Խմբագրական «Զարթօնք»ի. Վարդանանց Ոգիով Պաշտպանենք Հայ Դպրոցը

Մինչ այսօր հայ եկեղեցին, հայ դպրոցն ու հայ ժողովուրդի զաւակներս կը տօնակատարենք Վարդանանցը, լիբանանահայ դպրոցը, ինչպէս հայ մշակոյթը Վարդանանցի օրերուն, կանգնած է լուրջ վտանգի դէմ հանդիման:

Ի գին ամէն զոհողութեան տակաւին գոյատեւող լիբանանահայ դպրոցները կրնան հաւաքաբար կքիլ այսօր ամսաթոշակներու հետ կապուած յաւելումներու բեռին տակ, մինչ լիբանանահայ ծնողքը անկար է այդ բեռը մինակը շալկելու:

Վարդանանց հերոսներու ոգեկոչման խոհերուս մէջ այսօր անմասն չէ լիբանանահայ դպրոցը: Կը մտաբերեմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին թուականէս 12 տարի առաջ 2006-ն Հայ Դպրոցի Տարի հռչակելու նախանձախնդրութիւնն ու նախաձեռնութիւնը:

Իր պատգամին մէջ Վեհափառ Տէրը հետեւեալ կէտերուն խորիմաստ սահամանումները տուած էր իր անժամանցելի տեսութիւններուն առընթեր.

Ա. Հայ դպրոցը դարբնոց մարդակերտումի ու հայակերտումի

Բ. Հայ դպրոցը ամրոց հայութեան

Գ. Հայ դպրոցը խարիսխ հայ գաղութին

Դ. Հայ դպրոցը երաշխիք Հայաստանի հզօրութեան

Այսօր լիբանանահայ դպրոցի գոյութիւնը վտանգուած է, հետեւաբար վտանգուած է մարդակերտումի ու հայակերտումի դարբնոցը: Վտանգուած է Վեհաբառին նշած ամրոցը: Խարիսխը տատանումի մէջ է: Վտանգուած գոյութեամբ հայ դպրոցը ի՞նչպէս եւ ինչի՞ երաշխիք ըլլայ:

«Հայ դպրոցին հզօրացումը համազգային առաջնահերթութիւն է»,- բարձրաձայնած էր Վեհափառ Տէրը: Հետեւաբար նաեւ բոլորիս պարտականութիւնը: Հայ հաստատութիւններ, որոնց հովանիին տակ կը գործեն մեր դպրոցները, հայ բարերարներ, հայ ուսուցիչ եւ հայ ծնողք զիրար ամբողջացնող միասնականութեամբ պէտք է դիմագրաւեն այն աղէտը, որ կրնայ շուտով պատճառ դառնալ լիբանանահայ յաւելեալ դպրոցներու փակումին, ինչպէս նաեւ հայ աշակերտութեան արտահոսքին, դէպի նուազ կրթաթոշակներով տեղական փոքր կամ ձրիավարժ վարժարաններ, ինչ որ պիտի խաթարէ մեր սերունդներուն կրթական ուսումնառութեան մակարդակը եւ պատճառ հանդիսանայ ընկերային ու մշակութային ձուլումին ինչ կը վերաբերի ընկերային շրջանակին ու ապագայ ընտրութիւններուն:

Եթէ պիտի պահենք հայ դպրոցը վերոյիշեալ կէտերուն մէջ նշուած կենսականութիւնը ըլլալուն համար, ապա այս մէկը կը պահանջէ հաւաքական զոհողութիւն ու հանդուրժողականութիւն: Հայկական հաստատութիւնները իրենց պիւտճէները հաւասարակշռելու ուղիներ պէտք է որոնեն՝ հեռու ծնողները ծանրաբեռնելէ: Անոնց մրցակցութեան կիզակէտը պէտք է ըլլայ օտար վարժարաններ յաճախող Հայ աշակերտներ ներգրաւելը եւ ո՛չ թէ ստեղծուած ցաւալի իրավիճակէն օգտուելով իրենց քոյր եւ ճակատագրակից հայ վարժարանի կրթաթոշակի յաւելումէն նուազ  գումար մը ճշդելով իրարմէ աշակերտ որսալու հին ու նոր յոռի քաղաքականութիւնը: Հայ բարերարները ազգային պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ աւելի եւս լայն պէտք է բանան իրենց շնորհակալ քսակները: Հայ ուսուցիչը (որ իր կարգին շատ յաճախ ծնողք ալ է) նուազ պահանջկոտ պէտք է ըլլայ, մինչ հայ ծնողքը, ի սէր իր զաւակներուն, նուազ բողոքէ՝ ի տես յաւելումներու այս անխուսափելի իրավիճակին:

Հայ դպրոցը իր ժողովուրդին կը պատկանի: Հայ դպրոցը տունն է հայուն: Կանգո՛ւն պահենք մեր տունը, այնպէս ինչպէս Վարդանանք իրենց կեանքին գնով կանգուն պահեցին հայրենիքը, հայու կրօնքն ու մշակոյթը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *