հայոց մեծերը, հայերու յայտնագործութիւնները, հայկական մշակոյթ, առաջին քրիստոնեայ երկիր…

Հպարտութիւն առթող այս հնչեղ բառակապակցութիւններուն շարքը կարելի է երկարել, բայց այս բոլորը ի չիք կը դառնայ, երբ որեւէ կերպ՝ խաղաղ պայմաններու մէջ, միասնական դառնալու անհաս իրականութեան առջեւ կանգ կ’առնենք…

Քրիստոնեայ առաջին երկիր…  բայց՝ քանի՞ տեսակ քրիստոնեայ, քանի՞ հոգեւոր առաջնորդ եւ իւրաքանչիւր փաղանգի մէջ ինչքա՞ն պայքար ու առաւել պառակտման տանող քարոզներ,- «այս սարն իմս է, այս բոյնն իմս է…»: Պայքար ու քարոզ ո՛չ թէ յանուն քրիստոնէութեան, այլ յանուն սեփական «սարի», եւ Քրիստոսի կեանքէն շատ հեռու կենսակերպ…

Հայկական մշակոյթ՝ մայրենի… դարձեալ,- «սարը իմս է…», դասական ու նոր ուղղագրութեան պայքար, որ ընդամէնը մի քանի գլխաւոր տարբերութիւններու խնդիր է…

Աւանդական ու Հայաստանեան նորելուկ կուսակցութիւններ… իւրաքանչիւրին մէջ առանձին պառակտում, իսկ իրարու դէմ «սարով» ալ չեն բաւարարուիր… «Այս երկիրը իմս է եւ միա՛յն իմս…» բոլորովին ալ գաղտնի չեն տիրացած ամէն ինչին, շատ բացայայտ՝ նոյնիսկ սահմանադրութիւնը ձեւելով իրենց մարմնի ձեւին համաձայն…

Երկու Հանրապետութիւն… Հայաստանի մէջ յաճախ լսուող նախադասութիւն եւ ո՛չ միայն տեղաբնիկներէն, նաեւ հայրենադարձներէն, «իմ տղաս ինչո՞ւ պիտի երթայ Արցախի համար կռուի»:

Տարածուած Սփիւռք, համայնքներու մէջ պառակտումներ… առաւել պայքար զիրար ոչնչացնելու, քան հայ մնալու…

Համահայկական Խորհուրդի ստեղծում… տարիներու անկատար երազանք… ե՛ւ, ե՛ւ, ե՛ւ…

Հինաւուրց երկրի, պատմական մայրաքաղաքի, «փոքրիկ» քաղաքապետարան… երկկողմանի անյարիր կեցուածք, ուր բերուած նուէրի գարշահոտութիւնը տարածուած է մեր ողջ ազգի միասնութեան անհաս փառքի ճանապարհին…

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *