Արձագանգներ Առօրեայէն. Տոկոսներու Բարձրացումներ եւ Ոչ ՄիայնԱրձագանգներ Առօրեայէն Տոկոսներու Բարձրացումներ եւ Ոչ ՄիայնԱրձագանգներ Առօրեայէն Տոկոսներու Բարձրացումներ եւ Ոչ Միայն[:es]Արձագանգներ Առօրեայէն Տոկոսներու Բարձրացումներ եւ Ոչ Միայն[:ar]Արձագանգներ Առօրեայէն Տոկոսներու Բարձրացումներ եւ Ոչ Միայն

Ճեպազրոյց մը Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան Նախկին փոխ-կառավարիչ՝

Պրն. Մկրտիչ Պուլտուքեանի Հետ

Լիբանանի դրամատուներու մէջ վերջերս նկատելի է տոկոսներու բարձրացում մը թէ՛ լիբանանեան եւ թէ՛ Ամերիկեան տոլարով պանքային աւանդներու վրայ:

Այս նիւթին շուրջ կարճ զրոյց մը ունեցանք Պրն. Մկրտիչ Պուլտուքեանի հետ՝ փորձելով հարց տալ, թէ այս երեւոյթը ոեւէ կապ ունի՛ անցեալ ամիս Ֆետերալ Ռիզըրվի կողմէ ամերիկեան տոլարով աւանդներու վրայ տոկոսի բարձրացումի որոշումին հետ:

Պրն. Պուլտուքեան պատասխանեց, ըսելով որ ինք անձնապէս ուղղակի կապ մը չի տեսներ այս երկուքին միջեւ պարզ այն պատճառով, որ Լիբանան ուղղակիօրէն կապուած չէ Ֆետերըլ Ռիզըրւին հետ այնպէս, ինչպէս կապուած են Լոնտոն, Եւրոպա կամ այլ երկիրներ:

Լիբանանի մէջ դրամատնային տոկոսներու բարձրացումը մեր յարգելի զրուցակիցը կապեց այլ ազդակներու, ինչպէս՝

Քանի մը ամիս առաջ Վարչապետի հրաժարումով լիբանանեան շուկայի մէջ ստեղծուած մտահոգիչ իրավիճակին, երբ լիբանանցիք սկսան իրենց լիբանանեան դրամանիշով գումարները տոլարի վերածել: Այդ օրերուն Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը ստիպուած եղաւ քանի մը միլիառ տոլար շուկայ իջեցնել հաւասարակշռելու պահանջը եւ լիբանանեան դրամանիշի արժէքը կայուն պահելու համար: Այդ պատճառով լիբանանեան աւանդներու վրայ դրամատնային տոկոսը աւելցաւ քաջալերելու մարդոց իրենց աւանդի գումարները լիբանանեանով պահ տալ դրամատուներուն:

Երկրորդ ազդակը, որ մասնագէտ մեր զրուցակիցը նշեց, Տուպայի երեւոյթն է, որուն դրամատուները  համեմատաբար բարձր տոկոսներ կու տան ներգրաւելու արաբական դրամագլուխը: Այս պատճառով Լիբանան ստիպուած է մրցիլ Տուպայի հետ՝ չկորսնցնելու իր դրամատուներուն մէջ պահ դրուած արաբական դրամագլուխը, որ շատ կենսական է Լիբանանի համար:

Երրորդ ազդակը պարտատոմսերն են: Կեդրոնական Դրամատունը կարենալ ֆինանսաւորելու համար Լիբանանի 80 միլիառ տոլարի պարտքը՝ պարտատոմսերու վրայ տոկոսը բարձր նշանակած է՝ քաջալերելու համար լիբանանցիք կամ օտարներ  լիբանանեան դրամանիշով թէ տոլարով երկար ժամկէտով պարտատոմսեր գնել:  Լիբանանեան դրամատուները, օգտուելով Կեդրոնական Դրամատան պարտատոմսերու բարձր տոկոսի առիթէն, իրենք ալ այդ պարտատոմսերէն կը գնեն, որովհետեւ դրամատուներուն մէջ կայ շուրջ 170 միլիառի հասնող աւանդներ, որոնք միշտ ալ կարելի չէ արտաքին շուկային մէջ ներդրել:

Մեր հարցումին թէ Ամերիկայի եւ Լիբանանի մէջ տոկոսներու բարձրացումը նաեւ կապուած չէ՞ հաւանական դրամական ուռուցումը (inflation), ԱՄՆ-ի պարագային, զսպելու հետ: Պրն. Պուլտուքեան կատակեց՝ ըսելով, որ Համալսարանական տեսութիւնները միշտ ալ չեն համընկնիր իրական շուկային հետ, որ շատ յաճախ տարբեր տրամաբանութեամբ կ’ընթանայ: Ամերիկեան դրամական մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս՝ Wall Street (որ ամերիկեան տոլարի վրայ երկար տարիներու ցած տոկոսէն մեծ շահեր ապահովեց, երբ մարդիկ նախընտրեցին սակարանային շուկայի (stock-market) մէջ շահագործել իրենց դրամագլուխը, որովհետեւ այս ձեւով աւելի կարելի է շահիլ, քան չնչին տոկոսով մը իրենց գումարը դրամատան պահ տան: Ուրեմն նման դրամատիրական ընկերութիւններ, դաշնակցելով Federal funds-ի հետ, իրենք են, որ ստանձնած են խաղը, հետեւաբար ամէն բան կախեալ է անոնց քաղաքականութենէն:

Եզրափակելու համար, երբ հարցուցինք, որ այս առումով ապագայի նկատմամբ ի՞նչ կանխատեսութիւն ունի ինք: Պրն. Պուլտուքեան չուզեց կանխատեսել՝ Լիբանանը նկատելով ո՛չ կայուն եւ անառողջ երկիր այս իմաստով եւ ան տնտեսական կայունութիւնը կապեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական կայունութեան հետ, որ կենսական է ամէն տնտեսական վտանգ կանխելու համար:

«Խմբ.»

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *