Վերապատուելի Դոկտ. ՓՕԼ ՀԱՅՏՕՍԹԵԱՆ
Հետեւեալը Հայր Անդրանիկ Ծ. Վ. Կռանեանի «88 + Յաւերժ» Յուշահանդէսին, Վերապատուելի Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանին արտասանած խորիմաստ խօսքին ամբողջութիւնն է:
«Խմբ.»
Յետմահու վկայութիւն տալը երջանկայիշատակ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեանի մտաւորական վաստակին մասին, ինծի այնքան հաճելի է, որքան՝ անոր անկեղծ գրիչը եւ այնքան բարդ է, որքան՝ անոր հոգեմտաւոր աշխարհը:
Կը մաղթեմ, որ սերունդները ընթերցեն ու քննեն անոր հրատարակութիւնները եւ կենսագրագէտները թուեն անոր ձեռքբերումները: Անձնական վկայութիւնները, սակայն, կը բխին հոգեհարազատ ապրումներէ եւ մտքերու հանդիպումէ:
Իմս այսօր այդ անձնականն է:
Հայր Անդրանիկի մտաւորական ներդրումին ու ոճին ծանօթացած էինք որպէս ուսանողներ Հայկազեան Համալսարանի մէջ, ուր ինք մեր գրաբարի ուսուցիչն էր: Դասարանին մէջ ձայնը իրն էր, ժամանակը՝ իրը, դասագիրքը՝ իր հեղինակածը եւ պահը՝ իրը: Սակայն մե՛րն էր հօր մը ներկայութեան, բարեկամի մը համբերութեան, թափանցիկ հոգիի մը ներշնչումին մարմնաւորումը: Եւ իսկապէս, ինչ կը վաստկի մարդ եթէ ամբողջ մտաւորական աշխարհ մը ներկայացնէ բայց հոգիով չփոխանցէ իր ունեցած գանձը:
Իսկական մտաւորականի յատկութիւններէն մենք Հայր Անդրանիկի մէջ ճանչցանք նախ՝ քննող միտքը: Նիւթերը իրեն համար քննութեան եւ հարցադրումի առարկայ էին միշտ: Պատասխանը պատրաստ չէր, այլ պէտք է պատրաստուէր: Անցեալի նիւթը վաւերական չէր եթէ այսօր չքննուէր, կամ անցեալի քննութիւնը չարժեւորուէր:
Մտաւորականը նաեւ ունի վստահութիւն՝ իր մտածելու կարողութեան մասին, չըսելու համար՝ ինքնավստահութիւն: Եթէ ոչ՝ ան անպայման կ’իյնայ այլոց մտքերու խաղափորձին եւ բոլորը գոհացնելու շփոթին մէջ: Վարդապետին մօտեցումներուն եւ արտայայտութիւններուն մէջ բոլորը տեսան ինքնուրոյն միտք եւ իր կարողութեան նկատմամբ բարձրաստիճան վստահութիւն: Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի իր գործակիցները 25 տարուան փորձին ընթացքին ճանչցան անոր ինքնավստահ եւ ինքնուրոյն կեցուածքը, ի գին ամէն հաւանական դժգոհանքի: Այն մտաւորականը, որ բաւարար վստահութիւն չունի իր մտքի արժէքին ու կեցուածքին հաստատութեան, գերութեան աստիճան կը տարուի հանրային կարծիքներէն:
Մտաւորականը ականջ կու տայ այլախոհներու: Համալսարանական իր ասպարէզին մէջ Հայր Անդրանիկ եղաւ նաեւ լսող եւ բոլորին գաղափարները յարգող: Կասկածի մատնուածներու՝ եղաւ ընկեր, միջակութեամբ հմայուածներու նկատմա՛մբ իսկ՝ ընդհանրապէս համբերատար: Ան կրկնեց թէ մարդ իր ազատութեանը մէջ կ’իյնայ մեղքի մէջ եւ պէտք ունի զինք լսողի եւ ուղղողի: Նոյնիսկ երբ ան արտայայտեց ծայրայեղ թուած մտքեր, այդ բոլորը կատարեց պարզութեամբ եւ այլ գաղափարներու տեղ տալով, որովհետեւ մտաւորականութիւնը միայն կը սնանի յարգանքով բոլորին հանդէպ:
Մտաւորականը կը սնանի նիւթերու եւ հետաքրքրութիւններու զանազանութեամբ: Մինչ ան կը խորանայ մէկ նիւթի մէջ, անփոյթ չի վարուիր սակայն առնչակից նիւթերու հետ: Հայր Անդրանիկի հրատարակութիւնները միանման նիւթեր չեն արտայայտեր: Կայ եկեղեցին, պատմութիւնը, լեզուն, ծէսը, ինքնութիւնը, Աստուածաշունչը, երիտասարդականը, հոգեկանը, փորձառականը, քաղաքականը: Երբ կը գրէ մէկուն մասին, գիտակից է մնացեալներուն: Իր ժամանակներու համ տուող մտաւորականը այս իմաստով մեկուսացած ու անհաղորդ մարդը չէ, այլ ընդգրկողն է, մարզերն ու վիճակները՝ միաւորողը:
Մտաւորականը իր միտքը արտայայտելու եւ հոգին արտացոլացնելու համապատասխան լեզուի եւ հմտութեան կարօտ է: Հայր Անդրանիկ եղաւ յստակութեան, ճշգրտութեան եւ բազմալեզու հարստութեան ներկայացուցիչ: Բառարանը իրեն համար մասնագիտական աշխատանք չէր միայն, այլ իր ապրումներուն, մտայղացումներուն եւ առաքելութեան արտայայտութիւնը: Խօսքով, գիրով ու տառով կը ներկայացնէր հարազատութիւն, մասնագիտութիւն եւ նոյնի՛սկ հայրենասիրութիւն:
Յարգուած մտաւորականը նաեւ ինքնաքննադատ է: Հայր Անդրանիկը լաւ ճանչցողները կը վկայեն թէ, ուրիշներու իր կատարած քննադատութիւններուն զուգահեռ ան ունէր կարողութիւնը արտայայտելու ինքնաքննադատ մտքեր եւս: Ինք իր հաւատքի կեանքի կազմաւորման մէջ ունեցած էր անվստահ պահեր, եղած էր նաեւ հաւատքի եւ տրամաբանութեան պայքարի ենթակայ: Ան ազատութեամբ կ’արտայայտուէր եւ կը խորհրդածէր իր տկարութեան մասին:
Վերջապէս, իսկական մտաւորականը տեսիլք ունեցող-առաջադրանք ունեցող անձ է: Այո, ան քննեց ու յաճախ քննադատեց, սակայն միշտ՝ նախաձեռնելու եւ առաջարկելու տրամադրութեամբ: Հայր Անդրանիկ ոչ միայն եղաւ ծրագիր ու միտք մշակող, այլեւ մինչեւ վերջը մնաց խանդավառ՝ իր առաքելութեամբը:
Տակաւին կայ շատ ըսելիք: Սակայն վախնամ, որ կարծենք թէ կատարեալ մտաւորական մը կը ներկայացնեմ այսօր: Հայր Անդրանիկ մարդ էր: Կատարեալ չէր կրնար ըլլալ: Սակայն արդար է վկայելը թէ ան միայն միտք չէր, այլ՝ ուղղամիտ: Ան միայն հոգեւորական չէր, այլ՝ հոգիով ապրող: Ան միայն գրագէտ չէր, այլ նաեւ մարդկային եւ հայկական մշակոյթի սպասաւոր: Ան միայն ընկերասէր չէր, այլ մարդասէր: Ան միայն վարդապետ չէր, այլ բոլորին հաւասար, անկեղծ ընկեր:
Իր խօսքերով՝ «Ինչպէս ալեկոծեալ նաւը փոթորիկէն դուրս գալով կը մտնէ խաղաղ նաւահանգիստ, մարդու հոգին ալ իր հանգիստը կրնայ գտնել ճշմարտութեան նաւահանգիստին մէջ»:
ՀԿՄ Արարատեան Սրահ
20.01.2018