Արցախը Նախորդ Շաբաթ

*Նորայր Յովսէփեան*
«Զարթօնք»ի Արցախի Աշխատակից

Ալիեւը Պատերազմի՞, Թէ Խաղաղութեան Կը Պատրաստուի

Փետրուար 5-ին Իլհամ Ալիեւ հրամանագիր հրապարակեց Ազրպէյճանի մէջ նախագահական արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու մասին, որուն համաձայն՝ 2018-ի Հոկտեմբերի փոխարէն՝ Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները պիտի կայանան ընդամէնը երկու ամիսէն՝ Ապրիլ 11-ին: Ի՞նչ կը նշանակէր այդ շտապողականութիւնը, Ալիեւ պատերազմի կը պատրաստուի Արցախի՞ մէջ, թէ Պաքուի:

Փետրուար 5-ին Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Ազրպէյճանի մէջ նախագահական ընտրութիւնները կը կայանան նախատեսուածէն մօտ կէս տարի կանուխ: Միաժամանակ, դեռ 2017-ի վերջերուն 2018-ի Հոկտեմբեր 13-ը Ազրպէյճանի մէջ հռչակուած էր ոչ աշխատանքային օր՝ ընտրութիւններու կազմակերպման համար: Ծրագիրները փոխուեցան. Ալիեւ շատերուն համար անսպասելիօրէն յայտարարեց, որ ընտրութիւնները Ապրիլ 11-ին պիտի կայանան: Արցախի Խորհրդարանի փոխնախագահ Վահրամ Պալայեանի կարծիքով, անով Ազրպէյճանի նախագահը պարզապէս կը փորձէ ներքին դաշտին մէջ առաջ անցնիլ  ոչ ցանկալի զարգացումներէն: «Ի վերջոյ, արդէն տեւական ժամանակէ Ազրպէյճան տնտեսական խնդիրներ ունի, ուժանիւթերու գիներու անկումն ալ իր հերթին բացասաբար կ’անդրադառնայ՝ անոր աւելցնելով մօտ 15 տոկոսի հասած գնաճը: Բնականաբար, այս ամէնը բացասական հանրանկար կը ստեղծէ եւ մինչեւ տարեվերջ չեն բացառուիր նոր բարդութիւնները: Հաւանաբար այդ մէկն ալ իր դերը ունեցաւ, որ Իլհամ Ալիեւ արտահերթ ընտրութիւններու երթայ՝ նախատեսուածէն աւելի կանուխ եւ չսպասելով իրավիճակի բարդացման»,- կը մանրամասնէ Արցախի ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Պալայեան:

Փաստացի Ալիեւերը Ազրպէյճանը կը կառավարեն արդէն 45 տարի: Ոչ այնքան տեսանելի, բայց այս պարագային Ազրպէյճանի մէջ հասունցած է որոշակի ընդդիմախօսութիւն, որ ընկերային լարուածութեան հանրանկարին կրնայ որոշակի խնդիրներ ստեղծել Իլհամ Ալիեւի համար: Վահրամ Պալայեան չի բացառեր, թէ, ընտրութիւնները կէս տարի կանուխ կատարելով, Ազրպէյճանի գործող նախագահը, որ նաեւ առաջադրուած է նոր ընտրութիւններուն մէջ, փաստացի կրճատեց ընդդիմադիր ուժերու ու նաեւ ազրպէյճանական սփիւռքի համախմբման հնարաւորութիւնները:

Նոյն կարծիքին են նաեւ Ազրպէյճանի ընդդիմադիրները: «Իլհամ Ալիեւ գիտէր, որ ընդդիմութիւնը կը պատրաստուի երկարաժամկէտ քարոզարշաւ իրականացնել ընտրակեղծիքներուն դէմ, եւ արտահերթ ընտրութիւններ նշանակեց, որպէսզի ընդդիմութեան զրկէ բողոք արտայայտելու, թափանցիկ եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու պահանջ ձեւաւորելու հնարաւորութենէն»,- նշած է Ազրպէյճանի ընդդիմադիր «Ժողովրդական ճակատ» կուսակցութեան առաջնորդ Ալի Քերիմլին: «Իլհամ Ալիեւ այս քայլով կը ցանկայ կրճատել ընտրութիւններուն պատրաստուելու ընդդիմութեան ժամանակը»,- ըսած է «Մուսաւաթ» կուսակցութեան առաջնորդ Արիֆ Գաջիլին: Իսկ Ազրպէյճանի Դեմոկրատական Ուժերու Ազգային խորհուրդը որոշած է պոյքոթել Ապրիլ 11-ին նշանակուած նախագահական ընտրութիւնները:

«Ժամկէտներու խնդիր կ’ունենան ոչ միայն ազրպէյճանցի ընդդիմադիրները»,- կը յիշեցնէ Վահրամ Պալայեան: Միջազգային կառոյցները եւս, ըստ էութեան, Ազրպէյճանի ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն կատարելու համար պատրաստուելու ժամանակ չունին:

Մէկ այլ հետաքրքրական զուգադիպութիւն է, որ Ազրպէյճանի մէջ կատարուող ընտրութիւնները ժամանակագրական առումով կը համընկնին ռուսաստանեան ընտրութիւններուն: Բնականաբար այդ պահուն Արեւմուտքի խոշորացոյցի տակ ու քննադատութիւններու թիրախին յայտնուելու աւելի մեծ նախադրեալ կ’ունենայ Մոսկուան: Իսկ Պաքուն համեմատաբար դուրս կը մնայ ուշադրութենէն:

Թուարկուած գործօններէն իւրաքանչիւրը կրնայ Ալիեւի յանկարծակի որոշումին պատճառը ըլլալ: Արցախի պարագային առաւել հետաքրքրողը այն է, որ Ազրպէյճանի ներքին անկայունութիւնը Արցախի սահմաններուն վրայ նոր լարման չփոխակերպուի: Վահրամ Պալայեանի համոզմամբ՝ այդ հեռանկարը միշտ ալ եղած է եւ կայ, իսկ Ազրպէյճանի մէջ արտահերթ ընտրութիւններ կատարելու հեռանկարը ոչ աւելցուցած եւ ոչ ալ պակսեցուցած է առաջնագիծին վրայ նոր սադրանքներու հաւանականութիւնը:

 

Խումբի Համանախագահները Ստեփանակերտի Մէջ Անգամ Մը Եւս Հաստատեցին, Որ Կարգաւորման Գործընթացը Ուժային Լուծում Չունի

Վերջին նշանակումներէն ետք Մինսկի խումբի եռանախագահները առաջին անգամ Փետրուար 10-ին ամբողջական կազմով այցելած են Ստեփանակերտ: Առաջին հանդիպումը Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ էր: «Անգամ մը եւս պարզուեցան դիրքորոշումները, առանձնակի ուշադրութիւն դարձուեցաւ սարքաւորումներու ներդրումին եւ նշուեցաւ, որ ԵԱՀԿ գործող նախագահի գրասենեակը պէտք է ընդլայնուի: Աւելին, նոր անձնակազմը պէտք է զբաղի մշտադիտարկմամբ՝ աւելի կայուն եւ գործնական ձեւով»,- կը մանրամասնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Պապայեան:

 

Արցախի Հանրապետութեան նախագահը վերահաստատած է պաշտօնական Ստեփանակերտի հաւատարմութիւնը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի շրջանակներուն մէջ՝  շեշտելով բանակցային լիարժէք ձեւաչափի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը եւ Արցախի մասնակցութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման բոլոր հարթութիւններու պարագային: Դաւիթ Պապայեան կը կարեւորէ, թէ հերթական հանդիպումին միջնորդները անգամ մը եւս ամրագրեցին, որ հակամարտութիւնը ուժային լուծում չունի: «Կը կարծեմ, միջազգային հանրութեան այդ յստակ դիրքորոշումը, որ հակամարտութիւնը ուժային կարգաւորման տարբերակ չունի, նաեւ Պաքուի մէջ կ’ընկալեն»,- համոզուած է Դաւիթ Պապայեան՝ անկեղծօրէն ըսելով, որ ինք չի հաւատար, թէ Ազրպէյճանի մէջ պատրաստ են խաղաղութեան: Ասիկա կ’ապացուցէ միջորդներու՝ Պաքու գտնուելու օրը Արցախի սահմանին վրայ Ազրպէյճանի հերթական սադրանքը: «Համանախագահներու տարածաշրջանային այցի ժամանակ Ազրպէյճանը նորէն սադրանքի դիմեց, խախտեց հրադադարի ռեժիմը: Ցաւօք, անդառնալի կորուստ ունեցանք»,- Փետրուար 7-ին առաջնագիծին վրայ հերթական սադրանքը կը յիշեցնէ Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետը: Միաժամանակ, այս անգամ Ազրպէյճանը աւելի հեռուն գնաց: Համանախագահները Երեւանի մէջ լսեցին Իլհամ Ալիեւի դարակազմիկ ելոյթը՝ Երեւանը հայերէն ազատագրելու ծրագիրներուն մասին: Արցախի մէջ այս մէկը կ’ընկալեն որպէս Ազրպէյճանի կողմէ ետքայլ՝ խաղաղ գործընթացէն: «Միջնադարեան այդ մտածողութիւնը, բնականաբար, չի կրնար իր բացասական ազդեցութիւնը չձգել բանակցային գործընթացի վրայ»,- համոզուած է Դաւիթ Պապայեան:

Նոյն օրը՝ Փետրուար 10-ին, Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքին ընդունած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ՊՆ, ՊԲ հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը: Քննարկուած է վերջին շրջանին առաջնագիծին վրայ տիրող ռազմական գործողութիւններուն վերաբերող իրադրութիւնը:

 

Ստեփանակերտի Մայր Տաճարը Կօծուի Հոկտեմբեր 1-ին

12 տարի առաջ Ստեփանակերտի մէջ սկիզբ առաւ Մայր տաճարի շինարարութիւնը Արցախի թեմի առաջնորդի նախաձեռնութեամբ ու Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օրհնութեամբ: Եկեղեցւոյ շինարարութիւնը բաւական դանդաղ կ’ընթանար, քանի որ անոր համար անհրաժեշտ միջոցները կազմուած էին բացառապէս նուիրատուութիւններէ: Սակայն երկար ճամբուն վերջը ահա արդէն կ’երեւի: 2018-ին Ստեփանակերտի Մայր տաճարի շինարարութիւնը կ’աւարտի:

Տրամագիծին մէջ՝ 30 մեթրնոց, 12 նիստերէ կազմուած կանոնաւոր բազմանկեան տեսքով՝ ոչ թէ մեթր առ մեթր, այլ քար առ քար վեր բարձրացած է Ստեփանակերտի Մայր եկեղեցին՝ Աստուածամօր Սուրբ Յովանի մայր տաճարը: 12 տարի առաջ մեկնարկած շինարարութիւնը արդէն իսկ կը մօտենայ աւարտին: Եկեղեցին պիտի ունենայ 35 մեթր բարձրութիւն: «Հիմա գմբէթի կառուցման աշխատանքները կը կատարեն: Ներքնայարկը ամբողջութեամբ պատրաստ է, զանգակատունը եւս: Այս պահուն ունինք երեսպատման աշխատանքներ: Այսուհետ պէտք է կատարենք կառուցման աշխատանքները»,- կը թուարկէ շինարարութիւնը իրականացնող «Ինթեր քաբալ» ընկերութեան աշխատանքի ղեկավար Արսէն Պեճանեանը:

        Ստեփանակերտի մէջ գործող եկեղեցի կայ՝ Սուրբ Յակոբը: Արցախի մայրաքաղաքին մէջ Մայր տաճարի կառուցումը նախաձեռնած է Արցախի թեմի առաջնորդը: Ստեփանակերտի մէջ նման եկեղեցի ունենալը անհրաժեշտութիւն եղած էր տարիներ շարունակ, կը վստահեցնէ թեմակալ առաջնորդը: Մէկ եկեղեցին արդէն իսկ չէր բաւարարեր համայնքի հոգեւոր կարիքները: «Ասոր համոզուելու համար բաւական է մէկ անգամ տօնական օրերուն Ստեփանակերտի Սուրբ Յակոբ եկեղեցի երթալ: Կը տեսնէք, որ եկեղեցին ի վիճակի չէ տեղաւորել բոլոր հաւատացեալները: Մարդիկ հերթի կը կանգնին՝ մոմ վառելու, ալ չեմ ըսեր պատարագին կամ քարոզին մասնակցելու համար: Կը կարծեմ, որ նոյնիսկ այս եկեղեցին պիտի չբաւարարէ Ստեփանակերտի պահանջները: Տաղաւար տօներուն մեր վիճակը նորէն դժուար պիտի ըլլայ»,- կը պատմէ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը:

Եկեղեցին բացառապէս բարեգործական միջոցներով կը կառուցուի: Մեծ նուիրատուներու շարքին են նաեւ Ամենայն հայոց եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանները: Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանը այս ամբողջ ժամանակահատուածին օր առ օր կը հետեւի նուիրատուութիւններու ցանկին ու շինարարութեան ընթացքին: «Եկեղեցւոյ պատին դրուած ամէն քար իր պատմութիւնը ունի, իւրաքանչիւր քար դրուած է որեւէ մէկու նուիրատուութեան արդիւնքով: Ունեցած ենք մեծ նուիրատուներ, ունեցած ենք նաեւ փոքր գումարներ նուիրաբերողներ, ինչպէս՝ Արցախէն ու Հայաստանի Հանրապետութենէն, այնպէս ալ Սփիւռքէն: Եկեղեցին այդ նուիրատուներու շնորհիւ կառուցուած է,- կը մանրամասնէ Արցախի թեմակալ առաջնորդը:- Այսօր ալ կը շարունակուի շինարարութիւնը, այսօր ալ ունինք նուիրատուութիւններ եւ նուիրատուութեան խոստումներ: Մեծ նուիրատուներէն մէկ-երկու հոգի ալ որ իրենց խոստումը կատարեն, տաճարի շինարարութիւնը ամբողջովին կ’աւարտենք: 10-15 օրէն թմբուկը կ’աւարտենք ու կը տեղադրենք տանիքը»:

Գմբէթի եւ տանիքի կառուցումէն ետք շինարարները պիտի անցնին ներքին յարդարման եւ բարեկարգման աշխատանքներուն: Երեւանի քաղաքապետարանի հովանաւորութեամբ՝ եկեղեցւոյ մերձակայ տարածքը պիտի վերածուի զբօսայգիի: Ստեփանակերտի Աստուածամօր Սուրբ Յովանի մայր տաճարը Հոկտեմբեր 1-ին կ’օծուի:

 

Ստեփանակերտ 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *